Խղճմտանքդ պահպանէ
1. 2013–ի ծառայութեան տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովին բնաբանը ի՞նչ է, եւ յայտագրին նպատակը ի՞նչ է։
1 Ամէն օր կը դիմագրաւենք պարագաներ, որոնք կրնան մեզ մղել մեր խղճմտանքը ոտնահարելու։ Անոր համար, 1 սեպտեմբեր 2012–էն սկսեալ, 2013–ի ծառայութեան տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին բնաբանն է՝ «Խղճմտանքդ պահպանէ» (Ա. Տիմ. 1։19)։ Յայտագիրը ծրագրուած է իւրաքանչիւրիս օգնելու, որ լուրջ ուշադրութիւն ընծայենք, թէ մեր Ստեղծիչին շնորհած այս ուշագրաւ պարգեւը ինչպէ՛ս կը գործածենք։
2. Յայտագրին ընթացքին ի՞նչ կարեւոր հարցումներ պիտի պատասխանուին։
2 Նկատի առ հետեւեալ կէտերը։ Յայտագիրը պիտի պատասխանէ խղճմտանքի վերաբերեալ եօթը գլխաւոր հարցումներու.
• Ի՞նչ բան խղճմտանքը կը վտանգէ։
• Մեր խղճմտանքը ինչպէ՞ս կրնանք մարզել։
• Ինչպէ՞ս կարելի է բոլոր մարդոց արիւնէն անպարտ ըլլալ։
• Աստուածաշունչի սկզբունքներուն մասին խորհիլը եւ անոնց համաձայն գործելը, մեր մասին ի՞նչ կը յայտնէ։
• Խղճմտանքի հարցերուն մէջ, ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշները վիրաւորելէ խուսափիլ։
• Ո՛վ պատանիներ, ինչպէ՞ս կրնաք տոկալ երբ զիջելու ճնշում բանեցուի ձեր վրայ։
• Ի՞նչ օրհնութիւններ կը ստանան անոնք՝ որոնք իրենց հոգիով–առաջնորդուած խղճմտանքին կը հետեւին։
3. Յայտագիրը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի օգտել։
3 Եհովային օգնութեամբ, մեր խղճմտանքը ապականելու Սատանայի ջանքերուն կրնանք դիմադրել։ Աստուածաշունչին եւ Իր կազմակերպութեան միջոցաւ, մեր սիրառատ երկնային Հայրը մեզի կ’ըսէ. «Ասիկա է ճամբան, ասկէ քալեցէք» (Եսա. 30։21)։ Այս յայտագիրը կերպ մըն է՝ որով Եհովան այսպիսի առաջնորդութիւն կը հայթայթէ։ Ուստի, կարգադրութիւններ ըրէ որ ամբողջ յայտագրին ներկայ գտնուիս։ Լաւ մտիկ ըրէ եւ նկատի առ թէ ինչպէ՛ս կրնաս տեղեկութիւնները անձամբ կիրարկել։ Յայտագրին մասին ընտանեօք խօսեցէք։ Տրուած ցուցմունքները կիրարկելը մեզ պիտի զօրացնէ որ շարունակենք ‘մաքուր խղճմտանք ունենալ’, եւ մեզի պիտի օգնէ որ թոյլ չտանք Սատանայի աշխարհի հաճոյքներուն, որ մեզ մղեն ընելու բան մը, որ Եհովայի հետ մեր փոխյարաբերութիւնը կրնայ կործանել (Ա. Պետ. 3։16)։