Նոր թերթիկներուն հետաքրքրական ձեւը
1. Ծառայութեան ո՞ր գործիքները հետաքրքրական նոր ձեւ ունին։
1 2013–ին, «Աստուծոյ Խօսքը ճշմարտութիւն է» խորագրով նահանգային համաժողովին լոյս տեսան 5 նոր թերթիկներ։ Ատոնց վրայ աւելցաւ Թագաւորութեան լուրեր թիւ 38–ը թերթիկը, որուն խորագիրն է՝ «Իրապէս կարելի՞ է որ մեռելները դարձեալ ապրին»։ Այս վեց թերթիկները հետաքրքրական նոր ձեւով պատրաստուած են։ Ինչո՞ւ արդեօք։ Իսկ երբ զանոնք դռնէ դուռի ատեն կը ներկայացնենք, ինչպէ՞ս կրնանք լաւագոյնս օգտուիլ ատոնց ձեւին երեսակներէն։
2. Նոր ձեւին նպատակը ի՞նչ է։
2 Ինչո՞ւ նոր ձեւով պատրաստուեցան։ Ազդու դռնէ դուռի ներկայացումները յաճախ կը պարփակեն հետեւեալ չորս քայլերը. 1) Խօսակցութիւն մը սկսելու համար, միտք գրգռող հարցում մը ուղղել, 2) Սուրբ Գիրքէն համար մը կարդալ, 3) Տանտիրոջ ներկայացնել հրատարակութիւն մը, 4) Յաջորդ անգամ քննարկուելիք հարցում մը ուղղել եւ վերայցելութեան կարգադրութիւն ընել։ Թերթիկներուն նոր ձեւը մեզի կ’օգնէ, որ դիւրաւ այս չորս քայլերուն հետեւինք։
3. Ինչպէ՞ս կրնանք ծառայութեան ընթացքին այս նոր թերթիկներէն մէկը առաջարկել։
3 Ինչպէ՛ս զանոնք գործածել։ 1) Բարեւ տալէ ետք, տանտիրոջ ցոյց տուր թերթիկին առաջին էջի հետաքրքրական հարցումը, որ երեք հաւանական պատասխաններ ունի, եւ իր կարծիքը խնդրէ։ 2) Թերթիկը բաց եւ նկատի առ «Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ» մասը։ Եթէ պարագան կը ներէ, համարը ուղղակի Աստուածաշունչէն կարդա։ Եթէ տանտէրը ժամանակ ունի, քննարկէ «Ասիկա ի՛նչ կրնայ նշանակել քեզի համար» մասը։ 3) Թերթիկը առաջարկէ, եւ տանտէրը քաջալերէ որ մնացեալ մասը իրեն յարմար եղող ժամանակին կարդայ։ 4) Մեկնելէ առաջ, անոր ցոյց տուր թերթիկին ետեւի հարցումը, որ կը գտնուի «Մտածելու համար» մասին մէջ, եւ կարգադրութիւն ըրէ, որ յաջորդ անգամին Աստուածաշունչին պատասխանը քննարկէք։
4. Վերայցելութեան ընթացքին, ինչպէ՞ս կրնանք նոր թերթիկները գործածել։
4 Վերայցելութիւնն ալ դիւրին է։ Պարզապէս թերթիկին ետեւի էջին մէջ նշուած համարները գործածէ, որպէսզի պատասխանես այն հարցումին որ առաջին այցելութեան ուղղած էիր։ Մեկնելէ առաջ, տանտիրոջ ուշադրութեան յանձնէ Ուրախ լուրեր գրքոյկին պատկերը, ցոյց տուր գրքոյկը ու այն դասը՝ որ ձեր խօսած նիւթին մասին աւելի կը տեղեկացնէ եւ գրքոյկը առաջարկէ։ Եթէ զանիկա ընդունի, կարգադրութիւն ըրէ յաջորդ այցելութեան գրքոյկը քննարկելու։ Այսպիսով, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսար։ Կամ, գրքոյկը ներկայացնելու փոխարէն, կրնաս ուրիշ թերթիկ մը առաջարկել եւ կարգադրութիւն ընել՝ որ յաջորդ այցելութեան զայն միասնաբար նկատի առնէք։
5. Մեր ծառայութեան մէջ, թերթիկները ի՞նչ արժէք ունին։
5 Աւելի քան 130 տարիներու ընթացքին, մեր ծառայութեան մէջ թերթիկներ գործածած ենք։ Թէեւ անոնց չափն ու ձեւը փոխուած են, սակայն ատոնք վկայութեան շատ ազդու գործիքներ եղած են։ Թող որ այս թերթիկներուն նոր ձեւէն օգտուինք՝ շարունակելով Աստուածաշունչի գիտութիւնը աշխարհին չորս կողմը տարածել (Առ. 15։7ա)։