Բարի Լուրը Ամէնուրեք Քարոզենք
1 Առաջին Քրիստոնեաները բարի լուրը ամէնուրեք քարոզեցին։ Անոնք այնքան նախանձախնդիր էին որ Յիսուս Քրիստոսի յարութենէն 30 տարի ետք, արդէն իսկ Թագաւորութեան պատգամը «երկնքի տակ եղած բոլոր ստեղծուածներուն» քարոզած էին։—Կող. 1։23
2 Եհովայի ներկայ նախանձախնդիր ծառաները միեւնոյն նպատակը ունին—Թագաւորութեան պատգամը կարելի եղածին չափ ամէնուն հասցնել։ Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ այս նպատակակէտը իրագործենք։ Երթալով աւելի մարդիկ լիաժամ կ’աշխատին ու յաճախ տունը չեն գտնուիր, երբ անոնց կ’այցելենք։ Երբ գործի մէջ չեն, անոնք թերեւս կը ճամբորդեն, շուկայ կ’երթան կամ զբօսանքի մէկ տեսակը կը հետապնդեն։ Անոնց մէջ արժանի եղողներուն ինչպէ՞ս կրնանք Թագաւորութեան պատգամը հասցնել։—Մատթ. 10։11
3 Ոմանց կը հանդիպինք իրենց գործատեղիին մէջ։ Նոյնիսկ գիւղաքաղաքներ առեւտրական շրջան մը ունին, ուր շատեր օրուան մեծ մասը կ’անցընեն։ Մեծ քաղաքներու մէջ, անոնք որոնք կ’աշխատին ճարտարարուեստական շրջաններու կամ գրասենեակներէ բաղկացած բարձրակառոյց շէնքերու մէջ եւ որոնք չափազանց պաշտպանուած յարկաբաժիններու մէջ կը բնակին, վկայութիւն մը կը ստանան. անոնցմէ շատեր առաջին անգամ ըլլալով։ Շաբաթավերջերուն, շատեր որոնց հանդիպած ենք մինչ կը հանգստանան հանրային պարտէզներու, զբօսավայրերու, բանակավայրերու կամ ամարատուներու մէջ, կամ կը սպասեն կառատուներու կամ գնումի մեծ շուկաներու մէջ, բարի լուրին նպաստաւոր կերպով ընդառաջած են։
4 Երթալով աւելի հրատարակիչներ մասնայատուկ ջանք կը թափեն հանրային վայրերու մէջ վկայելու, ուր որ ալ մարդիկ գտնուին։ Սկիզբը, այս Վկաները տատամսոտ ու ջղագրգիռ էին, քանի որ վարժուած էին աւելի պաշտօնական կերպով ծառայելու, ինչպէս տունէ տուն ծառայութիւնը։ Իսկ հիմա անոնք ինչպէ՞ս կը զգան։
5 «Անիկա ծառայութիւնս զօրացուցած է», կը բացագանչէ փորձառու եղբայր մը։ Ուրիշ մը կ’աւելցնէ. «Անիկա ջանքերս կեդրոնացած կը պահէ»։ Տարեց ռահվիրայ մը դիտել տուաւ. «Անիկա մտաւորապէս, ֆիզիքապէս եւ հոգեւորապէս զիս կենսունակ կը դարձնէ, . . . ու տակաւին կ’աճիմ»։ Հրատարակիչ մը կը նշէ որ ներկայիս շատերու կը հանդիպի, որոնք Եհովայի Վկաներուն հետ բնաւ խօսած չեն։ Պատանիներն ալ խանդավառութեամբ կը մասնակցին այս հաճոյալի գործունէութեան։ Պատանի մը հետեւեալ կերպով ինքզինք արտայայտեց. «Անիկա հաճելի է, քանի որ բազմաթիւ մարդոց հետ կը խօսիս»։ Ուրիշ մը կ’ըսէ. «Որեւէ ժամանակէ աւելի շատ գրականութիւններ կը տեղաւորեմ»։ Այս բոլորը տեղի կ’ունենան շատ աշխատցուած թաղամասի մը մէջ։
6 Ճամբորդող Տեսուչներ Առաջնորդութիւնը կ’Առնեն. Գիտակցելով որ «այս աշխարհի կերպարանքը կ’անցնի», վերջերս Ընկերութիւնը թելադրեց որ ճամբորդող տեսուչները իրենց դաշտի ծառայութեան յայտագրին մէջ շաբաթէ–շաբաթ փոփոխութիւններ մտցնեն, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ մարդոց բարի լուրը հասնի։ (Ա. Կորն. 7։31) Տարիներէ ի վեր, շրջանային տեսուչներ շաբթուան օրերուն առաւօտները կը տրամադրեն տունէ տուն ծառայութեան մասնակցելու, իսկ կէսօրէ ետքերը՝ վերայցելութիւններ ընելու եւ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարելու։ Կարգ մը շրջաններու մէջ այդ յայտագիրը տակաւին գործնական է։ Իսկ ուրիշ շրջաններու մէջ, որոշ առաւօտներ տունէ տուն աշխատիլը շատ քիչ արդիւնքներ կու տայ։ Նման պարագաներուն, ճամբորդող տեսուչը կրնայ որոշել որ առաւօտները յատկացնէ վաճառատունէ վաճառատուն ծառայելու կամ փողոցին մէջ վկայելու։ Կամ թերեւս ան կը կարգադրէ որ պզտիկ խումբեր գրասենեակներէ բաղկացած բարձրակառոյց շէնքերու, շուկաներու, կառատուներու կամ ուրիշ հանրային վայրերու մէջ վկայեն։ Հրատարակիչները դաշտի ծառայութեան տրամադրուած ժամանակը աւելի ազդու կերպով գործածելով, շատ աւելի մարդոց պիտի հանդիպին։
7 Տեղեկագրութիւնները ցոյց կու տան որ ճամբորդող տեսուչները, հրատարակիչներուն հետ մէկտեղ, այս բարեճշդումին շատ լաւ կերպով հակազդած են։ Երէցներու մարմիններէն շատեր շրջանային տեսուչէն խնդրած են մի քանի հրատարակիչներ մարզել ծառայութեան այն երեսակներուն մէջ, որոնց կարիքը կայ տեղականօրէն։ Այս հրատարակիչները օգտուած են ճամբորդող տեսուչին ընկերակցելով, մինչ այս գործունէութիւններէն մէկուն միջամուխ կ’ըլլայ։ Անոնք ալ, իրենց կարգին, կրցած են ուրիշները մարզել։ (Բ. Տիմ. 2։2) Որպէս արդիւնք, ներկայիս բարի լուրը շատ աւելի անհատներու կը հասնի։
8 Անշուշտ, պայման չէ որ շրջանային տեսուչին այցելութեան սպասէք, որպէսզի քարոզելու այս կարգ մը կերպերը գործածէք։ Ահաւասիկ զանազան գաղափարներ, որոնք կրնան գործնական ըլլալ ձեր թաղամասին մէջ.
9 Փողոցը Վկայելը. Ատեններ, երբ շաբթուան օրերուն առաւօտ մը մեկուսի բնակարաններ կ’այցելենք, զարմացած հարց կու տանք. ‘Ո՞ւր են’։ Ոմանք թերեւս շուկայ գացած են։ Փորձա՞ծ էք փողոցի վկայութեամբ անոնց հասնիլ։ Երբ պատշաճօրէն կատարուի, ծառայութեան այս երեսակը կրնայ շատ արդիւնաբեր ըլլալ։ Փոխանակ պարբերաթերթերով միեւնոյն տեղը կանգնելու, լաւագոյն կերպն է մարդոց մօտենալ ու բարեկամական խօսակցութիւն մը սկսիլ։ Պայման չէ ամէն անցորդի վկայութիւն տալ։ Խօսակցեցէք անոնց հետ որոնք աճապարանօք չեն, ինչպէս՝ ցուցափեղկեր դիտողները, կանգնած ինքնաշարժներու մէջ եղողները կամ հանրային փոխադրամիջոցներ սպասողները։ Սկիզբը, կրնաք պարզապէս բարեկամական բարեւ մը տալ ու պատասխանը սպասել։ Եթէ անհատը փափաքի խօսակցիլ, խնդրեցէք անոր գաղափարը նիւթի մը շուրջ, որ կրնայ զինք հետաքրքրել։
10 Ճամբորդող տեսուչ մը վեց հրատարակիչներ հրաւիրեց որ իրեն ու իր կնկան հետ փողոցի վկայութեան մասնակցին։ Ի՞նչ էին արդիւնքները։ «Հոյակապ առտու մը վայելեցինք», կը տեղեկագրէ ան։ «Մարդիկ տունը չգտնելու խնդիրը չունեցանք։ Ութսուն պարբերաթերթեր ու բազմաթիւ թերթիկներ տեղաւորեցինք։ Շատ մը ոգեւորիչ խօսակցութիւններ ունեցանք։ Հրատարակիչներէն մէկը, որ առաջին անգամ ըլլալով փողոցի վկայութեան կը մասնակցէր, բացագանչեց. ‘Տարիներէ ի վեր ճշմարտութեան մէջ եմ եւ նկատի չէի առած որ ի՜նչ բան կը կորսնցնէի’։ Շաբթուան վերջաւորութեան, ժողովքին քով հաւաքուած պարբերաթերթերէն ոչինչ մնաց»։
11 Յաջորդ ժողովքին հետ ծառայած ատեն, միեւնոյն ճամբորդող տեսուչը տեղեկացաւ որ մի քանի հրատարակիչներ առտու մը փողոցի վկայութեան մասնակցած են, սակայն քիչ յաջողութիւն գտած են։ Քոյր մը ծառայութեան տրամադրուած ամբողջ ժամանակամիջոցին միմիայն երկու անհատներու հետ խօսակցած էր, քանի որ մնացեալ անհատները կը փութային գործի հասնիլ։ Ճամբորդող տեսուչը թելադրեց որ բոլորն ալ միեւնոյն փողոցը վերադառնան, սակայն առտուան քիչ մը աւելի ուշ ատեն մը։ Անոնք այդպէս ըրին, ու մինչեւ կէսօր հոն մնացին։ Այն քոյրը որ առտու կանուխ միմիայն երկու խօսակցութիւններ ունեցած էր, շատ աւելի յաջողութիւն գտաւ, երբ վերադարձաւ։ Ան 31 պարբերաթերթեր ու 15 գրքոյկներ տեղաւորեց, եօթը անհատներու անուններն ու հասցէները առաւ եւ տան սուրբ գրային երկու ուսումնասիրութիւններ հաստատեց։ Միւս հրատարակիչներն ալ նոյնանման քաջալերական արդիւնքներ ձեռք ձգեցին։
12 Երբ հետաքրքրուած անհատ մը գտնէք, փորձեցէք անոր անունը, հասցէն ու հեռաձայնի համարը առնել։ Փոխանակ այս տեղեկութիւնները ուղղակիօրէն խնդրելու, կրնաք ըսել. «Այս խօսակցութենէն հաճոյք առի։ Կերպ մը կա՞յ ուրիշ առիթով զայն շարունակելու»։ Կամ ալ հարցուցէք. «Որեւէ կերպ կա՞յ որ տունը քեզի այցելեմ»։ Շատեր, որոնց այս կերպով հանդիպած ենք, ուզած են որ իրենց վերայցելենք։ Վստահ եղէք որ բաւարար քանակով հրաւիրաթուղթեր ունիք, որպէսզի զանոնք տաք բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին մեր ժողովներուն յաճախել։
13 Եթէ կը խօսակցիք հետաքրքրուած անհատի մը հետ, որ ուրիշ ժողովքի մը նշանակուած թաղամասին մէջ կը բնակի, պէտք է տեղեկութիւնները անոնց փոխանցէք, որպէսզի կարենան ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը հետապնդել։ Փողոցի վկայութիւնը ազդու կերպ մը կրնա՞յ ըլլալ բարի լուրը ձեր շրջանին մէջ տարածելու համար։ Եթէ պարագան այդ է, վերաքաղ ըրէք Յուլիս 1994 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան «Փողոցի Ազդեցիկ Վկայութեան Միջոցաւ Հետաքրքրուող Անհատներ Գտնենք» յօդուածը։ Ապա կարգադրեցէք փողոցի վկայութեան մասնակցիլ օրուան յարմար ժամանակամիջոցին, որպէսզի կարելի եղածին չափ շատ մարդոց հասնիք։
14 Հանրային Փոխադրամիջոցներուն մէջ Վկայել. Առաւօտ մը խումբ մը ռահվիրաներ որոշեցին տեղական երկրորդական դպրոցի մը մօտ հանրակառքը սպասող անհատներու վկայել։ Հաճելի խօսակցութիւններ ունենալով հանդերձ, խնդիր մը ծագեցաւ։ Երբ խօսակցութիւնը բաւական յառաջացած էր, հանրակառքը եկաւ ու խօսակցութիւնը յանկարծ վերջ գտաւ։ Ռահվիրաները խնդիրը լուծեցին հանրակառքը մտնելով ու շարունակելով անհատներուն վկայել։ Երբ հանրակառքը իր վերջին կայանը հասաւ, ռահվիրաները վերադարձի ճամբան բռնեցին, շարունակելով վկայութիւն տալ։ Մի քանի անգամ երթալ–գալէն ետք, անոնք իրենց ջանքերուն արդիւնքները գումարեցին. աւելի քան 200 պարբերաթերթեր տեղաւորած էին ու Աստուածաշունչի վեց ուսումնասիրութիւններ հաստատած էին։ Կարգ մը անհատներ յօժարակամօրէն իրենց հասցէն ու հեռաձայնի համարը տուին, որպէսզի ռահվիրաները իրենց վերայցելեն։ Յաջորդ շաբաթ, ռահվիրաները հանրակառքի կայանը վերադարձան ու միեւնոյն մեթոտը գործածեցին։ Անոնք 164 պարբերաթերթեր տեղաւորեցին եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մըն ալ հաստատեցին։ Կայաններէն մէկուն, ճամբորդ մը նստեցաւ միակ մատչելի աթոռին վրայ, ռահվիրայի մը կողքին։ Ան եղբօր նայեցաւ ու ժպիտով մը ըսաւ. «Գիտեմ, ինծի տալիք Դիտարան մը ունիս»։
15 Բազմաթիւ հրատարակիչներ երբ հանրակառքով, շոգեկառքով կամ օդանաւով կը ճամբորդեն, ազդու վկայութիւն մը կու տան։ Ինչպէ՞ս կրնաք ձեր քով նստած ճամբորդին հետ խօսակցութիւն մը սկսիլ։ 12 տարեկան հրատարակիչ մը հանրակառքին մէջ պարզապէս սկսաւ Զարթի՛րի համար մը կարդալ, յուսալով որ իր քովը նստող պատանուհիին հետաքրքրութիւնը շարժի։ Յաջողութիւն գտաւ։ Պատանուհին անոր հարցուց թէ ի՛նչ կը կարդար, հրատարակիչը պատասխանեց որ պատանիներու դիմագրաւելիք խնդիրներու լուծումներուն մասին կը կարդար։ Ան աւելցուց թէ ինք այս յօդուածէն մեծապէս օգտուած է եւ ատիկա իրեն ալ կրնայ օգտակար ըլլալ։ Պատանուհին ուրախութեամբ պարբերաթերթերը ընդունեց։ Ուրիշ երկու պատանիներ անոնց խօսակցութիւնը լսեցին եւ պարբերաթերթեր խնդրեցին։ Այն ատեն վարորդը հանրակառքը ճամբուն եզերքը կեցուց ու հարցուց թէ ինչո՛ւ այս պարբերաթերթերով շատ հետաքրքրուած էին։ Երբ տեղեկացաւ, ան ալ օրինակներ առաւ։ Անշուշտ, ասիկա կարելի պիտի չըլլար եթէ պատանի հրատարակիչը բաւարար քանակով պարբերաթերթեր չունենար, բոլոր հետաքրքրուող անհատներուն տալու։
16 Զբօսավայրերու եւ Կառատուներու մէջ Վկայել. Զբօսավայրերու եւ կառատուներու մէջ վկայելը հոյակապ կերպ մըն է մարդոց հասնելու։ Բնաւ փորձա՞ծ էք շուկայի մը կառատունին մէջ վկայել։ Միշտ քանի մը վայրկեան ձեր շուրջը դիտեցէք։ Փնտռեցէք անհատ մը որ աճապարանօք չէ կամ ինքնաշարժի մէջ կը սպասէ ու փորձեցէք անոր հետ բարեկամական խօսակցութեան մը ծայր տալ։ Եթէ խօսակցութիւնը շարունակուի, Թագաւորութեան պատգամը ներկայացուցէք։ Փորձեցէք առանձին վկայել, մինչ ուրիշ հրատարակիչ մը նոյն տեղը կը ծառայէ։ Խուսափեցէք մեծ պայուսակ մը շալկելէ կամ որեւէ կերպով ձեր գործունէութեան վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելէ։ Խոհեմ եղէք։ Թերեւս լաւագոյն կերպն է կարճ ժամանակ մը անցընել կառատան մը մէջ, ապա երթալ յաջորդին։ Եթէ անհատ մը չի փափաքիր ձեր հետ խօսակցիլ, քաղաքավար կերպով հեռացէք ու փնտռեցէք ուրիշ մը, որու հետ խօսակցիք։ Այս մեթոտները գործածելով, եղբայր մը մէկ ամսուան ընթացքին կառատուներու մէջ վկայելով 90 պարբերաթերթեր տեղաւորեց։
17 Կարգ մը մարդիկ զբօսավայր կ’երթան հանգստանալու, իսկ ուրիշներ՝ խաղ մը խաղալու կամ իրենց զաւակներուն հետ ժամանակ անցընելու։ Առանց անոնց գործունէութիւնները խանգարելու, պատեհութիւն մը փնտռեցէք վկայութիւն տալու։ Եղբայր մը զբօսավայրի մը պահապանին հետ սկսաւ խօսակցիլ ու տեղեկացաւ որ ան մտահոգ էր թմրեցուցիչի հարցով ու իր զաւակներուն ապագայով։ Տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը հաստատուեցաւ ու կանոնաւորաբար զբօսավայրին մէջ վարուեցաւ։
18 Անպաշտօն Վկայելը Գնումի Կեդրոններու մէջ. Թէեւ այսպիսի գործունէութիւններու վրայ դրուած արգելքներուն պատճառաւ միշտ կարելի չէ գնումի կեդրոններուն մէջ վաճառատունէ վաճառատուն պաշտօնապէս քարոզել, սակայն հրատարակիչներէն ոմանք առիթներ կը ստեղծեն անպաշտօն կերպով վկայելու։ Անոնք նստարանի մը վրայ կը նստին ու բարեկամական խօսակցութիւններ կը սկսին անոնց հետ որոնք կու գան քիչ մը հանգիստ ընելու։ Եթէ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուի, անոնք խոհեմութեամբ թերթիկ կամ պարբերաթերթ մը կու տան ու կը ջանան վերայցելութեան կարգադրութիւններ ընել։ Գնումի կեդրոնին մէկ բաժինին մէջ մի քանի վայրկեան վկայելէ յետոյ, անոնք ուրիշ բաժին կ’անցնին եւ նոր անհատի մը հետ կը սկսին խօսակցիլ։ Անշուշտ, հարկ է որ զգոյշ ըլլանք ուրիշներու ուշադրութիւնը մեր վրայ չհրաւիրելու, երբ այս կերպը կը գործածենք անպաշտօն կերպով վկայելու համար։
19 Երբ անհատի մը բարեւէք, խօսակցութիւնը բարեկամական ոճով մը սկսեցէք։ Եթէ ձեր ունկնդիրը ընդառաջէ, հարցում մը ուղղեցէք, ապա ուշի ուշով մտիկ ըրէք մինչ իր կարծիքը կ’արտայայտէ։ Անոր ըսածով անձնապէս հետաքրքրուեցէք։ Ցոյց տուէք որ իր տեսակէտը կը գնահատէք։ Երբ կարելի է, անոր համամիտ եղէք։
20 Քոյր մը տարեց կնոջ մը հետ հաճելի խօսակցութիւն ունեցաւ, յիշելով որ ապրուստի ծախքը որքա՜ն բարձրացած է։ Կինը անմիջապէս համաձայնեցաւ, վառ խօսակցութեան մը ծայր տալով։ Քոյրը կնոջ անունն ու հասցէն ձեռք ձգեց, ապա անոր վերայցելեց միեւնոյն շաբթուան մէջ։
21 Վաճառատունէ Վաճառատուն Վկայել. Առեւտրական շրջանները կարգ մը ժողովքներու նշանակուած թաղամասին մաս կը կազմեն։ Թաղամասին հոգ տանող եղբայրը կրնայ այս առեւտրական խճողուած շրջաններուն համար մասնաւոր քարտէսներ պատրաստել։ Այն թաղամասի քարտէսները որոնք առեւտրական շրջաններ կը ծածկեն, պէտք է յստակօրէն ցոյց տան որ առեւտրական բաժինը պէտք չէ աշխատցուի որպէս թաղամասին մէկ մասը։ Իսկ կարգ մը թաղամասերու մէջ կարելի է առեւտրական շրջանները աշխատցնել թաղամասին մնացեալ բաժիններուն հետ մէկտեղ։ Երէցները կրնան ատակ հրատարակիչներէ խնդրել որ առեւտրական թաղամասերուն մէջ կանոնաւորաբար աշխատին, այնպէս որ վաճառատունէ վաճառատուն գործունէութիւնը չանտեսուի։
22 Եթէ հրաւիրուած էք այս գործին մասնակցելու ու նախապէս բնաւ բաժին չէք բերած անոր մէջ, «համարձակութիւն» ձեռք ձգելու լաւ կերպ մըն է որ սկիզբը մի քանի պզտիկ խանութներ մտնէք. ետքը, երբ աւելի ինքնավստահ զգաք, աւելի մեծ խանութներ մտէք։ (Ա. Թես. 2։2) Եթէ վաճառատունէ վաճառատուն պիտի աշխատիք, հագէք այնպէս ինչպէս պիտի հագուէիք Թագաւորութեան Սրահ մը յաճախելու ատեն։ Եթէ կարելի է, խանութը մտէք երբ յաճախորդներ չեն գտնուիր։ Խնդրեցէք խօսիլ տնօրէնին կամ պատասխանատու անհատին հետ։ Խանդավառ եղէք, ու ամէն բանէ աւելի, կարճ կապեցէք։ Հարկ չկայ անհատէն խնդրել որ ներողամիտ գտնուի։ Առեւտրական բազմաթիւ հաստատութիւններ յաճախորդներու կողմէ ընդմիջումներ կ’ակնկալեն։
23 Խանութպանի մը բարեւելէ ետք, կրնաք հետեւեալը ըսել. «Առեւտրական մարդոց յայտագիրները այնքան խճողուած են որ հազուագիւտօրէն զիրենք տունը կը գտնենք, հետեւաբար գործատեղդ կ’այցելենք, միտք գրգռող յօդուած մը քեզի ներկայացնելու որ կարդաս»։ Ապա մէկ կամ երկու մեկնաբանութիւններ ըրէք ձեր ներկայացուցած պարբերաթերթին մասին։
24 Կամ՝ կրնաք վերակացուի մը հետ այս մօտեցումը փորձել. «Նկատած ենք որ առեւտրական մարդիկ կը ջանան լաւատեղեակ ըլլալ։ Դիտարանի (կամ Զարթի՛րի) վերջին համարը ուշագրաւ կը դարձնէ բոլորիս անձնապէս ազդող յօդուած մը»։ Բացատրեցէք զայն, ապա եզրափակեցէք. «Վստահ եմ որ հաճոյք պիտի առնես զայն կարդալով»։
25 Եթէ պաշտօնեաներ կան, ու յարմար կը թուի, կրնաք աւելցնել. «Կրնա՞մ միեւնոյն հակիրճ ներկայացումը պաշտօնեաներուդ տալ»։ Եթէ արտօնութիւն առնէք, յիշեցէք որ խոստացաք կարճ պահել, իսկ վերակացուն պիտի ակնկալէ որ ձեր խօսքին տէրը ըլլաք։ Եթէ պաշտօնեաներէն մէկը փափաքի երկար խօսակցութիւն մը ընել, լաւագոյն կերպը պիտի ըլլայ իրեն այցելել իր տան մէջ։
26 Վերջերս, գիւղաքաղաքի մը մէջ մի քանի հրատարակիչներ շրջանային տեսուչին հետ միասին վաճառատունէ վաճառատուն ծառայութեան մասնակցեցան։ Հրատարակիչներէն ոմանք սկիզբը երկչոտ էին, քանի որ նախապէս այս գործին մէջ բնաւ բաժին չէին բերած. սակայն անոնք շուտով հանգստացան ու սկսան անկէ հաճոյք առնել։ Ժամ մը չանցած, անոնք 37 անհատներու խօսեցան ու 24 պարբերաթերթեր ու 4 գրքոյկներ տեղաւորեցին։ Եղբայր մը դիտել տուաւ որ սովորաբար մէկ ամսուայ տունէ տուն ծառայութեան ընթացքին, անոնք չէին հանդիպեր այսքան շատ մարդոց։
27 Քարոզելու Պատեհութիւններ Ստեղծեցէք. Յիսուս իր քարոզչութիւնը պաշտօնական առիթներու չսահմանափակեց։ Ան բարի լուրը տարածեց ամէն յարմար առիթով։ (Մատթ. 9։9. Ղուկ. 19։1–10. Յովհ. 4։6–15) Նկատի առէք թէ հրատարակիչներէն ոմանք ինչպէ՛ս քարոզելու առիթներ կը ստեղծեն։
28 Ոմանք սովորութիւն կը դարձնեն վկայել ծնողներու, որոնք դպրոցի մուտքին իրենց զաւակներուն կը սպասեն։ Քանի որ ծնողներէն ոմանք շուրջ 20 վայրկեան կանուխ կու գան, առիթ ունիք որ անոնց հետ սուրբ գրային բնաբանի մը շուրջ խօսակցիք։
29 Բազմաթիւ ռահվիրաներ արթուն են այն մարդոց այցելելու, որոնք մեր պարբերաթերթերուն մէջ նկատի առնուած նիւթի մը մասին կրնան մասնայատուկ հետաքրքրութիւն ունենալ։ Օրինակի համար, քոյր մը լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեց, այցելելով իր ժողովքի թաղամասին մէջ գտնուող վեց դպրոցներ, ու անոնց ներկայացնելով «Դպրոցները Տագնապի մէջ» յօդուածաշարքը, որ լոյս տեսաւ Զարթի՛ր 22 Դեկտեմբեր 1995 համարին մէջ։ Ան նաեւ այցելեց այն հաստատութիւնները որոնք ընտանեկան հարցերով կը զբաղին, անոնց ներկայացնելով ընտանեկան կեանքի ու երախաներու եղծանումին վերաբերեալ պարբերաթերթեր, եւ մնայուն հրաւէր ստացաւ որ դարձեալ վերադառնայ նոյնանման բնաբաններու շուրջ նոր համարներ բերելով։ Երբ ան անգործներու օգնութիւն մատուցանող գրասենեակը այցելեց, անգործութեան մասին Զարթի՛ր 8 Մարտ 1996 համարը ներկայացնելով, իր ստացած ընդունելութիւնը նկարագրեց որպէս «չափազանց սքանչելի»։
30 Շրջանային տեսուչ մը կը տեղեկագրէ որ ինք ու իր կինը անպաշտօն կերպով կանոնաւորաբար կը վկայեն, երբ նպարեղէնի գնումները կ’ընեն։ Անոնք գնումներ կ’ընեն այնպիսի ատեն մը, երբ նպարախանութը խճողուած չէ ու յաճախորդները միջանցքներուն մէջ անհապճեպ կը պտըտին։ Անոնք կը տեղեկագրեն որ շատ մը ընտիր խօսակցութիւններ ունեցած են։
31 Բազմաթիւ հրատարակիչներ լաւ արդիւնքներ կը տեղեկագրեն, հանրային լուացքատուներու մէջ մարդոց վկայելով։ Անոնք պարբերաթերթերը լուացքատունը չեն ձգեր, երբ հոն մէկը չկայ։ Անոնց նպատակակէտն է բարի լուրը մարդոց հասցնել, հետեւաբար կը ջանան անձնապէս խօսիլ լուացքատան դիւրութիւնները գործածողներուն հետ։
32 Կարգ մը շրջաններ, որոշ հրատարակիչներու արտօնութիւն տրուած է որ օդակայաններու մէջ վկայեն։ Երբեմն, անոնք ուրախացած են վկայելով այնպիսի ճամբորդներու, որոնք կ’ապրին երկիրներու մէջ ուր Եհովայի ժողովուրդը թիւով քիչ է։ Երբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուած է, անոնք թերթիկ մը կամ պարբերաթերթեր ներկայացուցած են։
33 Երբ իրենց ժողովքի թաղամասին մէջ գտնուող չափազանց ապահովուած յարկաբաժիններու վարձակալներուն անհատապէս վկայելու արտօնութիւն չեն ստացած, ոմանք սովորութիւն դարձուցած են խոհեմութեամբ վկայել պահակներուն կամ վարձու յարկաբաժիններ ապահովող գրասենեակներու տնօրէններուն։ Միեւնոյն մեթոտը կը գործածուի անձնական, մուտքը–արգիլուած շրջաններու համար։ Շրջանային տեսուչ մը եւ մի քանի հրատարակիչներ այս մեթոտը գործածելով, յարկաբաժիններէ բաղկացած եօթը համալիրներ այցելեցին։ Իւրաքանչիւր պարագային, անոնք վերակացուին ըսին որ թէեւ արտօնուած չէ յարկաբաժինները այցելել մեր սովորական կերպով, սակայն չեն փափաքիր որ վերջին պարբերաթերթերուն տեղեկութիւնները կորսնցնէ։ Եօթը համալիրներուն բոլոր վերակացուները ուրախութեամբ պարբերաթերթերը ընդունեցին ու խնդրեցին յաջորդ համարներն ալ ստանալ։ Այս համալիրներուն մէջ բնակողներուն հետ, յետոյ հեռաձայնով կապ պահուեցաւ։ Հեռաձայնով վկայելու մասին գործնական տեղեկութիւններ կրնաք գտնել՝ Օգոստոս 1993 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան յաւելուածականին մէջ, «Հեռաձայնով Վկայելը—Կերպ մը Շատերու Հասնելու»։
34 Ջանացէք Ամէնուրեք Քարոզել. Մեր նուիրումին համաձայն ապրիլը Թագաւորութեան պատգամը քարոզելու մեր նշանակումին հանդէպ ստիպողականութեան հոգի մը կը պարփակէ։ Որպէսզի մարդոց հասնինք իրենց յարմար եղող ժամանակին, հարկ կայ որ մեր նախասիրութիւնները մէկ կողմ դնենք, որպէսզի կարենանք ‘մէկ քանիները ապրեցնել’։ Եհովայի նուիրուած բոլոր ծառաները կը փափաքին Պօղոս առաքեալի նման ըսել. «Ասիկա աւետարանին համար կ’ընեմ, որպէսզի անոր կցորդ ըլլամ»։—Ա. Կորն. 9։22, 23
35 Պօղոս շարունակեց գրել. «Ուստի մեծ յօժարութեամբ աւելի իմ տկարութիւններուս վրայ պիտի պարծենամ, որպէսզի Քրիստոսին զօրութիւնը իմ վրաս հանգչի։ . . . Վասնզի երբ կը տկարանամ, այն ատեն կը զօրանամ»։ (Բ. Կորն. 12։9, 10) Ուրիշ խօսքով, մեզմէ ոչ մէկը կրնայ իր անձնական ոյժով այս գործը կատարել։ Կարիքը ունինք Եհովայի աղօթելու իր զօրաւոր սուրբ հոգիին համար։ Եթէ Աստուծոյ աղօթենք զօրութեան համար, կրնանք վստահ ըլլալ որ ան մեր աղօթքներուն պիտի պատասխանէ։ Իսկ մարդոց հանդէպ մեր ունեցած սէրը պիտի մղէ մեզ որ պատեհութիւններ փնտռենք բարի լուրը անոնց քարոզելու, ուր որ ալ գտնուին։ Յաջորդ շաբթուան ընթացքին, այս յաւելուածականին ներկայացուցած թելադրութիւններէն մէկը ինչո՞ւ չփորձէք։