ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՕԳՈՍՏՈՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Օգոստոս 3-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 162
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն ընտրուած ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Ընթացիկ պարբերաթերթերէն խօսակցական կէտեր բացատրեցէք։ Բոլորը քաջալերեցէք որ դաշտի ծառայութեան մասնակցին այս շաբաթավերջը։
15 վյրկ. «Բացումներ Հետաքրքրութիւն Գրգռելու»։ Հարց պատասխանով։ 5–րդ պարբերութեան մէջ ուրուագծուած կէտերը ցուցադրեցէք։
20 վյրկ. «Դրական Քայլ Առնել Յաւելեալ Յառաջդիմութեան Համար»։ Ներածականին առաջին երկու պարբերութիւնները որպէս դասախօսութիւն մը զարգացուցէք։ Յօդուածին մնացած բաժինը հարց պատասխանով ծածկեցէք։ Տեղական կիրարկման համար կէտեր շեշտեցէք։ Հակիրճ ամփոփումով մը եզրափակեցէք։
Երգեցողութիւն 27 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 10-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 138
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ, պարփակելով հաշիւներու տեղեկագիրը եւ նուիրատուութիւններու ընկալագիրը։ Ժողովքը գովեցէք նիւթական գետնի վրայ թիկունք կանգնելուն համար տեղական ժողովքին, ինչպէս նաեւ Ընկերութեան աշխարհածաւալ գործին։
20 վյրկ. Հետաքրքրութիւնը Մշակենք Վերայցելութիւններուն Ընթացքին։ Բացատրութիւն ծառայութեան տեսուչին կողմէ։ Շատեր հաճոյք կ’առնեն մարդոց հետ խօսելով եւ գրականութիւններ տեղաւորելով։ (Կազմակերպուած էջ 87–8) Մեր պատասխանատուութիւնը կը պարփակէ հետաքրքրութիւն մշակել անոնց սրտերուն մէջ որոնց հետ կը խօսինք։ Ներկայացուցէք հակիրճ ցուցադրութիւն մը թէ ի՛նչպէս կարելի է թերթիկ մը գործածել հետաքրքրութիւն մշակելու համար վերայցելութեան մը ընթացքին, ուր սկիզբը որեւէ գրականութիւն չէ տեղաւորուած։ Միայն մէկ կամ երկու կէտեր ցցուն ըրէք։ Ներկայացուցէք հակիրճ ցուցադրութիւն մը որ ցոյց կու տայ թէ ինչպէ՛ս Պատճառաբանել գրքի նիւթացանկի տեղեկութիւնները կարելի է նաեւ գործածել։ Շեշտեցէք գրքին մէջ յիշուած սեղմ եւ ուղղակի կէտեր, զորս կարելի է գործածել Աստուածաշունչին հանդէպ հետաքրքրութիւն մշակելու համար։ Ցոյց տուէք ի՛նչպէս կարգադրել յաւելեալ այցելութիւններու համար։
15 վյրկ. «Մեծն Բաբելոն»։ Պատճառաբանել գրքէն բացատրութիւն, էջ 49–53 [էջ 96–100, Արբ.]։ Ցուցադրութիւն. Հրատարակիչ մը կը խօսակցի Աստուածաշունչի աշակերտի մը հետ անոր յառաջդիմութեան մասին։ Ան կը շեշտէ կարիքը Եհովայի կողմէ դիտուելու որպէս սուրբ, Իր օգնութեան եւ օրհնութեան արժանի։ (Ա. Պետր. 1։15, 16) Շեշտեցէք կարեւորութիւնը Բաբելոնէն հիմա փախչելու եւ Եհովայի սուրբ կազմակերպութեան հետ ընկերակցելու։ Ատենապետը կ’եզրափակէ եղբայրները քաջալերելով որ գրականութիւնները գործածեն աշակերտները կազմակերպութեան առաջնորդելու եւ երէցներուն առաջարկած օգնութիւնը օգտագործեն։
Երգեցողութիւն 129 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 17-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 81
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ «Զգաստութիւնով ու Արդարութիւնով Ապրինք» յօդուածը նկատի առնել։ Եղբայրները քաջալերեցէք որ առաջուընէ ծրագրեն ներկայ գտնուիլ մէկ օրուայ մասնաւոր համաժողովին, 1993 ծառայութեան տարուան ընթացքին։ Ծանուցանեցէք թուականն ու վայրը եթէ գիտէք։ Նաեւ, քաջալերեցէք շաբաթավերջի դաշտի գործունէութեան մասնակցիլը։
20 վյրկ. «Վերայցելութիւններ Ընելու Մարտահրաւէրը»։ Հարց պատասխանով։ 5–րդ եւ 6–րդ պարբերութիւնները նկատի առնելէ ետք, երկու ցուցադրութիւններ ներկայացուցէք։ (1) Ցոյց տուէք ի՛նչպէս թերթիկ մը կարելի է գործածել Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու։ (2) Պատճառաբանել գրքէն նիւթ մը ընտրեցէք եւ ցոյց տուէք ի՛նչպէս կարելի է զայն գործածել հարցումի մը պատասխանելու վերայցելութեան մը ընթացքին։ Ցցուն ըրէք փորձի նիստերուն արժէքը։ Քաջալերեցէք ամէն հետաքրքրութիւն հետապնդելը։
10 վյրկ. Բացատրութիւն «Կը Վերյիշէ՞ք» յօդուածին, Դիտարան Ապրիլ 15, 1992 թիւին մէջ։ Բոլորը քաջալերեցէք որ լաւ յայտագիր մը պահպանեն պարբերաթերթերը կարդալու համար։ Գործնական թելադրութիւններ տուէք։
Երգեցողութիւն 143 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 24-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 127
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. «Տունէ Տուն Ազդեցիկ Կերպով Աշխատինք»։ Հարց պատասխանով։ Քաջալերեցէք օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելը Սեպտեմբեր ամսուան մէջ։ Յիշեցէք թէ անոնք որոնք օժանդակ ռահվիրայութեան կը մասնակցին, սովորաբար կը պահպանեն գործունէութեան աւելի բարձր մակարդակ մը յաջորդ ամիսներուն մէջ։
15 վյրկ. Ձեր Զաւակները Դպրոց Ղրկեցէք Աստուծոյ Խորհուրդները Իրենց Սրտերուն Մէջ Ըլլալով։ Դասախօսութիւն երէցի մը կողմէ։ Մենք կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ որ կը ջանայ մեզ իր կաղապարին մէջ դնել։ Եւ ասիկա շիտակ է մասնաւորաբար մեր պատանիներուն պարագային։ Ծնողները պէտք է զգայուն ըլլան անոնց կարիքներուն եւ խնդիրներուն։ (Առակ. 20։5) Ցցուն ըրէք Աստուծոյ օրէնքները եւ սէրը ինչպէս նաեւ ծնողներուն սէրը իրենց զաւակներուն հանդէպ։ Ցուցադրութիւն. Ընտանիք մը նկատի կ’առնէ ի՛նչպէս գործածել Դպրոց գրքոյկը։ Զաւակներէն մէկը դպրոց պիտի երթայ առաջին անգամ ըլլալով, իսկ միւս երկուքը մի քանի տարի է որ դպրոց կը յաճախեն։ Ընտրեցէք կէտ մը որ կիրարկելի է իւրաքանչիւրին պարագային համար։ Թող որ զաւակները իրենց յատուկ բառերով իրենք զիրենք արտայայտեն ծնողի մը որ ուսուցիչի դեր կը խաղայ։ Վստահ եղէք թէ պզտիկները կը հասկնան պարփակուած սկզբունքները։ Բաժին ներկայացնող եղբայրը կը քաջալերէ ընտանեկան Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւնը եւ կը շեշտէ ծնողներուն կարիքը ունենալու սերտ, մտերիմ յարաբերութիւն մը իրենց զաւակներուն հետ։
10 վյրկ. «Վերայցելութիւններուն Ընթացքին Յաւիտեան Ապրիլ Գիրքը Գործածենք»։ Առաջին երկու պարբերութիւններուն մէջ եղած կէտերը հակիրճօրէն բացատրեցէք։ Ապա վերայցելութիւն մը ցուցադրեցէք գործածելով ուղղակի մօտեցումը Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելու։
Երգեցողութիւն 195 եւ փակման աղօթք։
Օգոստոս 31-ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն 152
5 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։
15 վյրկ. Հոգեւորապէս կը Յառաջդիմէ՞ք։ Բացատրութիւն երէցի մը կողմէ։ Անոնք որոնք ժողովքին մէջն են մասնայատուկ նպատակակէտերու հասա՞ծ են անցեալ ծառայութեան տարուան ընթացքին։ Եթէ ոչ, ինչո՞ւ։ Յարմար նպատակակէտեր թելադրեցէք։ Յառաջդիմելը անհրաժեշտ է հոգեւորականութիւնը պահպանելու համար։ (Փիլպ. 3։16) Հակիրճ ցուցադրութիւն մը ընտանիքի մը մասին, ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին, վերաքաղ ընելով իրենց ծառայութիւնը որոշելու համար ուր կրնան հոգեւոր յառաջդիմութիւն արձանագրել։
10 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ կամ խօսակցութիւն երէցի մը կողմէ, ժողովքի դաշտի ծառայութեան գործունէութեան մասին։
15 վյրկ. Տեղական կարգադրութիւն։
Երգեցողութիւն 222 եւ փակման աղօթք։