ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ԱՊՐԻԼ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Ապրիլ 6-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 162
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութենէն։ «Ապրիլ Ամիսը Մասնաւոր Ամիս մը Պիտի Ըլլա՞յ Ձեզի Համար»։ Շեշտեցէք շուտով յանձնել օժանդակ ռահվիրայութեան որեւէ դիմումնագիր։ Նաեւ, քաջալերեցէք իրիկուան վկայութիւնը, եւ ծանուցանեցէք տեղական կարգադրութիւնները որոնք թերեւս եղած են։ Շեշտեցէք տեղական Յիշատակատօնի տօնակատարութեան ժամանակն ու վայրը։
15 վյրկ. «Բարի Լուրը Հրատարակեցէք Դիտարանը Գործածելով»։ Հարց պատասխանով յօդուածը նկատի առնել։ Եղբայրները քաջալերեցէք որ խորապէս մտածեն այն անհատներուն մասին, որոնք հարազատ հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան գրականութիւններուն նկատմամբ եւ կարելի է որ ուրախանան բաժանորդագրութիւն մը ստանալով։
18 վյրկ. «Ձեր Երախտագիտութիւնը Քրիստոսի Մահուան Համար»։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւն։ 9–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ յետոյ, ցուցադրեցէք թէ ինչպէ՛ս հրատարակիչ մը կրնայ հրաւիրել Աստուածաշունչի աշակերտ մը Յիշատակատօնին։
Երգեցողութիւն 63 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 13-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 95
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հարցումի Տուփը։
15 վյրկ. «Ազդեցիկ Սկզբնական Հանդիպումներ»։ Հարց պատասխանով ծածկել։ 6–րդ պարբերութիւնը նկատի առնելէ յետոյ, ցուցադրեցէք թէ ինչպէ՛ս հրատարակիչ մը կրնայ ներկայացնել ու ցուցադրել Աստուածաշունչի տան ուսումնասիրութիւն մը։
20 վյրկ. Դիտարանը Ներկայացնել։ Կարող հրատարակիչ մը կը խօսակցի տանուտիրոջ մը հետ՝ վերայցելութեան մը ընթացքին։ Նպատակայարմար ակնարկութիւններ կ’ընէ աղօթքի մասին կապ ունեցող կէտերու՝ 15 Ապրիլ 1992 Դիտարանին մէջ։ Տանուտէրը կ’ուրախանայ, բայց միայն քիչ մը հետաքրքրուած է։ Ան կ’ըսէ թէ ուրախ պիտի ըլլայ պարբերաթերթերը կարդալով։ Հրատարակիչը անոր կը ներկայացնէ պարբերաթերթեր ու փափաք կը յայտնէ վերադառնալ ու նիւթը աւելի նկատի առնել։ Տանուտէրը կը համաձայնի։ Ցուցադրութենէն ետք, ատենապետը կը հարցնէ հրատարակիչին թէ ինչո՛ւ բաժանորդագրութիւն մը չմատուցանեց։ Հրատարակիչը յարմարութեամբ զգաց թէ հետաքրքրութիւնը նուազագոյն էր եւ աւելի յարմար պիտի ըլլար նորէն այցելել որպէսզի տանուտիրոջ հետաքրքրութեան աստիճանը որոշուի։—Տեսնել Մայիս 1990 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան յօդուածը՝ «Մեր Գրականութիւնները Իմաստութեամբ Գործածենք»։
Երգեցողութիւն 32 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 20-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 195
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ հաշիւի տեղեկագիրը։ Գովասանք արտայայտեցէք՝ Ընկերութեան ու ժողովքին եղած նուիրատուութիւններուն համար։
15 վյրկ. Բացատրել «Նեռ» նիւթը Պատճառաբանել գրքէն, էջ 32-3 (էջ 279-81, Արբ.)։ Ի՞նչ է «Նեռ» բառին սահմանումը։ Միայն մէ՞կ հատ կայ, թէ ոչ աւելի։ Ե՞րբ նեռը յայտնուեցաւ, եւ որո՞նք այդպէս կը բնորոշուին։ Հակիրճ ցուցադրութիւն մը, ուր հրատարակիչ մը կ’այցելէ եկեղեցագնաց մը որ ազդարարուած է Եհովայի Վկաներուն մասին։
20 վյրկ. «Դուք Ձեզ Հոգեւորապէս Զօրաւոր Պահեցէք, Եհովայի Ծառայութեան Համար Մաքուր Մնացէք»։ Հարց պատասխանով յաւելուածը նկատի առնել։ Այս բաժինը ներկայացնող երէցը պէտք է պատրաստէ կարգ մը հարցումներ տեղեկութիւնները տեղականօրէն կիրարկելու համար։ Շեշտեցէք նուազագոյն նպատակակէտը հոգեւոր զօրութիւնը պահպանելու, որ ակնարկուած է 7–րդ պարբերութեան մէջ։
Երգեցողութիւն 222 եւ փակման աղօթք։
Ապրիլ 27-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 152
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ Յիշատակատօնին մասին աչքառու կէտեր յիշեցէք։ Քանի՞ անհատներ ներկայ եղան։ Ի՞նչ կարելիութիւն կայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու նորեկ անհատներուն հետ։ Ծառայութեան տեսուչը պիտի կազմակերպէ վերայցելութիւններ ընելը Յիշատակատօնին ներկայ եղողներուն որոնք ներկայիս չեն ուսումնասիրել։
20 վյրկ. «Վերայցելութիւններուն Ատեն Պատճառաբանել Գիրքը Գործածեցէք»։ Հարց պատասխանով։ 3 եւ 4–րդ պարբերութիւններուն մասին ներկայացուցէք լաւ պատրաստուած երկու ցուցադրութիւններ։
15 վյրկ. Փորձառութիւններ խնդրեցէք անոնցմէ որոնք օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցեցան Մարտ ու Ապրիլ ամիսներուն ընթացքին։ Ի՞նչ զոհողութիւններ ըրին, եւ ինչպէ՞ս կը զգան թէ Եհովա օրհնեց իրենց ջանքերը։ Արդեօք որեւէ նոր Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն սկսա՞ւ որպէս հետեւանք իրենց աւելցած գործունէութեան ամսուան համար։ Փորձառութիւնները պէտք է առաջուընէ կարգադրուին։ Բոլորը քաջալերեցէք որ նկատի առնեն օժանդակ ռահվիրայութեան մասնակցիլը գալիք ամիսներուն ընթացքին։
Երգեցողութիւն 129 եւ փակման աղօթք։