ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԸ ԸՆԴՈՒՆԻԼ, ԿԻՐԱՐԿԵԼ, ԵՒ ԱՆԿԷ ՕԳՏՈՒԻԼ
1 Թէեւ միլիոնաւոր մարդիկ Աստուածաշունչի օրինակ մը ունին, շատեր զանիկա չեն ընդունիր որպէս Աստուծոյ Խօսքը, մեծամասնութիւնը չի կիրարկեր անոր իմաստուն խրատը, եւ հետեւաբար քիչեր անկէ կ’օգտուին։ Բայց եւ այնպէս, Եհովայի ժողովուրդը իսկապէս կը հաւատայ թէ անիկա Աստուծոյ Խօսքն է եւ թէ ամէն բանի օգտակար է։ (Բ. Տիմ. 3։16, 17) Ուստի, 1993 ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի յայտագրին բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Աստուծոյ Խօսքը Ընդունիլ, Կիրարկել, եւ Անկէ Օգտուիլ»։
2 Հոն դասախօսութիւններ, ցուցադրութիւններ, կարճ տեսիլներ, փորձառութիւններ, եւ տեսակցութիւններ պիտի ներկայացուին մեզ քաջալերելու, Աստուծոյ Խօսքին հանդէպ մեր գնահատանքը խորացնելու, եւ մեզի օգնելու որ աւելի լման կերպով կիրարկենք զանիկա կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ։ Առաւօտեան նիստի յայտագիրը նկատի պիտի առնէ խրատը եւ կրթութիւնը ընտանեկան շրջանակէն ներս՝ զբօսանքի, ընկերակցութեան, եւ նիւթապաշտութեան նկատմամբ։ Ան ցոյց պիտի տայ թէ ինչպէ՛ս պէտք է աշխարհէն տարբեր ըլլանք ու անոր գէշ վարքը եւ անպատկառ կամ պիղծ լեզուն չորդեգրենք։ Ասկէ զատ, քաջալերութիւն պիտի հայթայթուի առանձին մնացած ծնողներուն եւ անհայր դեռահասակներուն ի նպաստ։
3 Նաեւ, նոր նուիրուած անհատներ մկրտուելու առիթը պիտի ունենան, նիւթին շուրջ սուրբ գրային դասախօսութիւն մը լսելէ յետոյ։ Անոնք որոնք կը ծրագրեն շրջանային համաժողովին մկրտուիլ, պէտք է իրենց փափաքը շուտով յայտնեն ժողովքի վերակացու տեսուչին, որպէսզի բաւարար ժամանակ ունենայ կարգադրելու որ երէցներ նկատի առնեն իրենց հետ մկրտութեան թեկնածուներուն համար պատրաստուած հարցումները։
4 Համաժողովի յայտագիրը պիտի քննէ կերպեր որոնցմով մենք մեզ աշխարհէն կը զատենք, Աստուծոյ Խօսքին ենթարկուելով։ Նկատի առնուելիք նիւթերէն մաս կը կազմեն՝ մեր արտաքին երեւոյթին կարեւորութիւնը եւ ինչպէ՛ս խուսափիլ մեր միտքը ապականելէն։ Կէսօրէ ետք, նահանգային տեսուչը պիտի ներկայացնէ հանրային դասախօսութիւնը, որու բնաբանն է՝ «Ի՞նչ Բան կը Դրոշմէ Աստուածաշունչը Որպէս Հարազատ»։ Կ’ուզենք բոլոր հետաքրքրուած անհատները հրաւիրել այս ընտիր յայտագրին։
5 Այս շրջանային համաժողովի յայտագրին թուականն ու վայրը պիտի հայթայթուին ձեր շրջանային տեսուչին միջոցաւ, եւ բոլորը կը քաջալերենք որ ներկայ ըլլան որպէսզի Աստուծոյ Խօսքին խրատը ընդունին, կիրարկեն, ու անկէ օգտուին։—Յակ. 1։22–25