Ծառայութեան Ժողովներ Սեպտեմբեր Ամսուան Համար
Սեպտեմբեր 4–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 55
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
20 վյրկ. «Նահանգային Համաժողովը Ոգեւորիչ Կոչ մը կը Հնչեցնէ—Ուրախութեամբ Եհովան Փառաբանեցէք Օրէ Օր»։ Հարց պատասխանով։
15 վյրկ. «Ուրիշներու Օգնենք որ Օգտուին»։ Վերաքաղ ըրէ թելադրուած ներկայացումները, ապա կարգադրէ երկու հակիրճ ցուցադրութիւններ։
Երգեցողութիւն թիւ 204 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 11–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 123
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։
22 վյրկ. «Համակարգիչի Արուեստագիտութեան Հանդէպ Հաւասարակշռուած Տեսակէտ մը Պահպանենք»։ Յաւելուածականը։ Հարց պատասխանով։ Ժամանակին ներած չափով, կարդացէք գլխաւոր պարբերութիւնները, ինչպէս՝ 4–8 եւ 12–13։
18 վյրկ. «Ձեր Զաւակներուն Համար Ի՞նչ Նպատակակէտեր Դրած Էք»։ Հարց պատասխանով։ Թող որ մէկ կամ երկու օրինակելի պատանիներ կամ չափահասներ, որոնք Եհովայի ծառայած են իրենց պատանեկութենէն ի վեր, հակիրճօրէն պատմեն թէ ինչպէս իրենց ծնողները իրենց օգնած են որ ընտրեն արժանաւոր նպատակակէտեր, որոնք կը կեդրոնանան Թագաւորութեան շահերուն վրայ։
Երգեցողութիւն թիւ 212 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 18–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Մեր Պարբերաթերթերը Լաւագոյն Կերպով Գործածենք»։ Ոգեւորիչ դասախօսութիւն ծառայութեան տեսուչին կողմէ, հիմնուած յաւելուածականին 1–13 պարբերութիւններուն վրայ։
20 վյրկ. «Ամէն Յայտնաբերուած Հետաքրքրութիւն Հետապնդենք Որպէսզի Օգտենք»։ Վերաքաղ ըրէ վերայցելութիւններու համար թելադրուած ներկայացումները։ Այս բաժինը ներկայացնող եղբայրը երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ նկատի կ’առնէ թէ ինչ պիտի ըսեն, ապա կը խնդրէ որ իրենց ներկայացումները ցուցադրեն։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 25–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 59
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Ամէն Բան Աստուծոյ Փառքին Համար Ըրէք»։ Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն եւ ներկաներուն հետ նիւթը նկատի առնել։ Ժամանակին ներած չափով, յաւելեալ մեկնաբանութիւններ ըրէ, հիմնուած՝ Դիտարան Նոյեմբեր 1, 1992–ի թիւին վրայ, էջեր 22–26։
10 վյրկ. «Եհովայի Կողմէ Քննուիլ—Ինչո՞ւ Օգտակար Է»։ Քաջալերական դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։
15 վյրկ. «Մեր Պարբերաթերթերը Լաւագոյն Կերպով Գործածենք»։ Ներկաներուն հետ նկատի առ յաւելուածականին 14–էն 17–րդ պարբերութիւնները։ Շեշտէ մասնաւոր ջանք թափելը Դիտարանն ու Զարթի՛րը բաշխելու համար Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին։ Որովհետեւ պարբերաթերթերը կը հրատարակուին զանազան լեզուներով, պէտք է օտար լեզու խօսողներուն տեղեակ պահենք թէ պարբերաթերթերը մատչելի են իրենց մայրենի լեզուով։ (Այդ թաղամասին նշանակուած տեղական օտարախօս ժողովքին պէտք է տեղեկացնել։) Յաճախակի աշխատցուած թաղամասին մէջ, մեր պարբերաթերթերը բաշխելը կրնայ ամենէն ազդեցիկ միջոցը ըլլալ հետաքրքրութիւն մշակելու համար, քանի որ անոնք կը հայթայթեն թարմ տեղեկութիւններ ամէն շաբաթ։ Վերայցելութիւններուն երբ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերուի, բաժանորդագրութիւն մը առաջարկեցէք։ Թող ընտանիք մը ցուցադրէ փորձի նիստ մը, ինչպէս որ նկարագրուած է 14–րդ պարբերութեան մէջ։ Նաեւ, յիշէ կարգ մը գործնական թելադրութիւններ տեղաւորումները աւելցնելու համար։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։