Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր
1 Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային համաժողովներուն բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Մտիկ Ընենք եւ Սորվինք Աստուծոյ Խօսքին Հնազանդիլ»։ Այս բնաբանը, որ առնուած է Բ. Օրինաց 31։12, 13–էն, կը հայթայթէ յարմար հիմ մը ամբողջ յայտագրին որպէսզի աչքառու դարձնէ այնպիսի դասեր զորս պէտք է սորվինք ու կիրարկենք։
2 Թէեւ մարդոց մեծամասնութիւնը այսօր մտիկ կ’ընէ ներշնչուած մոլորեցուցիչ արտայայտութիւններու, իւրաքանչիւրիս կենսական կարիք մը կայ որ Աստուծոյ Խօսքին մտիկ ընենք եւ սորվինք անոր հնազանդիլ։ (Ղուկ. 11։28. Ա. Տիմ. 4։1) Ասիկա ի մտի ունենալով, շրջանային համաժողովի յայտագիրը ծրագրուած է որ քաջալերութիւն եւ օգնութիւն հայթայթէ հրատարակիչներուն, ընտանիքներուն, երէցներուն եւ ռահվիրաներուն։ Շաբաթ օրը, չորս բաժիններէ բաղկացած յօդուածաշարք մը պիտի ներկայացուի սա նիւթին մասին. «Մեր Խնդիրներուն Հետ Գլուխ Ելլենք—Աստուծոյ Խօսքին Ուշադրութիւն Ընծայելով»։ Իսկ Կիրակի առաւօտուն, պիտի ներկայացուի յօդուածաշարք մը որու խորագիրն է՝ «Սուրբ Գրութիւնները Ինչպէ՛ս Արդարութեան մէջ կը Կրթեն»։ Ամբողջ յայտագիրը պիտի մատուցանէ հոգեւոր քաջալերութիւն մը զոր դուք եւ ձեր ընտանիքը պէտք չէ փախցնէք։
3 Թէ՛ Շաբաթ եւ թէ Կիրակի օրերը, դաշտի ծառայութեան համար գործնական թելադրութիւններ պիտի ներկայացուին եւ ցուցադրուին։ Քաջալերական ու դաստիարակիչ փորձառութիւններ եւ հարցազրոյցներ նաեւ պիտի ներկայացուին։ Ուստի, ներկայ ըլլալով եւ մտիկ ընելով այն միտումով որ ձեր սորվածը ի գործ պիտի դնէք, աւելի լաւ դիրքի մէջ պիտի ըլլաք Աստուծոյ Խօսքին պատուիրաններուն լիովին հնազանդելու։
4 Շրջանային համաժողովի ուշագրաւ երեսակներէն մէկը պիտի ըլլայ վերջերս նուիրուած եղբայրներու եւ քոյրերու մկրտութիւնը։ Իրենց նուիրումի այս հանրային յայտարարութենէն բաւական առաջ, թեկնածուները պէտք է մկրտուելու իրենց փափաքը յայտնեն վերակացու տեսուչին, որպէսզի կարենայ կարգադրել որ երէցներ իրենց հետ հանդիպում ունենան։
5 Այս շրջանային համաժողովի հանրային դասախօսութեան խորագիրն է՝ «Ինչո՞ւ Աստուածաշունչով Առաջնորդուինք»։ Հրաւիրեցէք հետաքրքրուած անհատները որ ներկայ ըլլան։ Ակնկալելով այն շատ պէտք եղած քաջալերութիւնն ու օժանդակութիւնը զորս դուք եւ ձեր ընտանիքը պիտի ստանաք, հաստատ ծրագիրներ ըրէք ամբողջ յայտագրին ներկայ գտնուելու։