Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 8/95 էջ 1
  • Քրիստոնէական Վարք Դպրոցին Մէջ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Քրիստոնէական Վարք Դպրոցին Մէջ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ԴՈՒՔ ՁԵԶ ՀՈԳԵՒՈՐԱՊԷՍ ԶՕՐԱՒՈՐ ՊԱՀԵՑԷՔ, ԵՀՈՎԱՅԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄԱՔՈՒՐ ՄՆԱՑԷՔ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1992)
  • Հաւատքդ որքա՞ն զօրաւոր պիտի ըլլայ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2021
  • Իրապէս կը հաւատա՞ք աւետարանին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2003
  • Յուսացած բաներուդ հանդէպ հաւատքդ զօրացուր
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը (ուսումնասիրական) 2016
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (1995)
թծ 8/95 էջ 1

Քրիստոնէական Վարք Դպրոցին Մէջ

1 Եթէ տակաւին դպրոց յաճախող Քրիստոնեայ պատանի մըն ես, զօրաւոր հաւատքի կարիքը ունիս որպէսզի ուղղամտութիւնդ պահես։ Չար ընկերակիցներու եւ պարագաներու ենթարկուած ես, որոնք կրնան հաւատքդ փորձել։ Կարեւոր է որ Պետրոսի խրատը կիրարկես. «Ձեր վարքը հեթանոսներուն մէջ բարի պահե[ցէք], որպէսզի . . . ձեր բարի գործերը տեսնելով՝ փառաւորեն Աստուած»։ (Ա. Պետ. 2։12) Այս մարտահրաւէրը դիմագրաւելու համար, քաջութեան եւ վճռակամութեան կարիքը ունիս։

2 Դպրոցէն ներս կամ դուրս, նախամուսնական սեռային յարաբերութեան, պիղծ լեզուի, ծխախոտի եւ թմրեցուցիչի սխալ գործածութեան ապականիչ ազդեցութիւնները քեզ կը ռմբակոծեն։ Ամէն օր, փորձութիւններ կը դիմագրաւես որոնք կը սպառնան բարի վարքի արձանագրութիւնդ ապականել։ Չափահասներու նման, պէտք է ‘ծանր պայքարիս հաւատքին համար’ որպէսզի տոկաս այսպիսի փորձութիւններու։—Յուդա 3, ՆԱ. տես Դիտարան Յուլիս 15, 1991–ի թիւը, էջեր 23–6 (Անգլ.)։

3 Դպրոցին մէջ, հայրենասիրական արարողութիւններ եւ աշխարհային տօներ կան։ Գիտե՞ս ինչ ազգային եւ կրօնական տօներ կը պահուին դպրոցիդ մէջ։ Եթէ ասպարէզ կարդացող պարագայ մը ծագի, կրնա՞ս ‘մաքուր խղճմտանք պահպանել, որպէսզի ամօթով մնան անոնք որոնք բարի վարքդ կը պախարակեն’։—Ա. Պետ. 3։16

4 Թերեւս փորձութեան մատնուիս դպրոցի մարզական գործունէութիւններու կամ ընկերային հաւաքոյթներու հրապոյրին միջոցաւ։ Պէտք է գերուշադիր ըլլաս որպէսզի գիտակցիս թէ այս երեւութապէս հաճոյալի գործունէութիւնները ինչպէ՛ս կրնան վտանգել հաւատքդ։ Կարիքը կայ այնպիսի ընկերակիցներ ընտրելու որոնց հետ կրնաս «փոխադարձ քաջալերութիւն» վայելել, իւրաքանչիւրը միւսին հաւատքով կերտուելով։—Հռովմ. 1։12, ՆԱ։

5 Եհովայի Օգնութեամբ, Կրնաս Տոկալ. Սատանան անդադար կը փորձէ հաւատքդ։ Այն փորձութիւնները որոնց պէտք է տոկաս, կրնան խիստ ըլլալ, բայց վարձատրութիւնները կը գերակշռեն անոնց։ (Ա. Պետ. 1։6, 7) Առանձին չես կրնար յաջողութեամբ տոկալ. պէտք է Եհովայի դիմես օգնութեան համար։ Յիսուս յորդորեց իր աշակերտները. «Արթուն կեցէք եւ աղօթք ըրէք, որպէսզի փորձութեան մէջ չմտնէք»։ (Մատթ. 26։41) Կրթութիւնը եւ ժուժկալութիւնը կենսական են։—Ա. Կորն. 9։27

6 Միշտ յիշէ որ Եհովայի համարատու ես վարքիդ համար։ (Ժող. 11։9) Թէեւ ըրածդ չտեսնուի ուրիշներու կողմէ, Եհովա գիտէ ինչ կ’ընես եւ պիտի դատէ։ (Եբր. 4։13) Զինք հաճեցնելու անկեղծ փափաք մը պէտք է քեզ մղէ որ ‘ահով ու դողով անձիդ փրկութիւնը գործես’։ (Փիլ. 2։12) Ամէն օր Աստուծոյ Խօսքը կարդալը մեծ օգնութիւն մըն է։ Անիկա լեցուն է ընտիր խրատներով եւ ընդօրինակուելիք հոյակապ տիպարներով։—Եբր. 12։1–3

7 Ո՛վ ծնողներ, կենսական դեր մը կը խաղաք։ Ձեր զաւակները պէտք է վերահսկէք, անոնց դիմագրաւած խնդիրներուն գիտակցիք եւ պէտք եղած ատեն օգնութիւն հայթայթէք։ Ձեր զաւակներուն հետ մտերիմ յարաբերութիւն մը ունի՞ք։ Անոնց մէջ տպաւորա՞ծ էք գնահատական հասկացողութիւն մը Աստուծոյ օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն։ Երբ ճնշումներ կամ փորձութիւններ կը դիմագրաւեն, ձեր զաւակները զօրաւո՞ր են, թէ ոչ դիւրաւ տեղի կու տան։ Անոնք կը վհատի՞ն քանի որ իրենց ընկերակիցներէն տարբեր պէտք է ըլլան։ Իբրեւ ծնողներ, պատասխանատուութիւնը ունիք անոնց օգնելու։ (Բ. Օր. 6։6, 7) Եթէ ձեր պարտականութիւնը լաւ կերպով ընէք, կրնաք անոնց օգնել որ յաղթական ըլլան հաւատքի պայքարին մէջ։—Առ. 22։6

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել