ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐ ՅՈՒԼԻՍ ԱՄՍՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ
Յուլիս 5–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 47
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ եւ Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւն թերթիկէն յարմար ԾԱՆՈՒՑՈՒՄՆԵՐ։ Թող երկու կամ երեք հրատարակիչներ նախապատրաստուած ըլլան մեկնաբանելու թէ ինչպէս պարբերաթերթերուն հին թիւերը կ’օգտագործեն։
15 վյրկ. «Գրքոյկներ Ներկայացնենք Հետաքրքրուած Անհատներու Վրայ Փնտռելու»։ Հարց պատասխանով։ 5–րդ պարբերութեան մէջ ակնարկուած գրքոյկներն են. Երրորդութեան Պէ՞տք Է Հաւատաք, Աստուած Իրապէս կը Հոգա՞յ Մեզի եւ Այն Կառավարութիւնը Որ Դրախտ Պիտի Բերէ։ Ժողովքին տեղեկացուցէք մատչելի գրքոյկներու մասին եւ մեկնաբանութիւններ խնդրեցէք թէ ո՛ր գրքոյկները մասնաւորաբար յարմար պիտի ըլլան տեղական թաղամասին համար։ Խանդավառօրէն եղբայրները քաջալերեցէք լման բաժին բերելու գրքոյկները ներկայացնելու մէջ Յուլիս ամսուան ընթացքին։ Նաեւ մատնանշեցէք թէ շատ անգամ անոնք որոնք գրքոյկ մը կ’ընդունին, կը փափաքին պարբերաթերթեր ալ ստանալ։
20 վյրկ. «Յուլիսին՝ Գրքոյկներէն Ազդեցիկ Կերպով Օգտուինք»։ Ժողովքին հետ կէտերը նկատի առէք եւ 3, 5 եւ 7–րդ պարբերութիւններուն մէջ յիշուած ներկայացումները ցուցադրեցէք։ Քաջալերեցէք լաւ նախապատրաստութիւնը։
Երգեցողութիւն թիւ 32 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 12–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 63
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Կարդացէք հաշիւի տեղեկագիրը եւ նուիրատուութեան որեւէ ընկալագիր։ Ժողովքին վերյիշեցուցէք դաշտի ծառայութեան կարգադրութիւնները եւ բացատրեցէք այլազան խօսակցական կէտեր պարբերաթերթերէն։
20 վյրկ. «Վերադառնանք Աստուածաշունչին Հանդէպ Հետաքրքրութիւն Գրգռելու Համար»։ Հակիրճ բացումէ մը ետք, ցուցադրեցէք անհատի մը վերայցելելը, որ հետաքրքրութիւն յայտնած է բայց հրատարակիչին ներս չէ հրաւիրած։ Նաեւ, ցուցադրեցէք ինչպէս վերայցելել անհատ մը որ շատ զբաղած ըլլալուն համար խօսակցութիւն չէր եղած իր հետ։ Իւրաքանչիւր պարագային, ցոյց տուէք թէ ինչպէս հրատարակիչը խօսակցութիւնը կը սկսի եւ հետաքրքրութիւնը կը գրգռէ։
15 վյրկ. Տեղւոյն կարիքներ կամ հարցազրոյց ունեցէք երկու կամ երեք հրատարակիչներու հետ թէ ինչպէս ճշմարտութիւնը սորվեցան։ Այսպիսի փորձառութիւններ պէտք է նախապէս ընտրուին եւ ցոյց տան ծառայութեան ազդուութիւնը։
Երգեցողութիւն թիւ 143 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 19–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 129
15 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Աստուածպետական Լուրեր։ Նաեւ, ունկնդիրներուն հետ նկատի առէք «Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր» յօդուածը։
15 վյրկ. «Կրնա՞ք Զայն Ընել»։ Ունկնդիրներուն հետ խօսակցութիւն։ Հարցազրոյց ունեցէք մէկ կամ երկու կանոնաւոր ռահվիրաներու հետ կամ՝ մէկ կամ երկու հրատարակիչներու հետ որոնք ժամանակ առ ժամանակ կը ծառայեն որպէս օժանդակ ռահվիրաներ։ Անոնք թող պատմեն թէ ինչպէս որոշում առին աւելին ընելու եւ ինչպէս իրենց գործունէութիւնները կը կազմակերպեն։
15 վյրկ. Երէցի մը կողմէ դասախօսութիւն անձնական մաքրութեան մասին, հիմնուած Դիտարան Յուլիս 1, 1989, թիւին վրայ, էջ 15–20։ Դասախօսութիւնը պէտք է ներկայացուի ազնուութեամբ եւ լաւ դատողութեամբ։
Երգեցողութիւն թիւ 38 եւ փակման աղօթք։
Յուլիս 26–ով Սկսող Շաբաթը
Երգեցողութիւն թիւ 172
10 վյրկ. Տեղական ծանուցումներ։ Երէց մը նկատի կ’առնէ ժողովքին Յունիս ամսուայ դաշտի ծառայութեան տեղեկագիրը, գովասանք ու քաջալերութիւն տալով։ Նաեւ բացատրեցէք պարբերաթերթերէն երկու կամ երեք յարմար խօսակցական կէտեր, գործածելու համար դաշտի ծառայութեան մէջ։
15 վյրկ. «Խաչ»։ Պատճառաբանել գիրքը, էջ 89–93։ Պէտք է ներկայացուի որպէս տանուտիրոջ մը վերայցելութիւն, որ ընդունած է «Ահա» գրքոյկը։ Տանուտէրը կ’ակնարկէ գրքոյկին 17–րդ էջին եւ կը հարցնէ թէ ինչո՛ւ Յիսուս նկարագրուած է ցիցի մը վրայ փոխանակ խաչի մը վրայ։ Եղբայրը կը գործածէ Պատճառաբանել գիրքը տանուտիրոջ օգնելու որ Աստուածաշունչի տեսակէտը ըմբռնէ։
20 վյրկ. «Դիտարանն ու Զարթի՛րը Օգտագործենք»։ Հարց պատասխանով։ Բոլորին օգնեցէք որ գնահատեն օրական մեր ունեցած շատ մը պատեհութիւնները պարբերաթերթերը տեղաւորելու, թէ՛ ընթացիկ եւ թէ հին թիւերը։
Երգեցողութիւն թիւ 162 եւ փակման աղօթք։