ՎԵՐԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԸՆԵԼՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐԸ
1 Որպէս բարի լուրի ծառաներ, պատուէր ստացած ենք որ աշակերտենք։ (Մատթ. 28։19, 20) Ասիկա կը պարփակէ վերայցելութիւններ ընել։ Դրական տեսակէտ մը ունի՞ք մեր Քրիստոնէական ծառայութեան այս կենսական բաժինին հանդէպ։ Վերայցելութիւններ ընելու մէջ ճարտար ըլլալը կրնայ գրգռիչ մարտահրաւէր մը ըլլալ։—Առակ. 22։29
2 Իւրաքանչիւր նուիրուած Քրիստոնեայ պէտք է զգայ թէ պատասխանատու է բաժին բերելու աշակերտելու գործին մէջ։ Ասիկա կրնայ պահանջել որ մէկ կողմ դնենք անձնական հանգստութիւնը որոշ չափով մը, որպէսզի Թագաւորութեան յոյսը ուրիշներու հետ բաժնենք։ Վերայցելութիւնները մեզի պատեհութիւնը կը ներկայացնեն անկեղծ անհատներու օգնելու որ իրենց հոգեւոր կարիքները գոհացնեն։
3 Ամէն Հետաքրքրութիւն Հետապնդեցէք. Պէտք է վերայցելել բոլոր անոնց որոնք հետաքրքրութիւն կը յայտնաբերեն Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ, թէեւ վերայցելութեան ատեն մեր գրականութիւնները չընդունին։ Շատ մարդիկ կան որոնք հետաքրքրութիւն ցոյց կու տան յօժարելով որ Աստուածաշունչի նիւթերու մասին մեր հետ խօսակցին։ Յիսուս եւ առաքեալները ցոյց տուին թէ ինչպէ՛ս կարելի է մշակել հետաքրքրութիւնը Թագաւորութեան պատգամին հանդէպ մարդոց միջամուխ ընելով Սուրբ Գրային որոշ խօսակցութիւններու։—Մար. 10։21. Գործք 2։37–41
4 Վերայցելելու մեր նպատակը պէտք է ըլլայ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլ։ Կրնանք տանուտիրոջ ցուցադրել թէ ինչպէ՛ս տան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը կը վարուի։ Կրնաք վստահ ըլլալ թէ Եհովա պիտի պատասխանէ ձեր աղօթքին օգնութեան համար որ գտնէք պարկեշտ սրտով անհատ մը որու սորվեցնէք։ Եհովա պիտի օրհնէ ձեր ջերմեռանդ ջանքերը իր ծառայութեան մէջ։ Ինչո՞ւ Եհովայի օգնութիւնը չփնտռէք եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիլը նպատակակէտ մը չընէք։
5 Թերթիկները Օգտագործեցէք. Թերթիկները կարելի է ազդեցիկ կերպով գործածել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։ Շատեր կարող էին խօսակցութիւն մը սկսիլ պարզապէս կողքի պատկերին մասին խօսելով։ Տանուտիրոջ հետ կարդացէք մէկ պարբերութիւն միւսին ետեւէն։ Երբ հարցում մը կ’ուղղուի, կանգ առէք եւ հրաւիրեցէք տանուտէրը որ ինքզինք արտայայտէ։ Համարները բացէք եւ ցոյց տուէք թէ ի՛նչպէս կը կիրարկուին։ Այդ ատեն կրնաք խօսակցութիւնը ուղղել այն գրականութեան մասին որով կարելի է ուսումնասիրութիւնը վարել։
6 Պատճառաբանել Գիրքը Գործածեցէք. Պատճառաբանել գրքով կարելի է ազդեցիկ վերայցելութիւններ ընել։ Գլխաւոր նիւթերու ցանկը կամ «ինտէքս»ը վերաքաղ ընելը կ’օգնէ ձեզի որ նպատակայարմար տեղեկութիւններ ընտրէք որոնց մասին խօսակցիք երբ նորէն այցելէք։ Յարուցուած առարկութիւններ ձեռք առնելու ատեն, «Յաճախ Սխալ Կիրարկուած Համարներ» բաժինը կրնայ օգտակար ըլլալ։ Ռահվիրաներ կը տեղեկագրեն թէ մեծ յաջողութեամբ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ կը սկսին, գործածելով «Եհովայի Վկաները ինչպէ՞ս Աստուածաշունչի իրենց բացատրութեան կը հասնին» նիւթին տեղեկութիւնները Պատճառաբանել գրքին մէջ, էջ 204 [էջ 261, Արբ.]։ Անոնք հետաքրքրուող անհատին ցոյց կու տան թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչին թոյլ կու տանք որ իր բացատրութիւնը հայթայթէ։ Ասիկա յաջողութիւն կը գտնէ եւ առաջնորդած է կարգ մը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններ սկսելու։
7 Յիսուսի եւ առաքեալներուն նման, կարիքը ունինք ցուցաբերելու անկեղծ հետաքրքրութիւն մը Եհովայի ոչխարներուն հանդէպ։ (Ղուկ. 9։11) Մարդոց հանդէպ սէրը պիտի օգնէ մեզի որ Թագաւորութեան ճշմարտութիւնները անոնց հասցնենք։ (Բ. Կորնթ. 2։17) Երբ մեծագոյն շեշտը կը դնենք ուրիշներու հոգեւոր բարօրութեան ի նպաստ զոհողութիւն ընելուն վրայ, կարող պիտի ըլլանք դիմագրաւել վերայցելութիւններ ընելու մարտահրաւէրը։