Ծառայութեան Ժողովներ Սեպտեմբեր Ամսուան Համար
Սեպտեմբեր 2–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 38
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկէն ընտրուած Ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Հաւատքով Քալենք»։ Հարց–պատասխանով։
18 վյրկ. «Բարի Լուրը Դրական Կեցուածքով Ներկայացնենք»։ Բացման խօսքերը հիմնէ առաջին պարբերութեան վրայ։ Բացատրէ որ Ստեղծագործութիւն գրքին տեղ Յաւիտեան Ապրիլ գիրքը կամ Ընտանեկան Կեանքդ գիրքը կարելի է ներկայացնել, եթէ ժողովքը զանոնք ունի։ Ապա ծածկէ յօդուածին միմիայն 2–5–րդ պարբերութիւնները։ Թող ցուցադրուին լաւ պատրաստուած ներկայացումներ, որոնք ցոյց կու տան ինչպէ՛ս Ստեղծագործութիւն գիրքը առաջարկել, վերայցելութիւն մը ընել եւ Գիտութիւն գրքով ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Վերյիշեցուր նուիրատուութեան կարգադրութեան մասին խօսիլը։
Երգեցողութիւն թիւ 129 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 9–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 204
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Հաշիւի տեղեկագիրը։ Նկատի առ «Թագաւորութիւնը Քարոզենք» յօդուածը։
18 վյրկ. Ժողովքին 1996–ի Ծառայութեան Տարուան Տեղեկագիրը։ Շինիչ, խանդավառ դասախօսութիւն ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ (Տես՝ Մեր Ծառայութիւնը գիրքը, էջ 100–102։) Յիշէ այն մարզերը ուր ժողովքը յառաջդիմութիւն արձանագրած է, եւ գովէ զինք։ Ցոյց տուր ինչպէ՛ս կանոնաւոր ու օժանդակ ռահվիրաներու գործունէութիւնը շատ օգնած է որ գործը տեղականօրէն յառաջ ընթանայ։ Յիշէ ժողովներուն ներկայ եղողներուն թիւը, շեշտելով կանոնաւորաբար յաճախելու կարեւորութիւնը։ Ուրուագծէ գործնական նպատակակէտեր, զորս ժողովքը յաջորդ տարի պիտի փորձէ իրագործել։
15 վյրկ. «Բարի Լուրը Դրական Կեցուածքով Ներկայացնենք»։ Վերաքաղ ըրէ միմիայն 6–8–րդ պարբերութիւնները եւ թող ցուցադրուին վաճառատունէ–վաճառատուն ներկայացումներ, թէ՛ առաջին հանդիպումին եւ թէ վերայցելութեան հանար։ (Տես յաւելեալ թելադրութիւններ՝ Սեպտեմբեր 1989 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան 4–րդ էջին մէջ։) Բոլորը քաջալերէ որ շուտով վերայցելեն։
Երգեցողութիւն թիւ 123 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 16–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 10
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Նշէ ընտիր արդիւնքները որոնք ձեռք ձգուած են, գործածելով Եհովայի Վկաները—Անուն մը, Կազմակերպութիւն մը պատկերիզը, հետաքրքրուած անհատները կազմակերպութեան ուղղելու։ Դիտարան 1 Հոկտեմբեր 1992 Անգլերէն համարէն, էջ 30–31, հակիրճօրէն պատմէ մէկ կամ երկու փորձառութիւններ։
15 վյրկ. «Խօսելու ու Վարքի մէջ Օրինակելի Ըլլանք»։ Հարց–պատասխանով։
15 վյրկ. Քրիստոնէական Վարքը Դպրոցին մէջ։ Հայր մը իր տղուն կամ աղջկան հետ կը խօսակցի, մատնանշելով լուրջ որոգայթները դպրոցի միջավայրին մէջ. ան կը շեշտէ չար ընկերակցութենէ զգուշանալու եւ կասկածելի գործունէութիւններէ խուսափելու կարիքը։ Ան վերաքաղ կ’ընէ Կրթութիւն գրքոյկին 24–րդ էջին վրայ գտնուող շրջագիծը, ապա կը բացատրէ որպէս Վկայ ընտիր օրինակ մը հանդիսանալու կարիքը։ Հայրը կը յիշէ կարգ մը փորձութիւններ, որոնք կապ ունին թմրեցուցիչ գործածելու, հակառակ սեռի հետ ժամադրուելու, ընկերային հաւաքոյթներու ներկայ գտնուելու կամ մարմնամարզանքներու մասնակցելու հետ. անոնք նկատի կ’առնեն ինչպէ՛ս խնդիրներէ խուսափիլ։ Հայրը կը քաջալերէ իր զաւակը որ անյապաղ իրեն դիմէ, երբ դժուարութիւններ դիմագրաւէ. ինք կը փափաքի տեղեակ ըլլալ ու օգնել։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 23–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 21
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Թելադրութիւններ ներկայացուր թէ ինչպէ՛ս կրնանք նուիրատուութեան կարգադրութիւնը յիշել երբ գրականութիւններ կը ներկայացնենք, մէջը ըլլալով հետեւեալը. «Մեր գրականութիւնները ձրիաբար կը ներկայացուին, սակայն մեր երկրածաւալ գործունէութեան ի նպաստ պզտիկ նուիրատուութիւններ կ’ընդունինք»։ «Շատեր հարց տուած են թէ ինչպէ՛ս կրնանք գրականութիւններ բաշխել առանց անոնց գինը առնելու. մենք ուրախ ենք որ մեր գրականութիւններուն արժէքը գնահատող բազմաթիւ անհատներ պզտիկ նուիրատուութիւններ կ’ընեն մեր երկրածաւալ գործին ի նպաստ»։ «Մեր գործը յօժարակամ նուիրատուութեամբ կ’ընթանայ։ Շատեր, որոնք հաճոյք կ’առնեն մեր գրականութիւնները կարդալով, պզտիկ նուիրատուութիւն կ’ընեն Աստուածաշունչի այս դաստիարակչական գործին ի նպաստ»։ (Տես՝ Դեկտեմբեր 1993 Մեր Թագաւորութեան Ծառայութեան 7–րդ էջը։) Բացատրէ թէ ինչո՛ւ կարեւոր է հետաքրքրուած անհատներուն պատեհութիւն տալ որ մեր կենսական գործին թիկունք կանգնին։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ։ Կամ դասախօսութիւն մը, հիմնուած՝ Դիտարան 15 Փետրուար 1996 համարին «Ձեր Տեսած Բաներէն Անդին Նայեցէք» յօդուածին վրայ, էջ 27–29։
20 վյրկ. «Բարի Լուրը Ամէնուրեք Քարոզենք»։ Հարց–պատասխանով։ Ծածկէ միմիայն 1–15–րդ պարբերութիւնները։ Կարդա 3 եւ 5–րդ պարբերութիւնները։ Պարփակէ տեղական փորձառութիւններ անոնց մասին որոնք յաջողութիւն գտած են վկայելով փողոցին մէջ կամ հանրային փոխադրամիջոցներու մէջ։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։
Սեպտեմբեր 30–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 14
12 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Նկատի առ Հարցումի Տուփը։
20 վյրկ. «Բարի Լուրը Ամէնուրեք Քարոզենք»։ Հարց–պատասխանով։ Ծածկէ 16–35–րդ պարբերութիւնները։ Ցոյց տուր ինչպէ՛ս թելադրութիւնները տեղականօրէն կիրարկել։ 23–25–րդ պարբերութիւնները թող ցուցադրուին։ Կարդա 34–35–րդ պարբերութիւնները։
13 վյրկ. Հոկտեմբերին Ներկայացուելիք Գրականութիւնները։ Դիտարան եւ Զարթի՛ր պարբերաթերթերը պիտի ներկայացնենք։ Կրնանք վերայցելութիւններուն բաժանորդագրութիւններ առաջարկել։ Նկատի առ զանազան կէտեր, ինչպէս՝ (1) Ի՛նչ նպատակով պարբերաթերթերը կը հրատարակուին, ինչպէս բացատրուած է սկիզբի էջերուն վրայ։ (2) Անոնք բազմաթիւ լեզուներով կը հրատարակուին, Աստուածաշունչի գիտութիւնը համայն աշխարհի մէջ մատչելի դարձնելով։ (3) Դիտարանը ծրագրուած է անձնական, ընտանեկան ու խմբային ուսումնասիրութեան համար։ (4) Շատ մը տարբեր կրօնքներու պատկանող մարդիկ զանոնք կը կարդան։ (5) Վերջին համարները անձամբ պիտի յանձնենք ոեւէ անհատի որ անկեղծօրէն կ’ուզէ զանոնք կարդալ։ (6) Անոնք յատկապէս ծրագրուած են զբաղած մարդոց համար։ (7) Դիտարանը կը հրատարակուի 1879–էն ի վեր, իսկ Զարթի՛րը՝ 1919–էն ի վեր։ (8) Զանոնք ձրիաբար կը բաշխենք։ (Տես՝ Դիտարան էջ 2. Զարթի՛ր էջ 4։) Եզրափակէ յիշելով գնահատող ընթերցողի մը մեկնաբանութիւնը։—Տես՝ Դիտարան 15 Ապրիլ 1986, էջ 32։
Երգեցողութիւն թիւ 63 եւ փակման աղօթք։