Ձեզի Ի՞նչպիսի Մարդիկ Ըլլալ Կը Վայելէ
1 հաշուետուութեան ժամանակ մը կը մօտենայ ամբողջ մարդկութեան համար։ Աստուածաշունչը զայն կը կոչէ «Եհովայի օրը»։ Անիկա այն ժամանակն է երբ աստուածային դատաստանը պիտի գործադրուի ամբարիշտներուն դէմ. անիկա նաեւ ազատագրումի ժամանակ մըն է արդարներուն համար։ Բոլոր անոնք որոնք այն ժամանակ ողջ են, հաշիւ պիտի տան թէ ինչպէ՛ս ապրած են իրենց կեանքերը։ Այս մէկը նկատի առնելով, Պետրոս կը յարուցանէ քննիչ հարցում մը. «Ձեզի ի՞նչպիսի մարդիկ ըլլալ կը վայելէ»։ Ան կը շեշտէ ‘սուրբ վարմունքին, աստուածպաշտութեան եւ Եհովայի օրը միշտ մտքին մէջ պահելու’ կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ կարիքը ‘անբիծ, անարատ եւ խաղաղութեան մէջ’ ըլլալու։—Բ. Պետ. 3։11–14, ՆԱ։
2 Սուրբ Վարմունք եւ Աստուածպաշտութիւն. Սուրբ վարմունքը կը պարփակէ օրինակելի գործեր, որոնք Աստուածաշունչի սկզբունքներուն հանդէպ յարգանք կը ցուցաբերեն։ (Տիտ. 2։7, 8) Քրիստոնեան պէտք է խուսափի աշխարհային վարմունքէն որ անձնասէր, մարմնային ցանկութիւններէն դրդուած է։—Հռովմ. 13։11, 14
3 «Աստուածպաշտութիւն»ը նկարագրուած է որպէս «անձնապէս կապուիլ Աստուծոյ, ծագում առնելով սիրտէ մը որ գրգռուած է խոր գնահատանքով Իր կոչ ընող յատկութիւններուն հանդէպ»։ Ծառայութեան մէջ մեր նախանձախնդրութիւնը աչքառու կերպ մըն է որով այս յատկութիւնը կը յայտնաբերենք։ Քարոզչութեան մէջ մեր շարժառիթը պարտաւորութենէ մը աւելի է. ան Եհովայի հանդէպ խոր սէրէ մը կը բխի։ (Մար. 12։29, 30) Այսպիսի սէրէ մը մղուելով, մեր ծառայութիւնը կը նկատենք որպէս իմաստալից արտայայտութիւն մը մեր աստուածպաշտութեան։ Քանի որ մեր նուիրումը պէտք է անփոփոխ ըլլայ, քարոզչութեան մեր մասնակցիլը պէտք է կայուն ըլլայ։ Ան մեր շաբաթական գործունէութեան յայտագրին անբաժան մէկ մասը պէտք է ըլլայ։—Եբր. 13։15
4 Եհովայի օրը միշտ «մտքին մէջ պահել»ը կը նշանակէ զայն առաջնակարգ տեղը պահել մեր առօրեայ մտածումներուն մէջ, երբեք զայն չքշելով աննշան տեղ մը։ Ան կը նշանակէ Թագաւորութեան շահերը առաջին տեղը դնել մեր կեանքերուն մէջ։—Մատթ. 6։33
5 Անբիծ, Անարատ եւ Խաղաղութեան մէջ. Մեծ բազմութեան որպէս մէկ մասը, մենք ‘մեր հանդերձները լուացինք ու զանոնք Գառնուկին արիւնովը ճերմկցուցինք’։ (Յայտ. 7։14) Ուստի, «անբիծ» ըլլալը կը նշանակէ որ պէտք է հաստատօրէն պահպանենք մեր մաքուր, նուիրուած կեանքերը որպէսզի աշխարհի պղծութիւններով չսրսկուին։ Մենք մեզ «անարատ» կը պահենք մերժելով թոյլ տալ անօրէն, նիւթապաշտական հետապնդումներուն որ եղծանեն մեր Քրիստոնէական անձնաւորութիւնը։ (Յակ. 1։27. Ա. Յովհ. 2։15–17) Մենք ցոյց կու տանք թէ «խաղաղութեան մէջ» կ’ապրինք ցոլացնելով «Աստուծոյ խաղաղութիւնը» ուրիշներուն հետ մեր ունեցած բոլոր գործառնութիւններուն մէջ։—Փիլ. 4։7. Հռովմ. 12։18. 14։19
6 Եթէ յաջողապէս զգոյշ ըլլանք աշխարհային ապականութեան դէմ, երբեք պիտի ‘չկերպարանինք այս աշխարհին կերպարանքովը’, որ Եհովայի կողմէ դատապարտուած է։ Փոխարէն, մեր լաւ գործերը պիտի օգնեն ուրիշներու որ «Աստուծոյ ծառայութիւն ընողին եւ անոր ծառայութիւն չընողին» տարբերութիւնը տեսնեն։—Հռովմ. 12։2. Մաղ. 3։18
7 Մեր մեծամասնութիւնը «Ուրախ Փառաբանողներ» Նահանգային Համաժողովին ներկայ եղած է, եւ թարմացուցիչ հոգեւոր սնունդը անկասկած մեր փափաքը զօրացուցած է որ մեր աստուածպաշտութիւնը ապացուցանենք։ Շատ մը նորեկներ այս փափաքը ունին։ Կրնանք օրհնութիւն մը ըլլալ օգնելով անոնց որ դաշտի ծառայութեան մասնակցին Օգոստոս ամսուան ընթացքին։
8 Եհովայի անունը կը մեծարուի, ժողովքը կը զօրանայ եւ ուրիշներ կ’օգտուին, երբ խղճմտօրէն կը շարունակենք «բարի գործեր» ընել։ (Ա. Պետ. 2։12) Թող որ միշտ այդ տեսակ մարդիկ ըլլանք։