ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
◼ Ներկայացուելիք գրականութիւնները Օգոստոսին՝ Դուք Կրնաք Յաւիտեան Ապրիլ Երկրային Դրախտի մը Մէջ։ Սեպտեմբերին՝ Աստուածաշունչի Պատմութիւններու Հաւաքածոյ։ Հոկտեմբերին՝ բաժանորդագրութիւն Զարթի՛րին կամ Դիտարանին կամ երկուքին։ Երբ հարազատ հետաքրքրութիւն կը գտնուի, կարելի է բաժանորդագրութիւններ ընել մէկ տարուայ կամ վեց ամսուայ համար։ Պարբերաթերթերուն եռամսեայ հրատարակութիւններուն բաժանորդագրութիւններ ընելու կարգադրութիւն չկայ։ Մի քանի տարուայ համար բաժանորդագրութիւն ընելը ընդունելի չէ։ Նոյեմբերին՝ Աստուածաշունչը Աստուծո՞յ թէ Մարդոց Խօսքն Է։ ՆՕԹԱԳՐՈՒԹԻՒՆ. Այն ժողովքները որոնք տակաւին չեն խնդրած վերոյիշեալ ներկայացուելիք գրականութիւնները, պէտք է խնդրեն իրենց յաջորդ ամսական Գրականութիւններու Խնդրանքի «Ֆօրմ»ին (S–14) միջոցաւ։ Ներկայացնելը պէտք է ըլլայ վերայցելութիւններուն եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին։
◼ Բոլոր անոնք որոնք ժողովքի մը հետ կ’ընկերակցին, Դիտարանի եւ Զարթի՛րի իրենց բաժանորդագրութիւնները պէտք է ժողովքին միջոցաւ նորոգեն։
◼ Ժողովքները պէտք է սկսին խնդրել Եհովայի Վկաներու 1993-ի Օրացոյցը, իրենց Սեպտեմբեր ամսուան գրականութիւններու խնդրանքին հետ։ Օրացոյցները մատչելի պիտի ըլլան հետեւեալ լեզուներով. Անգլերէն, Գերմաներէն, Դանիերէն, Իտալերէն, Լեհերէն, Խրուաթերէն, Հոլանտերէն, Հունգարերէն, Ճաբոներէն, Յունարէն, Նորվեկերէն, Շուէտերէն, Ուքրաներէն, Չեխերէն, Չինարէն, Ռումաներէն, Ռուսերէն, Սերպերէն, Սպաներէն, Փորթիւկալերէն, Քորեայերէն, Ֆինլանտերէն, եւ Ֆրանսերէն։
◼ Իւրաքանչիւր ժողովք պիտի ստանայ Գրականութիւններու Վաճառացուցակի «ֆօրմ»էն երեք օրինակներ եւ պէտք է գրականութիւններուն իսկական համրանքը առնէ։ Հաճեցէք կատարելապէս լեցնել «ֆօրմ»երը, եւ բուն օրինակը մեզի ղրկել ոչ աւելի ուշ քան Սեպտեմբեր 6, 1992։ Երրորդ օրինակ մը կը ղրկենք սեւագրութեան համար։
◼ Բաւարար քանակով «ֆօրմ»եր պիտի ղրկուին իւրաքանչիւր ժողովքի, որպէսզի գործածուին 1993-ի ծառայութեան տարուան ընթացքին։ Այս «ֆօրմ»երը պէտք չէ վատնել։ Պէտք է զանոնք գործածել միայն իրենց որոշուած նպատակին համար։