ԱՍՏՈՒԱԾՊԵՏԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՎԵՐԱՔԱՂ
Գոց գրքերով վերաքաղ այն նիւթերուն զորս տրուեցան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցի նշանակումներով՝ Մայիս 4–էն մինչեւ Օգոստոս 24, 1992, շաբաթներու ընթացքին։ Անջատ թուղթ մը գործածեցէք հարցումներուն պատասխանելու, որքան որ կրնաք յատկացուած ժամանակին միջոցին։
[ՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Գրաւոր վերաքաղին ընթացքին, միայն Աստուածաշունչը կարելի է գործածել որեւէ հարցումի պատասխանելու համար։ Հարցումներուն յաջորդող վերագրութիւնները ձեր անձնական հետազօտութեան համար են։]
Հետեւեալ արտայայտութիւններուն Շիտակ կամ Սխալ պատասխանեցէք.
1. Հանրային ընթերցումին ընթացքին, շեշտելու կենսական մէկ մասն է պատշաճ կերպով դադար գործածելը։ [Ուղեգիրք էջ 30 § 6]
2. Տեղեկութիւնները վերյիշելու նպատակով պէտք է ուսումնասիրենք, որպէսզի հետագային կիրարկենք զանոնք, ըլլայ մեր կեանքին մէջ կամ դաշտի ծառայութեան մէջ։ [Ուղեգիրք էջ 36 § 10]
3. Ընդարձակուած բառագիտութեան նպատակն է աշխարհային մարդոց տպաւորել թէ Եհովայի Վկաները զարգացած եւ ատակ են։ [Ուղեգիրք էջ 55 § 7]
4. Յովհաննէս գիտէր թէ Յիսուս իրմէ առաջ գոյութիւն ունէր երկնքի մէջ որպէս հոգեղէն անհատ մը։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 14. Դիտ. 9/1/86 էջ 8–9]
5. Երբ Մարիամ թելադրեց որ Յիսուս բան մը ընէ գինիին պակասին նկատմամբ, սկիզբը Յիսուս դժկամեցաւ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 15. Դիտ. 10/1/86 էջ 8–9]
6. Առ ի պատասխան Հրեայ ծախողներուն ու դրամ փոխողներուն պահանջին որ նշան մը ցուցնէ, Յիսուս բառացի տաճարին ակնարկեց։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 16. Դիտ. 11/1/86 էջ 25]
7. Նորէն ծնիլը պարզապէս ջերմ փափաք մըն է Եհովան տեսնելու։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 17. Դիտ. 12/1/86 էջ 8–9]
8. Մատթէոս մաքսահաւաքները իր տունը կանչած էր որպէսզի անոնք Յիսուսի ուսուցումը լսեն եւ հոգեւորապէս բժշկուին։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 27. Դիտ. 11/1/87 էջ 24]
9. Եհովա կարգադրեց Յուդայի ցեղին որ ‘Աստուծոյ պատուիրանքները սորվեցնէ Յակոբին ու Աստուծոյ օրէնքը՝ Իսրայէլին’։ (Բ. Օր. 33։10) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 8/15/88 էջ 11 § 7։]
10. Գաբաւոնացիները կը պատկերացնեն մնացորդը։ (Յես. 10։1–11) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 1/1/87 էջ 22 § 8։]
Հետեւեալ հարցումներուն պատասխանեցէք.
11. Ձեռագիր դասախօսութիւն մը ներկայացնելու ատեն, ի՞նչ է այն գլխաւոր դժուարութիւնը զոր պէտք է յաղթահարել։ [Ուղեգիրք էջ 31 § 9]
12. Ինչպէ՞ս կարելի է խօսակցութեան մը բնաբանը որոշել։ [Ուղեգիրք էջ 44 § 2]
13. Ինչո՞ւ շիտակ էր որ Յիսուս մկրտուէր։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 12. Դիտ. 7/1/86 էջ 20–1]
14. Պատանիները ինչպէ՞ս կրնան սիրահարութիւնը յաղթահարել։ [Երիտասարդները կը Հարցնեն գլուխ 28]
15. Յիսուս իր մկրտութենէն ետք, ինչո՞ւ Աստուծոյ հոգիէն մղուած Յուդայի անապատը առաջնորդուեցաւ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 13. Դիտ. 8/1/86 էջ 8]
16. Եհովայի խօսքերը ինչպէ՞ս կը սնուցանեն մեզ։ (Բ. Օր. 8։2, 3) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 3/1/86 էջ 17 § 15։]
17. Բ. Օրինաց 22։28, 29–ի մէջ, Աստուծոյ օրէնքը ինչո՞ւ կ’ըսէ թէ այն Իսրայելացին որ սեռային յարաբերութիւն կ’ունենար չնշանուած կոյսի մը հետ, պէտք էր անոր հետ ամուսնանար ու բնաւ չէր կրնար զանիկա արձակել։ [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 11/15/89 էջ 31։]
18. Երբ նկատի կ’առնենք այն համադաշնակցութիւնը որ Իսրայէլի առջեւ գտնուեցաւ, այսօր ի՞նչ նոյնանման վիճակ մը կը տեսնենք։ (Յես. 9։1, 2) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 1/1/87 էջ 22 § 5։]
19. Մոլորակներու շարժումին մասին գիտական արտայայտութիւն մը ընելու տեղ, Յեսու ի՞նչ ուզեց ըսել Յեսուայ 10։13–ի մէջ։ [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 10/1/81 էջ 5 (Անգլ.), (3/82 էջ 62, Արբ.)։]
20. Դասախօսութեան մը բացման խօսքերը պէտք է ծառայեն ի՞նչ երկու նպատակներ։ [Ուղեգիրք էջ 46 § 9]
Հայթայթեցէք պէտք եղած բառը կամ նախադասութիւնը՝ հետեւեալ արտայայտութիւնները ամբողջացնելու համար.
21. Երբ Աստուածաշունչի ընթերցումը կը վերջացնէք, յարմար պիտի ըլլայ ժամանակ յատկացնելը . . . . . . . . . . . . . ընելու եթէ կէտերը յստակ չեն։ [Ուղեգիրք էջ 35 § 7]
22. Երբ դասախօսութիւն մը կը պատրաստէք, պէտք է բացառէք այն կէտերը որոնք իրապէս չեն նպաստեր ձեր . . . . . . . . . . . . . ։ [Ուղեգիրք էջ 41 § 10]
23. Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ, իւրաքանչիւր նշանակումի համար լաւ կերպով նախապատրաստուելով, թոյլ կու տանք որ . . . . . . . . . . . . . Եհովայի հայթայթած դաստիարակչական այս յայտագրով։ [Ուղեգիրք էջ 43 § 18]
24. ‘‘Կեանքը գրաւ առած կ’ըլլայ’’ ան որ անհատի մը . . . . . . . . . . . . . կը գրաւէ։ (Բ. Օր. 24։6) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 3/1/85 էջ 31։]
25. Յիսուս ինք չէր . . . . . . . . . . . . . , բայց իր հովանաւորութեան ներքեւ իր աշակերտները կը մկրտէին։ Անոնց կատարած մկրտութիւնը Յովհաննէսի մկրտութեան . . . . . . . . . . . . . ունէր։ Սակայն, իր յարութենէն ետք, Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց որ . . . . . . . . . . . . . ունեցող . . . . . . . . . . . կատարեն։ Քրիստոնէական մկրտութիւնը այսօր կը խորհրդանշէ . . . . . . . . . . . . . , Եհովայի ծառայելու համար։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 18. Դիտ. 1/1/87 էջ 8–9]
Ընտրեցէք շիտակ պատասխանը հետեւեալ արտայայտութիւններուն մէջէն.
26. Լաւ բան մըն է տանուտէրներուն հարցումներ ուղղելը, քանի որ ասիկա անոնց (աւելի հակամէտ կը դարձնէ լսելու. կը մղէ տեսնելու թէ պատասխանը չեն գիտեր. կ’օգնէ որ գիտակցին թէ սխալ կրօնքը իրենց չէ սորվեցուցած պատշաճ կերպով)։ [Ուղեգիրք էջ 52 § 12]
27. Այն անհատը որ պատշաճ կերպով ժամադրութիւն կ’առնէ հակառակ սեռին պատկանող անձի մը հետ, (կարող պիտի ըլլայ Աստուածաշունչի բարոյականութեան հետեւիլ. ազատ պիտի ըլլայ սիրտ վիրաւորելու)։ [Երիտասարդները կը Հարցնեն էջ 234–35]
28. Պատանեկութեան շրջանին ժամադրութիւն առնելը հակառակ սեռին պատկանող անհատի մը հետ, պիտի փաստէ (օգտակար ու վարձահատոյց ըլլալ. ‘‘սիրոյ մէջ յուսախաբութեան’’ աղբիւր մը ըլլալ)։ [Երիտասարդները կը Հարցնեն էջ 232–33]
29. (Քմահաճոյքը կամ բոլոր խնդիրներու լուծումը. Սեռային յարաբերութիւններուն առնչութեամբ անիրապաշտական ակնկալութիւնը. Ընտանիք մը վարելու կամ ապրուստը ապահովելու կարողութիւնը եւ երջանկութեան աղբիւր մը) պատշաճ տեսակէտն է ամուսնութեան նկատմամբ։ [Երիտասարդները կը Հարցնեն գլուխ 30]
30. ‘Իմաստութեամբ վարուիլ’ կը նշանակէր վարուիլ (Եգիպտոսի կուտակուած ամբողջ գիտութեան համաձայն. ներատեսութեամբ. զգուշութեամբ)։ (Յես. 1։8) [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 3/15/89 էջ 13 § 10։]
Հետեւեալ համարները համեմատեցէք արտայայտութիւններուն հետ.
Բ. ՕՐ. 12։24. ՍԱՂՄ. 72։13. ՄԱՏԹ. 9։1–8. ՄԱՏԹ. 28։19, 20. ՄԱՐ. 1։35–39
31. Այս հրահանգներուն ի տես, ամէն Քրիստոնեայ կարիքը ունի իր սորվեցնելու կարողութիւնը բարելաւելու։ [Ուղեգիրք էջ 49 § 2]
32. Յիսուս երկիր եկաւ, մասնաւորաբար Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին քարոզելու համար, որ իր Հօրը անունը պիտի ջատագովէր եւ վերջնական լուծում մը պիտի բերէր մարդոց հիւանդութեանց։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 24. Դիտ. 8/1/87 էջ 8–9]
33. Այս արգելումին համար, Եհովայի Վկաները չեն ընդունիր որ իրենց արիւնը մէկ կողմ պահուի ու հետագային ետ իրենց տրուի։ [Շաբաթական ընթերցումը. տեսնել Դիտ. 3/1/89 էջ 30 (Անգլ.)։]
34. Բորոտին հետ Յիսուսի ունեցած վարմունքը մեզի կը վստահեցնէ թէ իր Թագաւորութեան ընթացքին, Աստուածաշունչի այս մարգարէութիւնը պիտի կատարուի իր վրայ։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 25. Դիտ. 9/1/87 էջ 8–9]
35. Յիսուս թոյլ տուաւ ամբոխին, զինք քննադատողներուն ալ, որ տեսնեն սքանչելի դէպք մը որ պիտի յայտնէր թէ ինք իշխանութիւն ունի երկրի վրայ մեղքեր ներելու եւ թէ ինքն է արդարեւ մեծագոյն մարդը որ ապրած է։ [Մեծագոյն Մարդը գլուխ 26. Դիտ. 10/1/87 էջ 8–9]