Միտքդ պահպանէ
1. 2013–ի ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովին բնաբանը ի՞նչ է, եւ յայտագրին նպատակը ի՞նչ է։
1 Յիսուս իր աշակերտներուն պատուիրեց որ Եհովան սիրեն իրենց բոլոր սրտով, անձով ու մտքով (Մատ. 22։37, 38)։ Այս տարուան բոլոր համաժողովները ծրագրուած են մեզի օգնելու որ մեր ներքին անձը զօրացնենք։ Ինչպէս կը յիշես, մեր նահանգային համաժողովին բնաբանն էր՝ «Սիրտդ պահպանէ»։ 2013–ի ծառայութեան տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին բնաբանն է՝ «Խղճմտանքդ պահպանէ»։ Իսկ յաջորդ ամիս սկսող շրջանային համաժողովներուն բնաբանն է՝ «Միտքդ պահպանէ», հիմնուած՝ Մատթէոս 22։37–ի վրայ։ Այս յայտագիրը ծրագրուած է իւրաքանչիւրիս օգնելու որ մեր անձնական խորհուրդները վերլուծենք, որպէսզի անոնք Եհովան աւելի՛ հաճեցնեն։
2. Յայտագրին ընթացքին ո՞ր հարցումներուն պատասխանները պէտք է փնտռենք։
2 Ներկայացուելիք նիւթերը։ Մինչ դասախօսութիւնները կ’ունկնդրենք, պէտք է փնտռենք պատասխանները հետեւեալ հարցումներուն, որոնք գլխաւոր կէտերը կը ներկայացնեն.
• Ինչպէ՞ս կրնանք ‘մարդոց բաները մտածելէ’ խուսափիլ։
• Ինչպէ՞ս կրնանք անհաւատներուն մտքերը կուրցնող ծածկոցը վերցնելու օգնել։
• Ի՞նչ մտածելակերպ կ’ուզենք ունենալ։
• Պատշաճ կերպով խոկալուն օգուտները ի՞նչ են։
• Ինչպէ՞ս կրնանք թոյլ տալ Եհովային որ մեր մտածումը կաղապարէ։
• Ամուսիններ, կիներ, ծնողներ եւ զաւակներ ինչպէ՞ս կրնան ընտանեկան երջանկութեան նպաստել։
• Եհովայի օրուան համար ինչպէ՞ս կրնանք պատրաստ ըլլալ։
• Ի՞նչ կը նշանակէ՝ մեր մտքերը գօտեպնդել։
• Ի՞նչ օգուտներ կը քաղեն անոնք՝ որոնք իրենց սորվածը կը կիրարկեն։
3. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ երկու օրերուն ալ ներկայ գտնուինք, լաւ ուշադրութիւն ընծայենք եւ մեր սորվածը կիրարկենք։
3 Սատանան մեր մտքին դէմ պատերազմ կը մղէ, ջանալով զայն ապականել (Բ. Կոր. 11։3)։ Ուստի, պէտք է մեր միտքը պահպանենք եւ մեր մտածումները հակակշռի տակ առնենք։ Պէտք է շարունակենք Քրիստոսի միտքը արտացոլել եւ այս անօրէն աշխարհի ազդեցութիւններուն դէմ պատերազմիլ (Ա. Կոր. 2։16)։ Ուստի, կարգադրութիւններ ըրէ որ շրջանային համաժողովի երկու օրերուն ալ ներկայ գտնուիս։ Լաւ ուշադրութիւն ընծայէ։ Ներկայացուած կարեւոր տեղեկութիւնները կիրարկելը մեզի պիտի օգնէ որ մեր մտքերը գօտեպնդենք Թագաւորութեան եռանդուն ծառայութեան համար (Ա. Պետ. 1։13)։