Թերթիկներ Գործածեցէք Խօսակցութիւններ Սկսելու Համար
1 Չէ՞ք համաձայնիր որ ազդու վկայութիւն մը տալը մեծապէս կախեալ է խօսակցութիւններ սկսելու ձեր առած նախաձեռնութենէն։ Մարտահրաւէրը այն է, թէ կարենաք ըսել բան մը որ անհատին հետաքրքրութիւնը արթնցնէ ու զինք խօսակցութեան մէջ մտցնէ։ Բայց ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ազդու կերպով ընել։
2 Հրատարակիչներէն շատեր նկատած են թէ քանի մը լաւ ընտրուած բառերով Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած թերթիկներէն մէկը ներկայացնելը, կրնայ խօսակցութիւն մը սկսելու նպաստել։ Խորագիրները հրապուրիչ են, իսկ նկարները՝ գունաւոր ու գրաւիչ։ Թերթիկ մը անհատը չի ծանրաբեռներ, այն տպաւորութիւնը տալով թէ շատ տեղեկութիւն կայ։ Այսուհանդերձ, թերթիկներուն ամփոփ պատգամները հրապուրիչ են եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը առաջնորդելու համար կրնան գործածուիլ։
3 Վկայ մը անձամբ հետեւեալը զգաց. «Այս բազմազբաղ աշխարհին մէջ, մարդիկ յաճախ ընթերցանութեան համար ժամանակ չեն ուզեր յատկացնել, սակայն թերթիկները կարեւոր պատգամ մը հաղորդելու չափ երկար են, բայց ո՛չ՝ անհատներ անոնց վրայ ակնարկ մը չնետած մերժելու աստիճան։ Ես թերթիկներէն շատերը կարդացի, եւ ի վերջոյ ճշմարտութիւնը սորվեցայ»։ Աստուծոյ Խօսքին զօրութիւնը երբեք թեթեւի մի՛ առնէք, ինչպէս որ բացատրուած է այս հակիրճ, տպուած պատգամներուն մէջ։—Եբր. 4։12
4 Չորս Դիւրին Քայլեր. Շատեր յաջողութիւն ունեցած են գործածելով պարզ մօտեցում մը։ (1) Անհատին ցոյց տուէք քանի մը թերթիկներ, ապա իրեն հարցուցէք թէ ո՛ր մէկը զինք կը հետաքրքրէ։ (2) Թերթիկ մը ընտրելէն ետք, թերթիկին գլխաւոր մէկ կէտը ուշագրաւ դարձնող լաւ պատրաստուած հարցում մը հարցուցէք։ (3) Հարցումին առ ի պատասխան, թերթիկէն յարմար պարբերութիւն մը կամ համար մը կարդացէք։ (4) Եթէ նպաստաւոր ընդառաջում գտնէք, շարունակեցէք թերթիկին պարունակութեան մասին խօսիլ, կամ՝ Ի՛նչ կը Պահանջէ գրքոյկէն դասի մը, կամ Գիտութիւն գրքէն գլուխի մը ակնարկեցէք, որ յաւելեալ տեղեկութիւններ կը հայթայթէ։ Այս կերպով կրնաք ուղղակի Աստուածաշունչի ուսումնասիրութեան մը առաջնորդել։ Հետեւեալ թելադրութիւնները ձեզի պիտի օգնեն որ չորս թերթիկներ գործածելով բան մը ըսելու պատրաստ ըլլաք։
5 «Իրապէս Ո՞վ կը Տիրէ Աշխարհին» թերթիկին խորագիրը կրնայ որպէս հարցում գործածուիլ։
◼ Եթէ անհատը, որու հետ կը խօսիք, այս հարցումին պատասխանելով ըսէ՝ «Աստուած», կամ՝ «չեմ գիտեր», կարդացէք էջ 2–ի վրայ գտնուող բացման երկու նախադասութիւնները եւ էջ 3–ի առաջին պարբերութիւնը։ Աչքառու դարձուցէք Ա. Յովհաննու 5։19 եւ Յայտնութիւն 12։9։ Անհատը Բանսարկու Սատանայի գոյութեան կասկածի կամ ոչ, երկրի վրայ անոր տիրապետութիւնը ընդունի կամ ոչ, խօսակցութիւնը շարունակելու համար կրնաք «Աշխարհի Վիճակներէն կը Հասկնանք» ենթագլուխին ներքեւ եղող տրամաբանական եզրը գործածել։ Եթէ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, առաջարկեցէք բացատրել թէ Բանսարկուն ուրկէ՛ եկած է, գործածելով թերթիկին էջ 3–ի եւ 4–ի վրայ գտնուող կէտերը։
6 «Ի՞նչ Յոյս՝ Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն Համար» թերթիկը կրնայ անմիջապէս հետաքրքրութիւն արթնցնել։ Կրնաք խօսակցութիւն մը սկսիլ, հարցնելով.
◼ «Կը խորհի՞ք որ օր մը մեր մահացած սիրելիները դարձեալ պիտի տեսնենք»։ Անհատին պատասխանէն ետք, էջ 4–ի վրայ գտնուող երկրորդ պարբերութեան ակնարկեցէք եւ կարդացէք Յովհաննու 5։28, 29–ը։ Ապա, ցոյց տուէք թերթիկին առաջին ենթագլուխին ներքեւ եղող տեղեկութիւնը։ Առաջարկեցէք զայն միասին նկատի առնել։
7 «Ընտանեկան Հաճելի Կեանք մը Վայելեցէք» թերթիկը համայն աշխարհի ընտանիքները կը հետաքրքրէ։ Զայն գործածելով կրնաք ըսել.
◼ «Հաւանաբար համաձայնիք որ ներկայիս ընտանիքը յարձակումի ենթարկուած է։ Ձեր կարծիքով, ընտանեկան կապերը ամրացնելու համար ի՞նչ կարելի է ընել»։ Անհատը պատասխանելէ ետք, իր ուշադրութիւնը դարձուցէք էջ 6–ի առաջին պարբերութեան մէջ գտնուող կէտերուն։ Ընտրեցէք թերթիկին էջ 4–ի ու 5–ի վրայ մէջբերուած համարներէն մէկը եւ բացատրեցէք անոր նշանակութիւնը։ Ապա տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցէք։
8 «Ինչո՛ւ Կրնաք Աստուածաշունչին Վստահիլ» թերթիկը կրնայ գործածուիլ հետեւեալ ներկայացումով.
◼ «Շատ մարդիկ լսած են Կայէնի ու Աբէլի պատմութիւնը, որ Աստուածաշունչի առաջին գրքին մէջ կը գտնուի։ Ծննդոցի արձանագրութիւնը նաեւ Կայէնի կնոջ ակնարկութիւն կ’ընէ։ Երբեք հարց տուա՞ծ էք թէ ան ուրկէ եկաւ»։ Թերթիկին 2–րդ էջին վերջին պարբերութիւնը գործածեցէք պատասխան մը տալու համար։ Բացատրեցէք որ թերթիկը նաեւ կը յիշէ թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կարեւոր բաներ կ’ըսէ մեր ապագային մասին։ Խօսակցութիւնը շարունակեցէք, սկսելով էջ 5–ի երրորդ պարբերութենէն, թիկունք կանգնող համարներ գործածելով։
9 Սուրբ գրային թերթիկներ ցրուելը, բարի լուրը ազդու կերպով ներկայացնելու փորձուած միջոց մըն է։ Քանի որ զանոնք կրելը դիւրին է, կրնաք զանոնք ազդու կերպով գործածել տունէ տուն ձեր գործունէութեան եւ անպաշտօն վկայութեան ընթացքին։ Թերթիկները կարեւոր դեր մը կը խաղան մեր ծառայութիւնը կատարելու մէջ։ Միշտ ձեր հետ այլազան թերթիկներ կրեցէք եւ զանոնք անխնայ գործածեցէք, խօսակցութիւններ սկսելու համար։—Կող. 4։17