ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ
Ինչպէ՞ս գործածել «Ծառայութեան համար առաջարկներ» մասը
Յունուար 2018–էն սկսեալ «Ծառայութեան համար առաջարկներ» մասը կ’երեւի մեր Ժողովի տետր–ին առաջին էջին վրայ։ Ինչպէ՞ս կրնաս ատոնք գործածել։
Երբ աշակերտական բաժիններ կու տաս. Պէտք է գործածես առաջարկին մէջ գտնուող հարցումը, համարը եւ յաջորդ անգամ նկատի առնուելիք հարցումը։ Բայց ասիկա ըսել չէ որ պէտք է բառ առ բառ կրկնես ինչ որ վիտէոյին մէջ ըսուած է։ Կրնաս ուրիշ պարագայ մը նկատի առնել, տարբեր կերպով բացումը ընել, ուրիշ կերպով պատճառաբանել եւ այլն։ Կրնաս նաեւ մեր Ուսուցանելու գործիքներու տուփէն հրատարակութիւն մը առաջարկել, նոյնիսկ եթէ ատիկա նշուած չէ բաժինին ցուցմունքներուն մէջ։
Երբ ծառայութեան մէջ ես. «Ծառայութեան համար առաջարկներ»ուն նպատակն է մեզի օգնել եւ գաղափար տալ։ Եթէ անհատը անկեղծօրէն հետաքրքրուի եւ ուզէ աւելին գիտնալ, կրնաս խօսակցութիւնը շարունակել, թերեւս նկատի առնելով վերայցելութեան նկատի առնուելիք կէտերը։ Կրնաս փոփոխութիւններ մտցնել «Ծառայութեան համար առաջարկներ»ուն մէջ կամ նոյնիսկ լման ուրիշ առաջարկ մը գործածել։ Կրնա՞յ ըլլալ որ ուրիշ ամսուան մը մէջ առաջարկուած նիւթը կամ համարը աւելի հետաքրքրէ շրջանիդ մարդիկը։ Արդեօք քու ապրած տեղդ մարդիկը աւելի հետաքրքրուած են տեղի ունեցած դէպքո՞վ մը կամ լուրո՞վ մը։ Կրնաս տարբեր կերպերով գործածել «Ծառայութեան համար առաջարկներ»ը, բայց ‘այս բոլորը ըրէ Աւետարանին սիրոյն, որպէսզի անոր տարածման մասնակցութիւնդ բերած ըլլաս’ (Ա. Կոր. 9։22, 23, ՆԹ)։