ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՍԿՍԻԼ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՐԴԸ ԳՐՔՈՎ
1 Տան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը ունենալը շատ հաճոյալի եւ վարձատրելի պիտի ըլլայ թէ՛ ձեզի եւ թէ տանուտիրոջ։ Ոչ մէկ բան կարելի է բաղդատել ուրիշներու հետ Աստուածաշունչի գիտութիւնը բաժնելու ուրախութեան հետ։—Առ. 11։25
2 Վերջին Օրերու Նշանը. Եթէ վերի յօդուածին առաջարկը գործածեցիք եւ ձեր խօսակցութիւնը Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ թերթիկով սկսաք, հիմա ի՞նչպէս կրնաք ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ գործածելով Մեծագոյն Մարդը գրքին 111–րդ գլուխը։ Գրքին 111–րդ գլուխը բացէք եւ առաջին երեք պարբերութիւնները կարդացէք։ Յետոյ կրնաք գլուխին վերջաւորութեան եղած առաջին հարցումը ուղղել. «Ի՞նչ բան կը մղէ որ առաքեալները հարցնեն, բայց ակներեւաբար անոնք ուրիշ ի՞նչ բան ի մտի ունին»։ Տանուտիրոջ օգնեցէք որ պատասխանին վրայ մտածէ եւ պատկերը գործածեցէք սորվեցնելու համար։ Չորրորդ պարբերութենէն մինչեւ վեցերորդը ընթերցելէ ետք, երկրորդ հարցումը ուղղեցէք. «Յիսուսի մարգարէութեան ո՞ր մասը կը կատարուի Հ.Դ. 70–ին, բայց ի՞նչ բան տեղի չունենար այն ատեն»։ Եթէ թուի թէ տանուտէրը հետաքրքրուած է եւ ժամանակ ունի, ձեր խօսակցութիւնը շարունակեցէք։
3 Իսկ եթէ թուի թէ ուրիշ ժամանակ տանուտիրոջ աւելի յարմար է, կրնաք հարցնել. «Կ’ուզէ՞ք աւելի գիտնալ թէ իրերու այս դրութեան վախճանը ե՛րբ պիտի ըլլայ»։ Այն ատեն կրնաք կարգադրել որ վերադառնաք հարցումին պատասխանելու համար։
4 Խաղաղ Աշխարհ մը Կարելի՞ Է. Եթէ Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը մէջ թերթիկը գործածեցիք Մեծագոյն Մարդը գրքին առաջնորդելու համար, ի՞նչպէս կրնայ 133–րդ գլուխը օգնական ըլլալ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու։
Բ. Պետրոս 3։13–ը ընթերցելէ ետք, կրնաք կարդալ կամ ամփոփել թերթիկին 3–րդ էջի երկրորդ պարբերութիւնը եւ ապա ըսել.
◼ «Յիսուս Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, Եհովայի Թագաւորութեան Թագաւորը պիտի ըլլայ։ Նկատի առէք թէ Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է գիրքը ի՛նչպէս կը նկարագրէ Յիսուսը եւ մեզ տեղեակ կը պահէ թէ ան ապագային ինչ պիտի կատարէ»։ Ետքը ամբողջ գլուխը կարդացէք։ Տանուտիրոջ ուղղեցէք գլուխին վերջաւորութեան գտնուող առաջին հարցումը. «‘Արմագեդոնէն վերապրողներուն եւ անոնց զաւակներուն ուրախ առանձնաշնորհումը ի՞նչ պիտի ըլլայ’։ [Թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Միւս հարցումները կարելի է նկատի առնել նոյնանման կերպով։] Կը փափաքի՞ք մաս կազմել այն նոր երկրին որու վրայ Յիսուս պիտի իշխէ որպէս Թագաւոր։ Կը փափաքիմ իւրաքանչիւր շաբաթ պատեհութիւնը ունենալ ձեզի օգնելու որ Աստուածաշունչէն տեսնէք ի՛նչպէս ասիկա կրնայ ձեր փորձառութիւնը ըլլալ»։
5 Կարգ մը անհատներ կրնան նաեւ հետաքրքրուած ըլլալ որ աւելի երկար խօսակցութիւն մը ունենան Յիսուս Քրիստոսի մասին այս այցելութեան ընթացքին։
Կրնաք ըսել.
◼ «Ջանք թափուած է այս գրքին մէջ Յիսուսի երկրային կեանքը ներկայացնելու ինչպէս որ արձանագրուած է չորս Աւետարաններուն մէջ։ Կը փափաքի՞ք աւելի սորվիլ Յիսուսի կեանքին մասին երբ երկրի վրայ էր»։ Եթէ տանուտէրը համաձայն է, կրնաք նկատի առնել Յիսուսի կատարած առաջին հրաշքը, 15–րդ գլուխին մէջ։
6 Տակաւին պարկեշտ սիրտ ունեցող շատ մը անհատներ կան, որոնք արդարութեան հանդէպ սէր ունին եւ իրենց դիմագրաւած խնդիրներուն համար լուծումներ կը փնտռեն։ Իրապէս, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ Յիսուս Քրիստոսի ուսուցումները բաժնելու առաջարկը մեծապէս վարձատրելի ջանք մըն է։