ԴՐԱԿԱՆ ՔԱՅԼ ԱՌՆԵԼ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
1 Այժմ մեզմէ ոմանք կարդացած են 1992–ի Տարեգիրքը։ Մեր սրտերը ուրախացան գիտնալով 1991–ի աշխարհածաւալ գագաթ թիւը՝ 4,250,000–է աւելի Թագաւորութեան հրատարակիչներ 211 երկիրներու մէջ, որ 6.5 առ հարիւր յաւելում մը նշանակեց։ Վստահաբար, համայն աշխարհի մէջ տեղի ունեցած Թագաւորութեան յաւելումը աչքառու կերպով կը փաստէ Եսայեայ 2։2–4–ի եւ Միքիայ 4։1–4–ի կատարումը։
2 Թէեւ 1992 ծառայութեան տարուան տեղեկագիրը չէ ամբողջացած, ապացոյցը յստակ է թէ Եհովա այս ծառայութեան տարին կը պսակէ ուշագրաւ յաւելումներով։ Հրաւէրը մեր միջազգային մեծ եղբայրութեան միանալու դեռ կը տրուի։ Յիշատակատօնին եւ նահանգային համաժողովին ներկայ գտնուողներուն թիւերը ցոյց կու տան թէ միլիոնաւորներ Թագաւորութեան պատգամին կ’անսան։ Բոլոր ազգերէն, անոնք կ’ընդառաջեն ներշնչուած հրաւէրին որ կ’ըսէ. «Եկէ՛ք, Եհովային լեռը, Յակոբին Աստուծոյն տունը ելլենք, որպէսզի մեզի իր ճամբաները սորվեցնէ ու անոր շաւիղներուն մէջ քալենք»։
3 Հաստատամիտ Եղէք Յառաջդիմելու. Եհովայի կազմակերպութիւնը յառաջդիմութեան մէջ է։ Այսքան շատ նորեկներով, որոնք հեղեղի պէս Եհովայի ճշմարիտ պաշտամունքի լերան կը դիմեն, կենսական բան մըն է որ իւրաքանչիւր անհատ դրական քայլ առնէ հոգեւոր յաւելեալ յառաջդիմութեան համար եւ յետոյ ջանայ օգնել աւելի նորեկներու որ նոյն բանը ընեն։ Այսպիսի յառաջդիմութեան մը կարիքը կը հասկցուի «Եկէ՛ք» արտայայտութեամբ, զոր ուրիշներու կ’ըսեն անոնք որոնք Եհովայի լեռը ելլելու հրաւէրին կ’ընդառաջեն։ Յովհաննէս առաքեալ կը տեղեկագրէ նոյնանման բան մը Յայտնութիւն 22։17–ի մէջ. «Եւ հոգին ու հարսը կ’ըսեն. ‘Եկո՛ւր’ եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. ‘Եկո՛ւր’»։
4 Յիսուս ապացուցանեց այս հրաւէրին ի՛նչպէս տրուիլը։ Երբ անհատներ իր ուսուցումին ընդառաջեցին, անոնց հրաւիրեց որ բաժին բերեն իր ծառայութեան մէջ եւ սորվեցուց ի՛նչպէս ասիկա ընեն։ (Մատթ. 4։19. 10։5–7, 11–14) Անոր աշակերտները սորվեցան իր գործածած ազդեցիկ մեթոտները ընկերակցելով իրեն հետ եւ նկատելով թէ ինչպէ՛ս բաները կ’ընէր։ Ետքը անոնք անոր օրինակին հետեւեցան իրենց ծառայութեան մէջ։ Անոնք իր մեթոտները այնքան լաւ սորվեցան որ իրենց խիզախ վկայութիւնը հակառակորդներուն ուշադրութիւնը գրաւեց, որոնք յստակօրէն գիտակցեցան թէ անոնք Յիսուսի աշակերտներն էին։ Գործք Առաքելոց 4։13 կը տեղեկագրէ. «Իսկ անոնք Պետրոսին եւ Յովհաննէսին համարձակութեանը նայելով . . . իմացան որ անոնք Յիսուսին հետ էին»։
5 Երկինք վերադառնալէն առաջ, Յիսուս պատուէր տուաւ որ իր աշակերտները պէտք է Քրիստոնէական ծառայութիւնը շարունակեն նոր աշակերտներ ընելով, անոնց ուսուցանելով ինչպէս որ իրենք ալ ուսուցանուեցան։ Մատթէոս 28։19, 20–ի մէջ, Յիսուս պատուիրեց. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, . . . սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ Եւ ցոյց տալով թէ ինք ուզեց որ ասիկա շարունակուի մինչեւ մեր օրերը, սա յաւելեալ խոստումը ըրաւ. «Ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհիս վերջը»։
6 Յիսուս Քրիստոսի ճշմարիտ աշակերտները չթերացան իր ուղղութիւնները պահելու, թէ նոր աշակերտներուն սորվեցնեն իր բոլոր պատուիրած բաները։ Միւս կողմէ, Եհովայի Վկաներու աշխարհածաւալ ժողովքին ուշագրաւ աճումը կը պահանջէ որ նկատի առնենք անոնց մասնայատուկ կարիքները որոնք նոր մկրտուած են եւ որոնք չմկրտուած հրատարակիչներ են ինչպէս նաեւ որոնք մեր հետ Աստուածաշունչը կ’ուսումնասիրեն եւ թերեւս սկսած են ժողովքային ժողովներուն որոշ չափով կանոնաւորաբար ներկայ ըլլալ։
7 1992 ծառայութեան տարուան սկիզբը, գրեթէ ամէն 9–ը հրատարակիչներէն մէկը միայն մէկ տարի գործունեայ էր ծառայութեան մէջ։ Անկէ զատ, 6–էն 1–ը երեք տարի կամ աւելի նուազ քարոզչութեան կը մասնակցէր. եւ 4–էն 1–ը ոչ աւելի քան հինգ տարի բաժին կը բերէր ծառայութեան մէջ։ Թէեւ նորեկներէն շատեր լաւ յառաջդիմութիւն արձանագրեցին ժողովքի անդամներ ըլլալէն ի վեր, կարգ մը մարզերուն մէջ յաւելեալ օժանդակութիւնը անկասկած պիտի արագացնէ իրենց հոգեւոր յառաջդիմութիւնը։
8 Եբրայեցիս 6։1–ը կը քաջալերէ բոլորը որ ‘հասունութեան դիմեն’։ Քրիստոնէական հասունութիւնը ծառայութեան տեղեկագիր մը յանձնելէն անդին կ’երթայ։ Անիկա կը պարփակէ անձնական ուսումնասիրութեան մէջ յառաջդիմել եւ ժողովներուն կանոնաւորաբար յաճախել ինչպէս նաեւ դաշտի ծառայութեան նախանձախնդրաբար մասնակցիլ եւ ուրիշներուն օգնել որ ճշմարտութեան գան փրկուելու համար։ Պէտք է աշխատինք սրելու մեր հմտութիւնները ‘Սուրբ Գրութիւններէն պատճառաբանելու’ մէջ։ (Գործք 17։2) Հասունութեան հասնիլը ժամանակ կը պահանջէ, եւ կախեալ է մեծաւ մասամբ մեր աստուածպաշտութենէն եւ դաշտին մէջ գործնական փորձառութիւն ունենալէն։ Թէեւ իշխանութիւն ունինք մեր աստուածպաշտութեան խորութեան վրայ, իմաստութեան ընթացք է թոյլատրել ուրիշ հասուն եղբայրներու եւ քոյրերու որ մեզի օգնեն գործնական փորձառութիւն ձեռք ձգելու։ Անոնց փորձառութենէն կրնանք սորվիլ, մասնաւորաբար դաշտի ծառայութեան մէջ։ Պէտք չկայ ամէն բան սորվինք մեր փորձառութեամբ եւ սխալներով։
9 Փորձառութիւն Չունեցողներուն Օգնել. Օգնութիւն տալու օրինակը ձգուեցաւ Քրիստոնէական ժողովքին սկիզբը։ Յիսուս իր աշակերտներուն ուղղութիւն տուաւ։ (Մար. 3։14. Ղուկ. 9։1. 10։1) Անոնք ալ, իրենց կարգին, ուրիշները սորվեցուցին։ Տիմոթէոս Պօղոս առաքեալէն մասնաւոր քաջալերութիւն եւ օգնութիւն ստացաւ, եւ Ապօղոս աշակերտը յառաջդիմեց աւելի փորձառու Ակիւղասէն եւ Պրիսկիղայէն անձնական օժանդակութիւն ստանալով։ (Գործք 18։24–27. Ա. Կորնթ. 4։17) Քրիստոնէական ժողովքին հասուն անդամները կը հետեւին այդ օրինակներուն այսօր, սորվեցնելով ու քաջալերելով նուազ փորձառութիւն ունեցողները, մասնաւորաբար նորեկները եւ պատանիները։ Ինչպէս որ Հռովմայեցիս 15։1, 2–ը կ’ըսէ, «Մենք որ զօրաւոր ենք, պէտք է տկարներուն տկարութիւնը վերցնենք»։
10 Ծնողները պատասխանատու են դրական քայլ առնելու իրենց զաւակներուն օգնելու որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։ Ասիկա կը պարփակէ ընտանեկան ուսումնասիրութիւնը, զաւակներուն սորվեցնել ի՛նչպէս անձամբ ուսումնասիրել, ժողովներուն կանոնաւորապէս յաճախել ու մասնակցիլ, եւ փորձառութիւն ունենալ իրենց սորվածները կիրարկելուն մէջ։ (Եփես. 6։4. Ա. Տիմ. 5։8) Մասնաւորաբար Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչները պէտք է առաջնորդութիւնը առնեն կարգադրութիւններ ընելու որ օգնեն բոլոր անոնց որոնք գրքի ուսումնասիրութեան եւ դաշտի ծառայութեան իրենց խումբերուն մէջն են որպէսզի հոգեւոր կերպով յառաջդիմեն։ Ծառայութեան տեսուչը եւ միւս երէցները ինչպէս նաեւ օգնական ծառաները եւ ժողովքի միւս անդամները նաեւ կրնան օգնել։
11 Պէտք Եղածը Հայթայթեցէք. Թերեւս օգնութեան պէտքը ըլլայ Քրիստոնէական գործունէութիւններէն միայն որոշ երեսակի մը համար, ինչպէս անձնական ուսումնասիրութեան համար։ Անհատ մը կրնայ կարիքը ունենալ թելադրութիւններու որպէսզի ուսումնասիրութեան գործնական յայտագիր մը հաստատէ։ Ուրիշ անհատ մը թերեւս օգնութեան կարիքը ունի որպէսզի մեկնաբանութիւններ կամ նշանակումներ պատրաստէ։ Ուրիշներ թերեւս պէտք ունին որ սորվին ինչպէ՛ս Աստուածաշունչի նիւթերը հետազօտեն։
12 Շատ մը նորեկներ օգնութեան պէտքը ունին դաշտի ծառայութեան մէջ։ Հրատարակիչ մը կարելի է որ փափաքի աւելի ազդեցիկ ըլլալ տունէ տուն աշխատանքին, վերայցելութիւններ ընելուն, կամ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսելուն ու վարելուն մէջ։ Փորձի մի քանի նիստեր կրնան բաւարար ըլլալ, գործածելով թելադրուած բացումներն ու ներկայացումները Պատճառաբանել գրքէն կամ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն։ Ուրիշ առիթներով, պէտք կ’ըլլան միայն թելադրութիւններ տալ դաշտի ծառայութեան գործնական յայտագրի մը համար եւ օգնել անոր կառչած մնալու։ Օգնութեան կարիքը ունեցող անհատի մը հետ աշխատելու համար որոշ կարգադրութիւններ ընելը, զինք կարող պիտի դարձնէ որ յառաջդիմէ դէպի մասնայատուկ նպատակակէտեր։
13 Աստուծոյ Խօսքը մեզ կը քաջալերէ որ թոյլատրենք մեր հոգեւոր յառաջդիմութեան որ ուրիշներու յայտնի ըլլայ։ Ասիկա այն խրատն էր զոր Պօղոս գրեց իր գործակիցին՝ Տիմոթէոսին։ (Ա. Տիմ. 4։15) Այդ քաջալերանքին հետ համաձայն ըլլալով, առաքեալը շեշտեց կարիքը մենք մեզ մարզելու որպէս թէ պիտի մրցինք վազքի մրցումի մը մէջ կամ որպէսզի յաջողութեամբ մասնակցինք հոգեւոր պատերազմի մը։ (Ա. Կորնթ. 9։24–27. Բ. Կորնթ. 10։5, 6) Ամէն ինչ որ կը սորվինք Աստուծոյ կամքին մասին պէտք է շուտով կիրարկենք, որպէսզի նկատողները տեսնեն մեր մէջ ճշմարիտ Քրիստոնէական հաւատքի կենդանի օրինակները։ Նոյնպէս, ուրիշներուն սորվեցնելու արուեստին մէջ պէտք է յառաջդիմող ըլլանք, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի նուիրուած աշակերտներ ըլլան։—Յակ. 1։22–25. Ա. Տիմ. 4։12–16
14 Յառաջդիմութիւնը կը Պարփակէ Փորձութիւններուն Տոկալ. Նոյնիսկ Յիսուս Քրիստոս իր չարչարանքներէն արժէքաւոր դասեր սորվեցաւ։ (Եբր. 5։8) Մենք ալ կրնանք։ Ուստի, հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կ’աւելնայ երբ Յակոբու 1։2, 3–ի մէջ յանձնարարուած դրական կեցուածքը կ’առնենք. «Ե՛ղբայրներ, բոլորովին ուրախութեան արժանի բան սեպեցէք, երբ կերպ կերպ փորձանքներու մէջ իյնաք, գիտնալով որ ձեր հաւատքին փորձառութիւնը համբերութիւն կը ներգործէ»։ Հետեւաբար, եթէ յամրընթաց հիւանդութեան, տնտեսական դժուարութիւններու, բաժնուած տան մը մէջ ապրելու, թաղամասին մէջ հակառակութեան, կամ որեւէ ուրիշ աննպաստ պարագայի մարտահրաւէրը պէտք է դիմագրաւենք, Եհովայի երաշխիքը ունինք թէ իր օգնութեամբ կրնանք յաղթահարել եւ շարունակել մեր յառաջդիմութիւնը իր պաշտամունքին մէջ։ (Ա. Կորնթ. 10։13. Բ. Կորնթ. 12։9. Ա. Պետր. 5։8–11) Յաջողութիւն ձեռք կը ձգուի բոլոր պարագաներուն ներքեւ անսասան մնալով, ‘Աստուծոյ պատգամները խօսելով եւ Աստուծոյ շնորհներու զօրութենէն մատակարարութիւն ընելով, որպէսզի ամէն բանի մէջ Աստուած փառաւորուի Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով’։—Ա. Պետր. 4։11
15 Օգնութիւն Ընդունեցէք Յաւելեալ Յառաջդիմութեան Համար. Եթէ մէկն էք որ օգնութեան կարիքը ունի որպէսզի հոգեւոր յաւելեալ յառաջդիմութիւն ընէ, յօժար եղէք օգնութիւն ընդունելու աւելի փորձառու անդամէ մը ժողովքին մէջ։ Նոյնիսկ եթէ մէկը ձեզի չմօտեցաւ օգնութիւն առաջարկելով, թոյլ մի տաք երկչոտութեան որ խլէ ձեզմէ օգնութիւն ստանալու ձեր պատեհութիւնը։ Օգնութիւն խնդրեցէք։ Ազատ զգացէք խնդրելու ոեւէ փորձառու անհատի օգնութիւնը ժողովքին մէջ։ Կամ կրնաք ձեր Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան վարիչէն, ծառայութեան տեսուչէն, կամ ոեւէ ուրիշ երէցէ խնդրել պէտք եղած օգնութիւնը։—Բաղդատել Ծննդոց 32։26. Մատթէոս 7։7, 8։
16 Վստահաբար, սքանչելի առանձնաշնորհում մըն է պարփակուիլ միջազգային միշտ աւելցող ‘մեծ բազմութեան’ մէջ, որ հեղեղի պէս Եհովայի մաքուր պաշտամունքի լերան կը դիմէ։ (Յայտ. 7։9) Առանձնաշնորհում մըն է նաեւ ուրիշները հրաւիրել որ մեր հետ գան։ Սրտագին գնահատանքով, թող որ շարունակենք դրական քայլ առնել յաւելեալ յառաջդիմութեան համար, մեր մէջ հոգեւորականութիւն կերտելով եւ ընելով ինչ որ կրնանք ուրիշներու օգնելու որ մեր հետ յառաջդիմեն Եհովայի ծառայութեան մէջ։