Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԻՐԱԳՈՐԾԵՆՔ ԱՅՍ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐՈՒԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
1 1994–ի ծառայութեան տարին Սեպտեմբեր 1–ին սկսելով, հիմա յարմար ժամանակն է մեր բոլորին համար որպէս Եհովայի ժողովուրդ որ մեր մտքերուն մէջ յստակօրէն հաստատենք ինչ կ’ուզենք իրագործել որպէս անհատներ եւ որպէս կազմակերպութիւն այս նոր ծառայութեան տարուան ընթացքին։
2 Շարունակեցէք Հոգեւորապէս Աճիլ. Եթէ վերջերս սկսանք ճշմարտութեան հետ ընկերակցիլ, պէտք է փափաքինք հաւատքին մէջ զօրաւոր ըլլալ։ (Եբր. 6։1–3) Իսկ եթէ արդէն հոգեւորապէս զօրաւոր ենք, ոչ միայն պէտք է նորեկներուն եւ ուրիշներու օգնենք, այլ նաեւ պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք մեր հոգեւորականութեան, երբեք չզգալով թէ ձեռք ձգած ենք Աստուածաշունչի անհրաժեշտ ամբողջ գիտութիւնը եւ փորձառութիւնը Քրիստոնէական ապրելակերպին մէջ։ Օրուայ համարը նկատի կ’առնե՞նք, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագրին մէջ ցոյց տրուած Աստուածաշունչի ընթերցումի յայտագրին կը հետեւի՞նք եւ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան եւ Դիտարանի Ուսումնասիրութեան համար կը նախապատրաստուի՞նք։ Ատիկա պէտք է նուազագոյն նպատակակէտն ըլլայ մեր բոլորին համար։ Պէտք է շարունակենք հոգեւորապէս աճիլ եթէ կ’ուզենք վերապրիլ այս իրերու չար դրութեան կործանումէն եւ մտնել Աստուծոյ նոր աշխարհը։—Բաղդատել Փիլիպպեցիս 3։12–16։
3 Հոգեւորապէս Մաքուր Մնացէք. Որպէսզի լիովին ընդունելի ըլլանք Եհովայի առջեւ, պէտք է «մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ» մաքրուած ըլլանք։ (Բ. Կորն. 7։1) Անգամ մը որ մաքուր ենք, ինչո՞ւ պիտի ուզենք դարձեալ այս չար հին աշխարհի ‘ցեխի մէջ թապլտկիլ’։ (Բաղդատել Բ. Պետրոս 2։22)։ Պէտք է վճռական ըլլանք հոգեւորապէս զօրաւոր ու մաքուր մնալու։ Այն ատեն անգիտակ պիտի չըլլանք Սատանայի չար հնարքներուն առնչութեամբ եւ խաբուինք, մեղքին մէջ իյնալով ու Եհովայի հաճութիւնը կորսնցնելով։—Բ. Կորն. 2։11
4 Իմաստուն Խրատին Ուշադիր Եղէք. Առակաց 15։22–ը կը նշէ. «Խորհրդատուներու շատութիւնովը [իրագործում կայ]»։ Բայց յիշեցէք թէ այս խօսքը ըսողը՝ Սողոմոն՝ հետագային թոյլ տուաւ որ ‘իր կիները իր սիրտը օտար աստուածներու դարձնեն’, քանի որ թերացաւ ուշադրութիւն ընծայելուն մէջ Աստուծոյ խրատին օտար կիներ չառնելու մասին։ (Գ. Թագ. 11։1–4) Ուստի եթէ անձամբ ուշադիր չըլլանք իմաստուն խրատին, ինչպէ՞ս կրնանք ակնկալել որ Եհովայի ծառայութեան մէջ ազդեցիկ ըլլանք կամ ընդօրինակուելու արժանի օրինակ մը հանդիսանանք։ (Ա. Տիմ. 4։15) Աստուածաշունչի խրատը պիտի օգնէ մեզի մեր սիրտը պահպանելու։ (Առ. 4։23) Ստոյգ պաշտպանութիւն են Եհովայի սիրածը սիրելը, անոր ատածը ատելը, անոր առաջնորդութիւնը յարատեւ փնտռելը եւ անոր հաճելի եղածը ընելը։—Առ. 8։13. Յովհ. 8։29. Եբր. 1։9
5 Եհովայի մեր պաշտամունքը մեքենական բան մը չէ, ոչ ալ աշխարհի մէջ դաւանեալ Քրիստոնեաներու աստուածպաշտութեան նման, այլ՝ հոգիով է, գործունեայ ու կենդանի է Աստուծոյ Խօսքին ճշմարտութեան համաձայն։—Յովհ. 4։23, 24
6 Աստուծոյ կամքը ընելու մեր հաստատամտութիւնը կրնայ ամէն օր քննութեան ենթարկուիլ։ Պէտք է զօրանանք գիտնալով թէ մեր բոլոր եղբայրները նոյնանման փորձութիւններ կը դիմագրաւեն եւ թէ Եհովան է որ մեզ ուժեղ պիտի դարձնէ։ (Ա. Պետ. 5։9, 10) Այսպիսով ամբողջովին կարող պիտի ըլլանք մեր ծառայութիւնը իրագործել 1994–ի ծառայութեան տարուան ընթացքին։—Բ. Տիմ. 4։5