Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր
1 Սեպտեմբերէն սկսեալ, շրջանային համաժողովի նոր յայտագիրը հետեւեալ բնաբանը պիտի զարգացնէ. «Տալու Մեծագոյն Ուրախութիւնը Վայելենք»։ (Գործք 20։35) Ուրախութիւնը նկարագրուած է որպէս «բարօրութեան ու գոհունակութեան վիճակ մը»։ Ներկայիս մարդոց մեծամասնութիւնը կը ջանայ կեանքէն որեւէ հաճոյք ձեռք ձգել, իսկ ասիկա յաճախ ժամանակաւոր է։ Անիկա իսկական ուրախութիւն չէ։ Սակայն, Եհովա մեզի կը սորվեցնէ ինչպէ՛ս մենք մեզի յաւիտեան օգտենք։ (Եսայ. 48։17. Ա. Յովհ. 2։17) Շրջանային համաժողովի նոր յայտագիրը պիտի շեշտէ թէ ինչպէ՛ս կրնանք հոգեւոր գետնի վրայ տալով աւելի մեծ ուրախութիւն ձեռք ձգել։
2 Ծառայութեան մէջ մեր անձերէն տալու նկատմամբ գործնական կերպեր պիտի սորվինք։ Ճամբորդող տեսուչներուն կողմէ տրուելիք կարգ մը դասախօսութիւններուն բնաբաններն են. «Անիրաւ Մամոնայէն Մեզի Բարեկամներ Ընենք», «‘Մարդոց Ձեւով Պարգեւներ’ու Աստուածային Կարգադրութիւնը Յարգենք» եւ «Իսկական Ուրախութեան Բազմաթիւ Երեսակները Վայելենք»։ Համաժողովին մկրտուիլ փափաքող անհատները վերակացու տեսուչին հետ պէտք է խօսին, այնպէս որ ան կարենայ կարգադրել որ երէցներ անոնց հետ մկրտութեան հարցումները վերաքաղ ընեն։ Մաքուր յարաբերութեան մը մէջ Եհովայի ծառայելը մեծ ուրախութիւն պիտի բերէ նոր մկրտուած անհատներուն։
3 Եհովայի հեղինակութեան պատշաճօրէն գիտակցիլն ալ իսկական ուրախութիւն ու ապահովութիւն կը բերէ։ Բոլոր մարդիկ կարիքը ունին ասիկա գիտնալու։ Հետեւաբար, շրջանային համաժողովի հանրային դասախօսութիւնը սա բնաբանը պիտի զարգացնէ. «Աստուծոյ Ուրախ Ժողովուրդին Հետ Միացէք»։ Վստահ եղէք այս դասախօսութեան հրաւիրելու բոլոր զանոնք որոնք ճշմարտութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած են։ Անոնք հարազատ ապահովութիւն ու մնայուն ուրախութիւն չեն գտած մարդկային իշխանութեան ներքեւ այս աշխարհի մէջ, որ Սատանային զօրութեան ներքեւ է։ (Ժող. 8։9) Սակայն, անոնք որքա՜ն պիտի ուրախանան Եհովայի ուրախ ժողովուրդին հետ ընկերակցելով։—Սաղմ. 144։15բ
4 Իրերու այս դրութեան մէջ հակառակ վատթարացող վիճակներուն, ուրախ Աստուածը բնաւ յուսախաբութեան պիտի չմատնէ զանոնք որոնք հոգեւոր գետնի վրայ տալու մեծագոյն ուրախութիւնը կը վայելեն։ (Ա. Տիմ. 1։11) Շրջանային համաժողովի նոր յայտագիրը ասոր ճշմարիտ ըլլալը պիտի ապացուցանէ։ Զանիկա մի փախցնէք։