Օգոստոս 13–ով սկսող շաբթուան յայտագիրը
ՕԳՈՍՏՈՍ 13–ՈՎ ՍԿՍՈՂ ՇԱԲԱԹԸ
Երգ 38 եւ աղօթք
□ Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն
Վկայութիւն տանք գլուխ 25 պարբ. 1-7, էջ 199 եւ 200–ի շրջանակները (25 վյրկ.)
□ Աստուածպետական ծառայութեան դպրոց
Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն. Եզեկիէլ 28-31 (10 վյրկ.)
Թիւ 1. Եզեկիէլ 28։17-26 (4 վյրկ. կամ նուազ)
Թիւ 2. Յիսուս Քրիստոսի առնչութեամբ առասպելներն ու իրողութիւնները զատորոշել (5 վյրկ.)
Թիւ 3. Քաղաքական հարցերու միջամուխ ըլլալու վերաբերեալ քրիստոնեայի մը տեսակէտին ո՞ր համարները կ’ազդեն (rs էջ 273 պարբ. 2–էջ 274 պարբ. 1 [էջ 164 պարբ. 1-5, արաբ.]) (5 վյրկ.)
□ Ծառայութեան ժողով
Երգ 55
5 վյրկ. Ծանուցումներ։
10 վյրկ. Ճամբան հարթէ վերայցելութեան։ Քննարկութիւն հիմնուած՝ հետեւեալ հարցումներուն վրայ. 1) Ինչո՞ւ օգտակար է առաջին հանդիպումին ճամբան հարթել վերայցելութեան, եւ ասիկա ինչպէ՞ս կրնանք ընել։ 2) Ինչպէ՞ս կրնանք ընտրել յաջորդ այցելութեան պատասխանուելիք հարցում մը, որ տանտէրը կը հետաքրքրէ։ 3) Ինչո՞ւ լաւ է յաջորդ քննարկութեան ժամը որոշել եւ, եթէ կարելի է, տանտիրոջ հեռաձայնի թիւը կամ ել–մակը ձեռք ձգել։ 4) Ինչո՞ւ պէտք է ջանանք շուտով վերադառնալ, թերեւս քանի մը օր ետք։ 5) Առաջին հանդիպումէն ետք, ի՞նչ տեղեկութիւններ պէտք է գրի առնենք։
10 վյրկ. Մէկ կամ երկու լիաժամ ծառաներու հետ հարցազրոյց ունեցիր։ Ի՞նչ բան զիրենք քաջալերեց որ այս ծառայութեան ձեռնարկեն։ Լիաժամ ծառայութեան մէջ շարունակելու ի՞նչ մարտահրաւէրներ դիմագրաւած են, եւ ի՞նչ բան զիրենք կարող դարձուց որ յարատեւեն։ Ի՞նչ օրհնութիւններ վայելած են։ Հրատարակիչները քաջալերէ որ յաջորդ ծառայութեան տարուան ընթացքին կանոնաւոր ռահվիրայ ըլլալու մասին մտածեն։
10 վյրկ. «Խղճմտանքդ պահպանէ»։ Հարց–պատասխան։ Միօրեայ մասնաւոր համաժողովին թուականը յայտարարէ։
Երգ 46 եւ աղօթք