ԶԳԱՍՏՈՒԹԻՒՆՈՎ ՈՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՈՎ ԱՊՐԻՆՔ
1 Մենք կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ որ զօրաւոր ազդեցութիւն կը բանեցնէ ամբարշտութեան մղելու։ Այս դրութեան չափանիշները կը շարունակեն վատթարանալ։ (Բ. Տիմ. 3։3) Որպէս Քրիստոնեաներ, պէտք է շիտակ բաներուն կառչինք եւ հասկնանք թէ ինչո՛ւ պէտք է շարունակենք այդպէս ընել։ Բայց ի՞նչ ուղղութիւն եւ առաջնորդութիւն մատչելի են։ Ի՞նչ չափանիշներու պէտք է հետեւինք։ 1993 ծառայութեան տարուան մեր մէկ օրուայ մասնաւոր համաժողովին յայտագրին համար, ընտրուած է «Զգաստութիւնով ու Արդարութիւնով Ապրինք» քաջալերական բնաբանը։—Տիտ. 2։12
2 Դասախօսութիւններու, ցուցադրութիւններու, եւ փորձառութիւններու միջոցաւ, պիտի սորվինք ի՛նչպէս կրնանք մենք մեզ զօրացնել ամբարշտութիւնը դիմադրելու եւ աշխարհային ցանկութիւնները ուրանալու։ Նաեւ պիտի տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կարելի է զգաստութեամբ ու արդարութեամբ ապրիլ այս չար դրութեան մէջ։ Հայթայթումներ պիտի ուրուագծուին մեզի օգնելու որ մեր մտային կարողութիւնները պահպանենք։ (Ա. Պետր. 4։7) Ծնողները եւ պատանիները մասնաւորաբար պիտի ուզեն ուշադիր ըլլալ այն դասախօսութիւններուն եւ տեսակցութիւններուն որոնք կէսօրէ ետք պիտի ներկայացուին։ Ատոնք պիտի շեշտեն աստուածային իմաստութիւն եւ փորձառութիւն ձեռք ձգելու կարիքը եւ աստուածպետական ուրախ ապագայի մը համար միասնաբար աշխատիլը։
3 Թէեւ շրջապատուած ենք ամբարիշ աշխարհով մը, Աստուծոյ Խօսքը կ’առաջնորդէ մեզ հետեւելիք լաւագոյն ընթացքին մէջ։ Աստուածաշունչի խրատին մտիկ ընելու օրհնութիւնները ցցուն պիտի ըլլան այն դասախօսութեամբ որու բնաբանն է՝ «Տխուր Աշխարհի մը Մէջ Ձեր Օրհնութիւններուն Վրայ Գուրգուրացէք»։ Մինչ կը պատրաստուինք ներկայ գտնուելու, կ’ուզենք մեր միտքը պահել թէ յայտագրին ուշի ուշով մտիկ ընելը եւ խրատը կիրարկելը մեզի կարող պիտի դարձնեն աւելի ազդեցիկ ըլլալու Եհովայի մատուցուած մեր ծառայութեան մէջ։—Փիլպ. 3։15, 16