ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻ ՆՈՐ ՅԱՅՏԱԳԻՐ
1 Մատթէոս 6։33–ի մէջ արձանագրուած Յիսուսի խօսքերուն հնազանդ ըլլալով, ճշմարիտ Քրիստոնեաները Թագաւորութիւնը միշտ պահած են առաջին տեղը իրենց կեանքին մէջ։ Ուստի, «Շարունակեցէք Թագաւորութիւնը Նախ Փնտռել» յարմար բնաբան մըն է շրջանային համաժողովի յայտագրին որ պիտի սկսի Սեպտեմբեր 1993–ին։
2 Սկիզբէն յայտագիրը ցցուն պիտի ընէ թէ Թագաւորութիւնը իրականութիւն մըն է, շեշտելով թէ անիկա գործունեայ կառավարութիւն մըն է որ ունի հողամաս, իշխաններ, հպատակներ եւ օրէնքներ։ Իրականութեան մէջ, մարդկային կառավարութիւններու շատ մը օրէնքները, որոնք ներկայիս ընկերութեան օգտակար են, Աստուածաշունչի օրէնքներուն վրայ հիմնուած են։
3 Նկատի պիտի առնուին այն պաշտպանութիւնն ու օրհնութիւնները զորս կը ստանանք Թագաւորութեան տալով առաջնութիւնը մեր կեանքի բոլոր երեսակներուն մէջ։ Օգնական խրատ պիտի ներկայացուի ցոյց տալու թէ ի՛նչպէս կրնանք անտեղի մտահոգութենէ խուսափիլ։ Դասախօսութիւններ, ցուցադրութիւններ եւ տեսակցութիւններ ցոյց պիտի տան թէ ինչու մեր աչքը պարզ պահելը այսքան կարեւոր է։
4 Համաժողովին ընթացքին, մկրտութեան որակելի թեկնածուները պիտի կարենան Եհովայի իրենց նուիրումին հանրային յայտարարութիւնը ընել։ Բոլորս ալ պիտի ուզենք ներկայ գտնուիլ հանրային դասախօսութեան համար, որու բնաբանն է՝ «Ինչ Որ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը Պիտի Ընէ Մարդկութեան Համար»։
5 Վստահ եղէք որ ձեր ծրագիրները ընէք շրջանային համաժողովին ներկայ գտնուելու համար։ Համաժողովի յայտագիրը, հաճոյալի եղբայրական ընկերակցութեան հետ մէկտեղ, պիտի հայթայթէ այնպիսի թարմացուցիչ եւ կազդուրիչ քաջալերանք մը որ մեզմէ ոչ ոք պիտի ուզէ զայն փախցնել։