ԹԵՐԹԻԿՆԵՐԸ ԳՈՐԾԱԾԵՑԷ՛Ք ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՄԱՐԴԸ ԳԻՐՔԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
1 Յունիս ամսուան ընթացքին, շատ հրատարակիչներ վերայցելութիւններու ատեն թերթիկներ պիտի գործածեն, Մեծագոյն Մարդը Որ Ապրած Է գրքին հանդէպ հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար։ Այս մօտեցումը անոնց կ’օգնէ հետաքրքրութեան չափը գիտնալու եւ որոշելու թէ յարմա՞ր է գիրքը ներկայացնել որոշ տանուտիրոջ մը յաջորդ այցելութեան ընթացքին։
2 Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞. Թերթիկները մեծապէս կ’օժանդակեն խօսակցութիւններ սկսելու համար։ Անոնք կ’օգնեն տանուտէրներու ուշադրութիւնը գրաւելու, քանի որ թերթիկները կը ծեծեն անոնց անձնապէս ազդող նիւթեր։ Կրնանք միշտ զանոնք օգտագործել անպաշտօն վկայութեան եւ վերայցելութիւններու ընթացքին։ Բայց քանի որ տունէ տուն աշխատանքին մէջ զանոնք չենք կրնար գործածել, կրնանք անոնց պարփակած կարգ մը կէտերը յիշել որպէսզի հետաքրքրութիւն արթնցնենք։
Օրինակի համար, այսպիսի բան մը կրնաք ըսել.
◼ «Մարդոց հետ խօսակցելով, նկատեցինք որ շատեր իրենց մտահոգութիւնը կը յայտնեն . . . [լուրերէն ընթացիկ դէպք մը ընտրեցէք] նկատմամբ։ Այնպէս կը թուի թէ աշխարհի վիճակը կը վատթարանայ։ Ոմանք նոյնիսկ հարց կու տան թէ այս աշխարհը կրնա՞յ վերապրիլ։ Ի՞նչ կը խորհիք ատոր մասին։ [Տանուտիրոջ թոյլ տուէք որ պատասխանէ։ Շատեր լաւատես են։] Քաջալերական բան մը կարդացի զոր կ’ուզեմ բաժնել ձեր հետ։ Նկատեցէք ինչպէս Յիսուս մարգարէացաւ թէ . . . »։ Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ թերթիկին 4–րդ կամ 5–րդ էջէն ձեր պատրաստած կէտերը գործածեցէք, որոնք ձեր բացումին մէջ յիշուած ընթացիկ դէպքին կը յարմարին։ Չմեկնած, վստահ եղէք նիւթի մը մասին հարցում մը յարուցանելու, որպէսզի անոր մասին խօսակցիք երբ վերադառնաք։
3 Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը մէջ. Ձեզի համար ի՞նչ կը նշանակէ խաղաղ կեանք մը ապրիլը նոր աշխարհի մը մէջ։ Ընդհանուր առմամբ, մարդիկ կը մտածեն վեհաշուք գետերու եւ խաղաղ հովիտներու գեղեցիկ տեսարաններու մասին, ինչպէս նաեւ խաղաղութեամբ միասին ապրող գեղեցիկ կենդանիներու մասին։ Անոնք որոնք աշխարհի ներկայ կացութենէն տանջուած են, կրնան խաղաղ նոր աշխարհի մը հեռանկարը կազդուրիչ գտնել։
4 Նախապատրաստուա՞ծ էք կազդուրիչ եւ հաճելի բան մը ըսելու ձեր դրացիներուն, գործակիցներուն եւ անոնց որոնց կը հանդիպիք տունէ տուն աշխատանքին ընթացքին։
«Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը մէջ» թերթիկը ի մտի ունենալով, այսպիսի բան մը կրնաք ըսել.
◼ «Կը խորհի՞ք որ կարելի պիտի ըլլայ մարդոց համար որ խաղաղութեամբ ապրին։ [Տանուտիրոջ թոյլ տուէք որ պատասխանէ։] Արդեօք պարզապէս երազե՞լ է հաւատալ թէ երկրի վրայ խաղաղ վիճակներ պիտի տիրեն։ Հաճեցէք նկատել Աստուծոյ խոստումը նոր երկնքի ու նոր երկրի մը մասին, Աստուածաշունչին մէջ՝ Բ. Պետրոս 3։13–ի մէջ։ Եթէ դիւրին է որ ձեր Աստուածաշունչը բերէք, կրնանք Սաղմոս 104։5–ը կարդալ, երկրի ապագային մասին աւելի գիտնալու համար»։ Կամ կրնաք միայն ձեր Աստուածաշունչէն համարը կարդալ։ Եթէ անհատը հետաքրքրութիւն ցուցաբերէ, վստահ եղէք խօսակցական կէտ մը յիշելու յաջորդ այցելութեան համար։
5 Յաւելեալ վերայցելութիւններու հարկը կայ ցանուած սերմը ‘ջրելու’ համար։ (Ա. Կորն. 3։6, 7) Վարի յօդուածը կ’առաջարկէ ինչպէս ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ Մեծագոյն Մարդը գրքով, ձեր վերայցելութեան ընթացքին։