Նոր Շրջանային Համաժողովին Յայտագիրը
1 Սեպտեմբերին սկսող նոր շրջանային համաժողովի յայտագրին բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Արթո՛ւն Կեցէք, Հաստա՛տ Կեցէք, Զօրացէ՛ք»։ Անիկա հիմնուած է առաջին դարու Քրիստոնեաներուն Պօղոս առաքեալի ըսած քաջալերական խօսքերուն վրայ, որոնք արձանագրուած են Ա. Կորնթացիս 16։13–ին մէջ։
2 Յայտագիրը պիտի սկսի ցցուն ընելով մեր յարատեւ կարիքը հոգեւոր ինքնաքննութեան։ Այս «վերջին օրեր»ուն մէջ շիտակ բաներուն զօրեղ կերպով կառչիլը կը պահանջէ որ իրապաշտօրէն զննենք մեր յարաբերութիւնը Եհովայի հետ եւ մեր կեցուածքը՝ իր երկրային կազմակերպութեան մէջ։ (Բ. Տիմ. 3։1) Պիտի վերյիշենք թէ Աստուած կը գնահատէ մեր ժրաջան աշխատանքը։ Խրատ պիտի ստանանք թէ ինչ կերպերով կրնանք մեր Քրիստոնէական յատկութիւնները բարեփոխել եւ օրինակելի վարք մը պահպանել։
3 Նաեւ պիտի շեշտուի կարիքը նախանձախնդիր ըլլալու աշակերտելու գործին մէջ մինչ կը տենչանք հոգեւոր յառաջդիմութեան ու պատասխանատուութեան։ Զանազան դասախօսութիւններով, ցուցադրութիւններով ու քննարկութիւններով պիտի ներկայացուին գործնական առաջարկներ թէ ի՛նչպէս անհատներ եւ ընտանիքներ կրնան պահպանել հոգեւորապէս սնուցանուելու կանոնաւոր յայտագիր մը։
4 Համաժողովին ընթացքին, որակելի թեկնածուներ պիտի կարենան իրենց նուիրումը յայտարարել ջուրի մկրտութեամբ։ Իսկ կէսօրէ ետք, բոլորս ալ պիտի ուզենք հանրային դասախօսութեան ներկայ գտնուիլ, որու բնաբանն է՝ «Ի՞նչ Է Ձեր Կեցուածքը Աստուծոյ Առջեւ»։
5 Յայտագիրը պիտի եզրափակէ քաջալերութիւն տալով որ հաւատքին մէջ հաստատ մնանք, իրարու հետ միշտ վարուինք սիրոյ ու խաղաղութեան հոգիով։ Շրջանային համաժողովը մեր բոլորին համար Եհովայի հայթայթած մասնաւոր պատեհութիւններէն մէկն է, որպէսզի «իրարու հոգ տանինք՝ սիրոյ եւ բարեգործութեան մղելով»։ (Եբր. 10։24, 25) Հաստատ ծրագիրներ ըրէք ամբողջ յայտագրին ներկայ գտնուելու։