Ծառայութեան Ժողովներ Յուլիս Ամսուան Համար
Յուլիս 3–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 10
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
17 վյրկ. «‘Արթուն Կեցէք’»։ Հարց պատասխանով։
18 վյրկ. «Ձեր Ծառայութեան մէջ Զանազան Գրքոյկներ Գործածեցէք»։ Առաջարկուած ներկայացումները նկատի առ ունկնդիրներուն հետ։ Ամփոփօրէն մեկնաբանէ գրքոյկներուն ուշագրաւ երեսակներուն մասին։ Թող երկու կամ երեք կարճ ցուցադրութիւններ ցոյց տան ինչպէ՛ս զանոնք ներկայացնել։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 10–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 46
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
15 վյրկ. «Եհովայի Վերյիշեցումները Մեզ Հոգեւոր Գետնի Վրայ կ’Ոգեւորե՞ն»։ Հարց պատասխանով։
20 վյրկ. Վկայելու Առիթներ Ստեղծենք։ Ամառուան ամիսներուն ընթացքին, մեզմէ շատեր պատեհութիւնը ունին ճամբորդելու՝ համաժողովի եւ արձակուրդի առթիւ, եւ անպաշտօն վկայութեան համար լաւ պատեհութիւններ կը հանդիսանան։ Գործածելով Դպրոցի Ուղեգիրքը, էջեր 80–2, պարբերութիւններ 11–16, վերաքաղ ըրէ թելադրութիւնները թէ ինչպէ՛ս խօսակցութիւններ սկսիլ օտարներու հետ։ Ցոյց տուր թէ ինչպէ՛ս առաջուընէ պատրաստուիլը կ’օգնէ աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու։ Թող երեք տարբեր հրատարակիչներ հակիրճօրէն ցուցադրեն ինչպէ՛ս խօսակցութիւն մը սկսիլ կազի կայանի մը գործաւորին հետ, հանրային փոխադրութեան միջոցով ճամբորդողի մը հետ եւ մեծ վաճարատան մը մէջ շարքի կեցող անհատի մը հետ։ Հրատարակիչներուն ուշադրութեան յանձնէ որ արձանագրութիւն մը պահեն հետաքրքրուող անհատներու մասին եւ կարգադրեն որ հետագային մէկը անոնց հանդիպի։
Երգեցողութիւն թիւ 172 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 17–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
20 վյրկ. «Վերայցելենք Գրքոյկներու Բոլոր Տեղաւորումներուն»։ Այն եղբայրը որ նշանակուած է այս բաժինը ներկայացնելու, նկատի պիտի առնէ երեք հրատարակիչներու հետ թէ ինչո՛ւ կարեւոր է հետապնդել ամէն յայտնաբերուած հետաքրքրութիւն եւ տեղաւորում։ Անոնք վերաքաղ կ’ընեն առաջարկուած ներկայացումները եւ իրարու հետ կը ցուցադրեն ինչպէ՛ս զանոնք գործածել։
15 վյրկ. Տան մէջ Աստուածաշունչի Ուսումնասիրութիւն մը Վարենք։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ որ Աստուածաշունչի յառաջդիմական ուսումնասիրութիւններ կը վարէ։ Քաջալերէ աւելի մեծ ջանքեր թափել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու համար։ Վերաքաղ ըրէ ներկայացուած թելադրութիւնները Մեր Ծառայութիւնը Կատարելու Համար Կազմակերպուած գրքին մէջ, էջեր 89–91։ Կրնաս պարփակել տեղական կարճ փորձառութիւններ։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 24–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 28
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Վերաքաղ ըրէ «Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր» յօդուածը։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կամ դասախօսութիւն՝ «Տարեցներուն Հանդէպ Քրիստոնէական Սէր Ցուցաբերենք» յօդուածին մասին, հիմնուած՝ Դիտարան Օգոստոս 1, 1994–ի Անգլերէն թիւին վրայ, էջեր 27–30։
20 վյրկ. Դրացիները Ի՞նչ Պիտի Խորհին։ Դասախօսութիւն եւ ցուցադրութիւն, հիմնուած՝ Դիտարան Ապրիլ 1, 1974–ի Անգլերէն թիւին վրայ, էջեր 201–3։ Դասախօսութիւն ներկայացուր թէ ինչո՛ւ յաճախ ճնշումի կ’ենթարկուինք մեր աշխարհային դրացիներուն կողմէ։ (Նկատի առ էջ 201–ը եւ էջ 202–ի առաջին պարբերութիւնը։) Ետքը, թող ցուցադրութիւն մը ցոյց տայ փորձառու զոյգ մը որ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն կը վարէ նոր հետաքրքրուած ընտանիքի մը հետ, որոնց վախցուցած են աշխարհային դրացիները որոնք դէմ կը դնեն Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչ ուսումնասիրելուն։ (Վերաքաղ ըրէ գլխաւոր կէտերը յօդուածին մնացած մասին մէջ։) Շեշտէ այն պատճառները թէ ինչո՛ւ նոր հետաքրքրուած ընտանիքը պէտք չէ վհատին կամ հրաժարին։
Երգեցողութիւն թիւ 27 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 31–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 127
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։
15 վյրկ. «Շինիչ Ըլլանք»։ Խօսակցութիւն եւ դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։
20 վյրկ. Օգոստոս Ամսուան Համար Ներկայացուելիք Գրականութիւնները Վերաքաղ Ընենք։ Ուշադրութեան յանձնէ 32–էջնոց գրքոյկները զորս կարելի է գործածել։ Հրաւիրէ հրատարակիչներ որ հետաքրքրական փորձառութիւններ պատմեն գրքոյկներ ներկայացնելու մասին Յուլիս ամսուան ընթացքին։ Թող ցուցադրուի ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ՝ գործածելով Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի գրքոյկը։ Մաս Ա.–ի առաջին պարբերութեան մէջ յիշուած հարցումը յարուցանէ։ Հարցուր տանտիրոջ հակազդեցութեան մասին՝ պարբերութիւններ 2–4–ի մէջ արտայայտուած գաղափարներուն նկատմամբ։ Բացատրէ որ գրքոյկը ցոյց կու տայ թէ Աստուած իրապէս կը հոգայ մեզի եւ թէ կրնանք տառապանքէ զերծ կեանք մը վայելել իր գալիք նոր աշխարհին մէջ։ Առաջարկէ վերադառնալ յաւելեալ խօսակցութեան մը համար։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։