ԳՈՐԾԱԾԵՑԷՔ ԻՆՉ ՈՐ ԹԵՐԹԻԿՆԵՐԷՆ ԵՒ ՈՒՐԻՇ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ԿԸ ՍՈՐՎԻՔ
1 Ներկայիս հրատարակուած բոլոր պարբերաթերթերէն, միայն Դիտարանը եւ Զարթի՛րը կրնան անկեղծ ընթերցողներուն օգնել որ յաւիտենական կեանքի ճամբան գտնեն։ Երբ մարդոց հետ կը խօսակցիք Ապրիլ եւ Մայիս ամիսներուն ընթացքին, ոմանք բացայայտ հետաքրքրութիւն պիտի ցուցաբերեն Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ եւ կրնաք անոնց ուշադրութիւնը ուղղակի դարձնել վերջին պարբերաթերթերուն կամ Ընկերութեան գունաւոր գրքոյկներէն մէկուն։ Իսկ ուրիշներ կարելի է որ քիչ հետաքրքրութիւն յայտնաբերեն։ Այսպիսի պարագաներուն, նախ թերթիկէ մը բացատրեցէք ձեր սորված կէտերէն մէկ կամ երկու կէտեր. ետքը եթէ տանուտէրը աւելի հետաքրքրութիւն ցոյց տայ, պարբերաթերթէ մը կամ գրքոյկէ մը մի քանի կէտեր մէջբերեցէք։
2 Կրնաք ըսել.
◼ «Մարդոց մեծամասնութիւնը պիտի համաձայնի թէ ներկայ աշխարհին մէջ աւելի խնդիրներ կան քան լուծումներ։ Արդեօք գիտէի՞ք թէ մեր ծանրակշիռ խնդիրներէն շատեր նախագուշակուած են Աստուածաշունչին մէջ»։ Ապա կրնաք մի քանի կէտեր մէջբերել զորս սորված էք Ներկայ Աշխարհը Պիտի Վերապրի՞ թերթիկէն (էջ 4, 5) եւ կարգ մը խնդիրներ նկատի առնել։
3 Եթէ տանուտէրը հետաքրքրուի ձեր յիշած կէտերով, կրնաք կարգ մը կէտեր պատմել «Աշխարհի Լոյսին Հետեւեցէք» յօդուածէն, Դիտարանի Յուլիս 1 թիւին մէջ, եւ բացատրել թէ ինչպէս Յիսուս Քրիստոս վերջապէս պիտի լուծէ մարդկութեան բոլոր խնդիրները։ Ետքը առաջարկեցէք յարմար ժամանակ մը վերադառնալ նիւթը աւելի նկատի առնելու համար։
4 Կամ, կրնաք ըսել.
◼ «Շատեր կը կասկածին կրօնքին եւ քաղաքականութեան կարողութեան վրայ մեր խնդիրները լուծելու, բայց հարց կու տան թէ գիտութիւնը լուծում մը ունի կամ ոչ»։ Ետքը յիշեցէք յարմար կէտ մը զոր սորված էք «Գիտութիւնը Կրնա՞յ ԻԱ. Դարու Մարտահրաւէրները Դիմագրաւել» յօդուածէն, Զարթի՛րի Ապրիլ 8 թիւին մէջ։ Շատ հաւանական է որ այս մօտեցումը շատ մը երիտասարդներու կոչ պիտի ընէ, մանաւանդ՝ աշակերտներու։
5 Ահաւասիկ տարբեր մօտեցում մը զոր կրնաք գործածել.
◼ «Շատ մը մարդիկ հարց կու տան թէ ի՛նչ կը պատահի մեզի երբ կը մեռնինք։ Ոմանք կ’ըսեն թէ կ’երթանք կա՛մ երկինք եւ կամ դժոխք. իսկ ուրիշներ վստահ չեն։ Աստուածաշունչի պատասխանը թէ՛ անակնկալ եւ թէ սրտապնդիչ է»։ Ետքը կրնաք բացատրել մասեր զորս սորված էք Ի՞նչ Յոյս՝ Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն Համար թերթիկէն։ Ապա կրնաք ակնարկել այն կէտերուն զորս սորված էք «Ահա» գրքոյկէն, էջ 16–7, եթէ տանուտէրը խօսակցութեամբ հետաքրքրուի։
6 Երբ կր վկայէք Իսլամներու, գործածեցէք Ի՛նչպէս Գտնել Դրախտին Ճամբան թերթիկը, որ Գորանէն մէջբերումներ կ’ընէ։ Կրնաք տանուտիրոջ հարցնել թերթիկին առաջին ենթագլուխին ուղղած հարցումը։ Ան պատասխանելէ ետք, իր ուշադրութիւնը դարձուցէք այն օրհնութիւններուն որոնք նկարագրուած են «Կեանքը Դրախտին մէջ» երկրորդ ենթագլուխին ներքեւ եղած զանազան համարներով։ Եթէ տանուտէրը աւելի հետաքրքրուի, գործածեցէք կարգ մը կէտեր զորս սորված էք Դիտարանի Յուլիս 1 թիւէն, ինչպէս որ թելադրուած է այս յօդուածին 3–րդ պարբերութեան մէջ։
7 Եթէ նոր հրատարակիչ մըն էք, անկասկած պիտի գնահատէք պարզ մօտեցում մը։ Ինչո՞ւ չսերտէք վերոյիշեալ մօտեցումները եւ ձեզի յարմար եղածը սկսիք գործածել։
8 Մեզի առանձնաշնորհում տրուած է փրկութեան պատգամը մարդոց տուները տանելու։ Մինչ «արժանաւոր»ներուն վրայ կը փնտռենք, թող որ օգտագործենք մեր թերթիկներուն եւ ուրիշ գրականութիւններուն տեղեկութիւնները երբ հետաքրքրութիւն կը գտնենք։—Մատթ. 10։13