ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ԱՐԺԷՔԸ ՆԵՐԿԱՅ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ
1 Շատեր ներկայիս Աստուածաշունչը կը նկատեն որպէս ժամանակավրէպ եւ անիրապաշտական։ Մինչ ան ամենաշատ բաշխուած ու ամենաշատ թարգմանուած գիրքն է ամբողջ պատմութեան ընթացքին, յարաբերաբար քիչեր կը կարդան զայն ու տակաւին աւելի քիչեր անոր ուղղութեան կը հետեւին։
2 Անոր հակառակը, մենք Աստուածաշունչը կ’արժեւորենք որպէս Աստուծոյ Խօսքը։ Իրողութիւնները ցոյց կու տան թէ ան պատմական գետնի վրայ ճշգրիտ է։ Անկէ զատ, անոր ուշագրաւ ներդաշնակութիւնը, մարգարէութիւնները, իմաստութիւնը եւ մարդոց կեանքին մէջ օգտաբեր մղիչ ոյժ մը ըլլալը, կ’ապացուցանեն թէ Աստուածաշունչը «Աստուծոյ շունչն է»։ (Բ. Տիմ. 3։16) Մեր անձնական փորձառութիւնը եւ երախտապարտութիւնը այս գեղեցիկ պարգեւին համար, պէտք է մեզ մղեն ուրիշները քաջալերելու որ անոր իսկական արժէքը քննեն։
3 Մօտեցումներէն մէկը կրնայ ըլլալ.
◼ «Մարդկութեան դիմագրաւած լուրջ խնդիրներուն ի տես, շատ մը անհատներ դժուար կը նկատեն Աստուծոյ հաւատալը, կամ կը կասկածին Աստուծոյ կարողութեան վրայ մեր դիմագրաւած խնդիրները լուծելու։ Ի՞նչ կը խորհիք ատոր մասին»։ Առիթ տուէք որ պատասխանէ։ Ուշադրութեան յանձնեցէք Բ. Տիմոթէոս 3։16–ը։ Եթէ տանուտէրը հետաքրքրութիւն յայտնաբերէ, կարգադրութիւններ ըրէք վերադառնալու համար որպէսզի նկատի առնէք Ի՛նչու Կրնաք Աստուածաշունչին Վստահիլ թերթիկը—թերեւս գործածելով ենթագլուխներէն մէկը հարցումի մը կերպով, որպէսզի հետաքրքրութիւն գրգռէք։
4 Ուրիշ մօտեցում մը կրնայ ասոր նման բան մը ըլլալ.
◼ «Չէ՞ք համաձայնիր թէ մարդկութիւնը ուղղութեան կարիքը ունի կեանքի խնդիրները ձեռք առնելու նկատմամբ։ [Առիթ տուէք որ պատասխանէ։] Անցեալին մարդիկ յաճախ Աստուածաշունչին դիմեցին առաջնորդութեան համար, բայց հիմա ժամանակը փոխուած է։ Կը խորհի՞ք թէ Աստուածաշունչը ներկայիս գործնական արժէք ունի։ [Առիթ տուէք որ պատասխանէ։] Նկատեցէք ի՛նչ ըսուած է Բ. Տիմոթէոս 3։16–ին մէջ։ [Կարդացէք։] Աստուծոյ գրաւոր Խօսքը ոչ միայն մեզի կ’օգնէ որ իմաստուն որոշումներ առնենք, այլ նաեւ՝ ապագային համար վստահելի յոյս կը հայթայթէ»։ Կարդացէք Յովհաննու 17։3–ը։ Եթէ տանուտէրը նպաստաւոր կերպով ընդառաջէ, մատնանշեցէք մէկ կամ երկու մասնայատուկ կէտեր որպէսզի հետաքրքրութիւն արթնցնէք Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է գրքին հանդէպ, լուսաբանելու համար Աստուածաշունչին գործնական արժէքը։
5 Կրնաք օգտագործել Պատճառաբանել գրքի 10–րդ [13–րդ, Արաբ.] էջին վրայ ուրուագծուած կարգ մը բացումները, «Աստուածաշունչը/Աստուած» ենթագլուխին ներքեւ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններ ներկայացուած են էջ 58-68–ի վրայ [330-39, Արաբ.], որոնք օգնական են տանուտէրներու հարցումներուն պատասխանելու կամ անոնց առարկութիւնները յաղթահարելու։
6 Պատեհութիւնները օգտագործեցէք մարդիկ քաջալերելու որ Աստուածաշունչը կարդան։ Հետաքրքրուող անհատներուն օգնեցէք որ Աստուծոյ գրաւոր Խօսքին հանդէպ յարգանք ու սէր կերտեն։ Անոր սկզբունքները կիրարկելով իրենց անձնական կեանքին մէջ եւ ճշմարտութիւնը ճանչնալով, անոնք շատ մը օգուտներ պիտի քաղեն թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային։—Սաղմ. 119։105