ԻՆՉՈ՛Ւ ԹԵՐԹԻԿՆԵՐԸ ՇԱՏ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ԵՆ ՄԵՐ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
1 Դիտարանի Յունուար 1, 1991–ի թիւին էջ 30–ին վրայ [Անգլ.], փորձառութիւն մը կար որու խորագիրն էր՝ «Ան Թերթիկ մը Գտաւ Երկաթուղիին Վրայ»։ Ան պատմեց երկաթուղիի պահպանութեան վերակացուի մը մասին, որ մեր թերթիկներէն մէկը գտաւ երկաթագիծին տակ։ Ան անմիջապէս կարդաց թերթիկը եւ յետոյ իր փեսային ըսաւ. «Այսօր ճշմարտութիւնը գտայ»։ Երկուքն ալ աւելի գրականութիւններ խնդրեցին եւ զանոնք ուսումնասիրեցին։ Այժմ, իրենց սերունդէն աւելի քան հարիւր հոգի ճշմարտութեան մէջ գործունեայ են։ Ասիկա ցոյց կու տայ թէ միայն մէկ թերթիկ կարդալուն արդիւնքը ինչ կրնայ ըլլալ։
2 Առիթները Օգտագործել. Եղբայրները ամէնուրեք առիթները կ’օգտագործեն թերթիկներ տեղաւորելու։ Նորատի Վկայ մը նկատեց որ իր ուսուցչուհին տխուր էր իր կեսրոջ մահուան պատճառով։ Պատանի քոյրը իր ուսուցչուհիին գրեց մխիթարական նամակ մը եւ ներփակեց Ի՞նչ Յոյս՝ Մեր Սիրելի Ննջեցեալներուն Համար թերթիկը։ Ուսուցչուհին շնորհակալական երկտող մը գրեց եւ յետոյ մեր պատանի քրոջ հետ խօսեցաւ։ Այժմ, այս ուսուցչուհին կանոնաւորապէս պարբերաթերթեր կ’ընդունի անորմէ։
3 Կարգ մը հրատարակիչներ որոնք կը վկայէին գերեզմանատուն տանող ճամբու մը վրայ, տեսան անհատներ որոնք գերեզմանները կը ճերմկցնէին։ Հրատարակիչները պատեհութիւնը օգտագործեցին անոնց թերթիկներ ներկայացնելու։ Յաջորդ օրը տօն մըն էր որու ընթացքին շատ մը անհատներ գերեզմանատունը կ’այցելէին, ուստի հրատարակիչները որոշեցին գերեզմանատան մուտքին կենալ եւ թերթիկներ ներկայացնել։ Աւելի քան հինգ հարիւր թերթիկներ տեղաւորուեցան, միայն երեք հոգի մերժեցին զանոնք առնել։ Յաջորդ տարին, հրատարակիչները վերադարձան եւ աւելի քան հազար թերթիկ բաժնեցին. միայն վեց հոգի մերժեցին։ Կարգ մը անհատներ խոր գնահատանք արտայայտեցին։ Մարդ մը կարդաց թերթիկը մինչ կը մեկնէր եւ շուտով վերադարձաւ խօսելու համար թերթիկը տուող քրոջ հետ։ Ան ըսաւ. «Անհատ մը կայ որ կը փափաքիմ այս պատգամը կարդայ։ Կրնա՞մ հատ մըն ալ ունենալ»։
4 Թերթիկները պզտիկ չափով են եւ դիւրաւ մեր հետը կը տանինք ուր որ երթանք։ Երբ անպաշտօն խօսակցութիւն կ’ունենանք ուրիշներու հետ, ըլլան օտարներ կամ ծանօթներ, պէտք է ջանանք կարճ արտայայտութիւն մը ընել որ կրնայ առաջնորդել նկատի առնելու այժմ մատչելի եղած ութը թերթիկներէն մէկը։ Ասիկա կարելի է կատարել դրացիներու հետ խօսելու ատեն, գնում ընելու կամ ժամադրութեան մը սպասելու ընթացքին, ազգականներու այցելելու ատեն, կամ շատ մը ուրիշ պարագաներու ընթացքին։
5 Ինչու Ազդեցիկ Են. Թերթիկները հրապուրիչ կերպով գունաւոր են։ Անոնք համառօտ են։ Տանուտէրները եւ անոնք որոնց կը հանդիպինք անպաշտօն առիթներով ճնշուած չեն զգար, խորհելով թէ ստիպուած են երկար ընթերցում մը ընել։ Այսուհանդերձ, պատգամը գրաւիչ եւ տեղեկատուական է։ Ընթերցողը թերթիկի նիւթին շուրջ Աստուածաշունչի հաստատ տեսակէտը կը ստանայ։ Խաղաղ Կեանք՝ Նոր Աշխարհի մը մէջ թերթիկը ստանալէն եւ իր հետ վերաքաղ ընելէն ետք, երիտասարդ մը բացագանչեց. «Աշխարհի կացութեան մասին այսքան քաջալերական տեղեկութիւն բնաւ չէի լսած»։
6 Այս թերթիկները կ’ուզենք գործածել ամէն յարմար առիթի։ Շատ հրատարակիչներ զանոնք օգտակար գտած են խօսակցութիւններ սկսելու համար։ Այժմ վարուած բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ թերթիկով մը սկսած են։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկին այս թիւին 4–րդ էջին վրայ, մի քանի գործնական առաջարկներ կան թերթիկները ազդու կերպով գործածելու համար։ Այո, թերթիկները փոքր են բայց արժէքաւոր գործիքներ են մեր ծառայութեան համար։