ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ինչպէ՞ս կրնաս թերթիկներով խօսակցութիւն սկսիլ
Յունուար 2018–էն ի վեր, «Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր–ին կողքին վրայ կը գտնենք ծառայութեան համար առաջարկներ։ Մեզի քաջալերութիւն տրուած էր, որ կեդրոնանանք մարդոց հետ խօսակցելու վրայ, փոխանակ պարզապէս հրատարակութիւն առաջարկելու անոնց։ Այս պատճառով, ծառայութեան համար առաջարկներու վիտէօները ցոյց տուած են, որ ինչպէ՛ս կրնանք խօսակցութիւն սկսիլ միա՛յն Սուրբ Գիրքը գործածելով։ Ասիկա կը նշանակէ՞, որ երբ տունէ տուն կը ծառայենք՝ չենք կրնար հրատարակութիւններ գործածել։ Ո՛չ։ Օրինակ, թերթիկները կ’օգնեն որ խօսակցութիւն սկսինք։ Կրնանք հետեւեալ մօտեցումը գործածել, երբ թերթիկներէն մէկը պիտի գործածենք.
Առաջին էջին վրայ գտնուող հարցումը հարցուր։
Երկրորդ էջին վերը գտնուող համարին մէջի պատասխանը ցուցուր։ Եթէ ժամանակը կը ներէ, թերթիկին մէջ գտնուող կարգ մը տեղեկութիւններ կարդա եւ քննարկէ։
Թերթիկը տանտէրին տուր եւ զինք քաջալերէ, որ մնացեալ տեղեկութիւնները կարդայ, երբ յարմարութիւն ունենայ։
Առաջ որ երթաս, «Մտածելու համար» բաժինին տակ գտնուող հարցումը ցուցուր եւ կարգադրութիւն ըրէ, որ յաջորդ անգամ ատոր պատասխանը տաս իրեն։
Երբ վերադառնաս, պատասխանը քննարկէ եւ ուրիշ հարցում մը ձգէ յաջորդ անգամուան համար։ Կրնաս հարցում մը ընտրել մեր կայքէն կամ ալ թերթիկին վերջին էջին վրայ առաջարկուած հրատարակութենէն։ Երբ յարմար ըլլայ, առաջարկէ Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկը կամ Ուսուցանելու գործիքներու տուփէն ուրիշ ուսումնասիրական հրատարակութիւն մը։