ԴՈՒՔ ՁԵԶ ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ԶՕՐԱՒՈՐ ՊԱՀԵՑԷՔ, ԵՀՈՎԱՅԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄԱՔՈՒՐ ՄՆԱՑԷՔ
1 Եսայեայ 60։22-ի մէջ, Եհովա խոստում մը տուաւ որ մեր աչքերով կը տեսնենք անոր կատարումը. ‘‘Քիչուորը՝ հազարաւոր ու պզտիկը մեծ ազգ պիտի ըլլայ. ես Տէրս իր ժամանակին պիտի կատարեմ ասիկա»։ Երբ ազգի մը մասին կը մտածենք, կը պատկերենք մարդոց մեծ խումբ մը, որ հասարակաց շահերով իրարու քով հաւաքուած են եւ սահմանադրական կառավարութեան մը իշխանութեան ներքեւ կը գործեն։
2 1991-ի դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը ցոյց տուաւ 4,278,820 բարի լուրի հրատարակիչներու գագաթ մը համայն աշխարհի մէջ, 6.5 առ հարիւր յաւելում մը անցեալ տարուան վրայ։ Եհովա իսկապէս հաւաքած է անկեղծ մարդոց մեծ ամբոխ մը, որ կը փափաքի ինքզինք անջատել այս հարստահարիչ դրութենէն եւ իր Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի՝ Մեսիական Թագաւորութեան կառավարութեան հաւատարիմ հպատակը ըլլալ։ Տարիէ տարի հաւաքուած անհատներուն թիւը կը շարունակէ աւելնալ։ Կ’ուրախանանք այս ազգին մէկ մասն ըլլալով, որ կարելի է բառացիօրէն նկարագրուի որպէս նոր աշխարհի ընկերութիւն մը։ 1991-ի Յիշատակատօնի տօնակատարութեան՝ 10,650,158 անհատներ ներկայ եղան, 7 առ հարիւր յաւելում մը 1990-ին վրայ։ Ասիկա կը ներկայացնէ մեծ կարելիութիւն մը, որ աւելի շատեր մեզի միանան որպէս Թագաւորութեան հպատակներ։
3 Անշուշտ կը գիտակցինք թէ ոչ բոլոր անհատները, որոնք պարփակուած են վերոյիշեալ Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն թիւին մէջ, իրենք զիրենք անջատած են այս աշխարհէն պէտք եղած չափով որ լման կերպով ընդունուին որպէս Եհովայի ժողովուրդին մէկ մասը։ Բոլոր ազգերէն մարդիկ ‘հեղեղի պէս կը դիմեն Եհովայի տունը’, բայց անոնք պէտք ունին ‘իր ճամբաները լիովին սորվիլ’ այնպէս որ կարենան ‘անոր շաւիղներուն մէջ քալել’։ (Եսա. 2։2-4) Աւելի քան չորս միլիոն անհատներ, որոնք Յիշատակատօնին ներկայ եղան, ընդունեցին Աստուծոյ հրահանգը, ձեռք ձգելով այնպիսի հոգեւոր զօրութիւն մը որ զիրենք մղեց մաքուր վարմունք մը պահպանեն ու որակելի ըլլան բաժին բերելու Թագաւորութիւնը քարոզելու գործին մէջ, որ ներկայիս կը կատարուի։ (Մատթ. 24։14) Այսպիսիները լաւ կեցուածք մը ունին Եհովայի առջեւ եւ իրենց մատչելի դարձուցած բոլոր հոյակապ հայթայթումներուն օգուտները կը վայելեն։ Մնացեալ վեց միլիոնէ աւելի անհատները ի՞նչ պէտք է ընեն եթէ կ’ուզեն նմանապէս հոգեւորապէս զօրաւոր ու մաքուր ըլլալ Եհովայի ծառայութեան համար։
4 Անոնք պէտք է պայքարին հաւատքին համար։ (Յուդա 3) Անմիջապէս որ անոնք ընտրեն քալել Եհովայի ճամբուն մէջ, Սատանային կողմէ ճնշումի տակ կու գան՝ փորձութիւններու, հրապոյրներու, եւ գէշ ազդեցութիւններու միջոցաւ։ Պօղոսի նման, պէտք է Եհովային նային զօրութեան համար որ տոկան։ (Փիլպ. 4։13) Եհովա այսպիսիներուն զօրութիւն կու տայ անոնց միջոցաւ որոնք արդէն հաւատքին մէջ զօրաւոր եղած են։ Պօղոս խրատեց թէ ‘‘մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք’’։ (Հռովմ. 15։1, 2) Երբ զօրաւորը եւ տկարը կը միանան, ուժ կ’ըլլայ հաստատօրէն կենալու։ ‘‘Երկուքը մէկէն աղէկ է . . . Եթէ մէկը անոնց բռնութիւն ընէ, երկուքը կրնան անոր դէմ դնել’’։—Ժող. 4։9, 12
5 Ասիկա կը նշանակէ թէ նորեկները իրաւացիօրէն մեր վրայ կը վստահին որպէս միջոց որով կրնան ուժ ստանալ Եհովայէն։ Մեզմէ անոնք որոնք նուիրուած Քրիստոնեաներ են, պէտք է մենք մեզ հոգեւորապէս զօրաւոր պահենք եթէ պիտի օգնենք նորեկներուն։ Այն Քրիստոնեաները որոնք զօրաւոր են կարող են ‘հոգեւոր շնորհքներ հաղորդել’, որու հետեւանքն է ‘փոխադարձ քաջալերութիւն մը’։ (Հռովմ. 1։11, 12) Ասիկա հիմնական կերպերէն մէկն է զոր Եհովա կը գործածէ մեզ միացնելու ու մեր բոլորին ‘հիմնելու ու զօրացնելու’։—Ա. Պետր. 5։9-11
6 Մեր նպատակակէտը պէտք է ընենք օգնել այս նորեկներուն մինչ միեւնոյն ժամանակ կը շարունակենք գիտակցիլ մեր հոգեւոր կարիքներուն։ (Մատթ. 5։3) Հոգեւորականութիւնն է մեր զօրութեան բանալին։ Ասիկա յատկութիւն մըն է զոր պէտք է սնուցանել ու ամրացնել հոգեւոր սնունդը կանոնաւորաբար իւրացնելով։ Իր կազմակերպութեան միջոցաւ, Եհովա կը հայթայթէ հաւասարակշռուած յայտագիրներ իր Խօսքը ուսումնասիրելու համար։ Շաբաթական հինգ ժողովները կենսական դեր մը կը խաղան մեզ զօրացնելու, ‘‘սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով’’։—Եբր. 10։24
7 Այս ժողովներուն օգուտները կը բազմապատկուին երբ անոնց կ’ընկերակցին անձնական ու ընտանեկան ուսումնասիրութիւններու լաւ սովորութիւններ։ Որպէս նուազագոյն նպատակակէտ, բոլորս ալ պէտք է օրուան համարը կարդանք ու խոկանք անոր մասին, Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի Յայտագրին մէջ որոշուած Աստուածաշունչի ընթերցումի յայտագրին հետ քայլ պահենք, եւ Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան ու Դիտարանի Ուսումնասիրութեան համար նախապատրաստուինք։ Իւրաքանչիւր ընտանիք պիտի որոշէ թէ ինչպէ՛ս ատիկա պիտի կազմակերպուի, վստահ ըլլալով թէ ատիկա կանոնաւոր կերպով պիտի կատարուի։ Նաեւ, ընտանիքին հայրը պէտք է յարմարցնէ ուսումնասիրութեան յայտագիրը գոհացում տալու ընտանիքին մասնայատուկ հոգեւոր կարիքներուն։ Այս կերպով՝ ‘տունը կը շինուի ու կը հաստատուի’։ (Առակ. 24։3) Եթէ խղճամիտ ենք մեր ուսումնասիրելու սովորութիւններուն մէջ՝ որպէս անհատներ եւ որպէս ընտանիքներ, կրնանք վստահ ըլլալ թէ Եհովան պիտի օրհնէ մեզ ու իր հոգին պիտի օգնէ մեզի որ այլազան փորձութիւններու յաջողութեամբ տոկանք։—Յակ. 1։2, 3. Ա. Պետր. 4։11
8 Մաքուր ու Անմեղադրելի Մնացէք. Մինչ Եհովան ջերմօրէն կը հրաւիրէ մեզ իրեն մօտենալու, միեւնոյն ժամանակ, յստակ կը դարձնէ թէ ասիկա կը կատարուի Յիսուսի թափած արեան հանդէպ մեր ընծայեած հաւատքին հիման վրայ, որ ‘‘մեզ ամէն մեղքէ կը սրբէ’’։ (Ա. Յովհ. 1։7. տեսնել նաեւ Եբրայեցիս 9։14)։ Կրնանք շարունակել մեր հաւատքը զօրացնել՝ անձնական ուսումնասիրութեամբ Աստուծոյ Խօսքին եւ կիրարկելով ինչ որ կը սորվինք։ Ոմանք ետքը կը պարտուին քանի որ կա՛մ կը ձախողին հոգեւոր սնունդը ստանալուն մէջ եւ կամ անոնք քիչ ջանք կը թափեն զանիկա իրենց կեանքին մէջ կիրարկելու։ Ասիկա կը ձգէ որ անպաշտպան ըլլան Սատանայի յարձակումներուն նկատմամբ։ Ոմանք հոգեւորապէս տկար եղան, ինչ որ անգործունէութեան առաջնորդեց։ Ցաւալիօրէն, ուրիշներ թոյլ տուին իրենց անձերուն որ տեղի տան լուրջ յանցագործութեան, պատճառ ըլլալով որ վտարուին։ Պօղոս ազդարարեց. ‘‘Ան որ կը սեպէ թէ հաստատուն կեցած է, թող զգուշանայ որ չըլլայ թէ իյնայ’’։ (Ա. Կորնթ. 10։12) Եթէ յամառօրէն անտեսենք ուսումնասիրութիւնը, ժողովներուն ներկայ գտնուիլը, եւ ծառայութիւնը, պիղծ ազդեցութիւններն ու փորձութիւնները դիւրաւ կրնան մեզ ծուղակը ձգել։—Եբր. 2։1. Բ. Պետր. 2։20-22
9 Անհրաժեշտ է որ մենք մեզ մաքուր պահենք ամէն կերպով՝ ֆիզիքապէս, մտաւորապէս, հոգեւորապէս, եւ բարոյապէս։ (Բ. Կորնթ. 7։1) Մեզ շրջապատող աշխարհը ամէն օր աւելի խեղաթիւր ու նուաստացած կ’ըլլայ։ Սատանան կը յարատեւէ մէջտեղ բերել ա՛լ աւելի խաբեբայ կերպեր մեզ որոգայթի մէջ ձգելու։ Մենք մեզ հոգեւորապէս զօրաւոր պահելը կ’երաշխաւորէ թէ ‘‘անոր խորհուրդները գիտենք’’։ (Բ. Կորնթ. 2։11) Եհովայի կազմակերպութենէն մեր ստացած հրահանգն ու խրատը մեզ կարող կը դարձնեն գէշ ազդեցութիւններուն գիտակցելու ու դէմ դնելու։
10 Անոնք որոնք ժողովքին մէջ առաջնորդութիւնը կ’առնեն պատասխանատուութիւնը ունին ուրիշներու համար լաւ օրինակ մը հանդիսանալու՝ իրենք զիրենք զօրաւոր պահելով ու մաքուր մնալով։ Պօղոս շեշտեց այս պատասխանատուութիւնը երբ ըսաւ. ‘‘Յիշեցէ՛ք ձեր առաջնորդները . . . անոնց վարմունքին վախճանին նայելով իրենց հաւատքին նմանեցէք’’։ (Եբր. 13։7) Կենսական բան մըն է որ նշանակուած երէցներն ու օգնական ծառաները օրինակելի ըլլան իրենց անձնական վարմունքին մէջ ինչպէս նաեւ հոգ տանելուն մէջ իրենց պատասխանատուութիւններուն որպէս ընտանիքի գլուխներ։ Անոնք պէտք է մաքառին երիտասարդ Տիմոթէոսին պէս ըլլալու, որու քաջալերութիւն տրուեցաւ որ օրինակ ըլլայ ‘‘խօսքով, վարմունքով, սիրով, հաւատքով եւ մաքրութեամբ’’։ (Ա. Տիմ. 4։12. Ա. Պետր. 5։3) Մեզմէ բոլոր մնացածները կը մասնակցին այս պատասխանատուութեան որ լաւ օրինակներ հանդիսանան պատուաւոր վարմունք պահպանելով։ Նորեկները յաճախ կը դատեն ճշմարտութիւնը, ինչպէս նաեւ Եհովայի կազմակերպութիւնը, այն բանով զոր կը տեսնեն մեր մէջ։ Կ’ուզենք վստահ ըլլալ թէ ինչ որ կը տեսնեն զիրենք կը քաջալերէ որ իրենց տեղը առնեն Եհովայի մաքուր կազմակերպութեան մէջ։
11 ‘‘Մեծ նեղութենէն’’ վերապրելու համար հաւաքումը կը շարունակէ թափ ստանալ։ (Յայտ. 7։14) Միայն անոնք որոնք հոգեւորապէս զօրաւոր կ’ըլլան ու իրենք զիրենք մաքուր կը պահեն, ի վերջոյ պիտի վերապրին։ Շատ բան կախեալ է այս ազդակներէն. (1) անձնական ուսումնասիրութեան լաւ սովորութիւններ պահպանել եւ Աստուծոյ Խօսքին վրայ խոկալ. (2) անձնական հարազատ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել իրարու հանդէպ, փափաք ունենալով քաջալերութիւն տալու. եւ (3) միութեամբ միասնաբար աշխատիլ մաքուր վարմունք մը պահպանելու, որ Եհովայի անունը պիտի պատուէ։ Այս բաները կատարելը մեզի պիտի ապահովէ Եհովայի օրհնութիւնն ու պաշտպանութիւնը երբ այս աշխարհը հասնի իր վախճանին։ Կրնանք վստահ ըլլալ թէ պիտի գտնուինք ‘այն հաւատացեալներուն մէջ որոնց Եհովան կը պահէ’։—Սաղմ. 31։23