Ի՛նչպէս մարզել ձեր խիղճը
«ՄԱՔՈՒՐ խիղճը լաւագոյն բարձն է»։ Այս հին առածը կարեւոր իրողութիւն մը աչքառու կը դարձնէ. Երբ մեր խղճին ականջ տանք, ներքին խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն կը վայելենք։
Սակայն, ամէն մարդ չ’ուզեր ասիկա ընել։ Ատոլֆ Հիթլէր յայտարարեց թէ մարդիկը որպէս խիղճ ճանչցուած նուաստացուցիչ ցնորքէ կամ պատրանքէ մը ազատագրելու առաքելութիւնը ունէր։ Անոր սարսափազդու իշխանութիւնը սարսռալի գաղափար մը կու տայ թէ մարդ արարածը որքան անգութ կրնայ դառնալ, երբ իր խիղճը լռեցնէ։ Սակայն, ներկայիս վայրագ ոճրագործները աւելի նուազ անգութ չեն, որոնք կը բռնաբարեն ու կը սպաննեն առանց խղճի խայթ զգալու։ Անոնց մաս կազմողներուն մէջ մատղաշ տարիք ունեցողներուն թիւը երթալով կ’աւելնայ։ Այս երեւոյթը ուսումնասիրող գիրք մը հետեւեալ ենթագլուխը կը կրէր՝ Առանց Խղճի Երախաներ։
Թէեւ մարդոց մեծամասնութեան մտքին ծայրէն իսկ չ’անցնիր վայրագ ոճիր մը գործել, բայց շատեր խղճահարութիւն չեն զգար երբ սեռային անբարոյութեան, ստախօսութեան կամ խարդախութեան միջամուխ կ’ըլլան։ Ամբողջ աշխարհի մէջ բարոյական անկում մը տեղի կ’ունենայ։ Ճշմարիտ պաշտամունքէն մեծ ապստամբութեան ի տես, Պօղոս առաքեալ գրեց թէ աշխարհի ազդեցութեան տեղի տալով, կարգ մը Քրիստոնեաներու ‘խղճմտանքը պիտի խանձուէր’։ (Ա. Տիմոթէոս 4։2) Այս «վերջին օրեր»ու ընթացքին ապականութեան սպառնալիքը ա՛լ աւելի մեծ է։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Հետեւաբար, Քրիստոնեաները պէտք է տքնին իրենց խիղճը պահպանելու համար։ Ասիկա կրնանք ընել զայն մարզելով եւ մշակելով։
Միտքը, Սիրտը եւ Ձեր Խիղճը
Պօղոս առաքեալ ըսաւ. «Ստոյգը կ’ըսեմ Քրիստոսով ու չեմ ստեր, (իմ խիղճս ալ ինծի կը վկայէ Սուրբ Հոգիով)»։ (Հռովմայեցիս 9։1) Ուստի, խիղճը կրնայ վկայ մը ըլլալ։ Անիկա կրնայ վարք մը քննել, ապա զայն ընդունիլ կամ դատապարտել։ Շիտակը ու սխալը իրարմէ զանազանելու մեր կարողութիւնը, մեծաւ մասամբ մեր մէջ դրուած է մեր Ստեղծիչին կողմէ։ Այսուհանդերձ, մեր խիղճը կարելի է կաղապարել ու մարզել։ Ի՞նչպէս։ Աստուծոյ Խօսքէն ճշգրիտ գիտութիւն ստանալով։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Ձեր մտքին նորոգութիւնովը նորոգուեցէ՛ք, որպէս զի քննէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ (Հռովմայեցիս 12։2) Մինչ Աստուծոյ խորհուրդները ու կամքը ձեր մտքին մէջ կը դրոշմէք, ձեր խիղճը պիտի սկսի աւելի աստուածային կերպով գործել։
Եհովայի Վկաները աշխարհի չորս կողմը միլիոնաւոր անհատներու օգնած են ‘որ գիտութիւն ստանան Եհովա Աստուծոյ ու Յիսուս Քրիստոսի մասին’։ (Յովհաննու 17։3, ՆԱ) Տան սուրբ գրային ձրի ուսումնասիրութեան իրենց կարգադրութեամբ, անոնք պարկեշտ սիրտ ունեցողներուն կը սորվեցնեն Եհովա Աստուծոյ չափանիշները՝ սեռի, ոգելից ըմպելիներու, ամուսնութեան, առեւտրական գործառնութիւններու եւ բազմաթիւ ուրիշ հարցերու շուրջ։a (Առակաց 11։1. Մարկոս 10։6-12. Ա. Կորնթացիս 6։9, 10. Եփեսացիս 5։28-33) Աստուածային խիղճ մը մշակելու մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ այս «ճշգրիտ գիտութիւն»ը։ (Փիլիպպեցիս 1։9) Անշուշտ, Քրիստոնեայ մը Աստուածաշունչի հասուն հասկացողութիւնը ձեռք ձգելէն յետոյ, պէտք է շարունակէ իր միտքը կանոնաւորաբար սնուցանել Աստուծոյ Խօսքով, որպէսզի իր խիղճը արթուն մնայ։—Սաղմոս 1։1-3
Աստուածաշունչը նաեւ խիղճը կը կապէ այլաբանական սրտին հետ, որ առնչուած է մեր զգացումներուն ու ապրումներուն հետ։ (Հռովմայեցիս 2։15) Միտքն ու սիրտը համերաշխօրէն պէտք է աշխատին, որպէսզի խիղճը պատշաճ կերպով գործէ։ Ասիկա կը նշանակէ ձեր մտքին մէջ տեղեկութիւն զետեղելէն աւելին ընել։ Պէտք է նաեւ կաղապարէք ձեր սիրտը. ձեր ներքին զգացումները, փափաքները եւ ցանկութիւնները։ Առակաց գիրքը կը գործածէ հետեւեալին նման արտայայտութիւններ. ‘սիրտդ բաց’, ‘սիրտդ շտկէ’ եւ ‘սիրտդ դիր’։ (Առակաց 2։2. 23։19. 27։23, ՆԱ) Ասիկա ընելու կերպերէն մէկն է՝ Աստուածաշունչի խօսքերուն վրայ խոկալ։ Սաղմոս 77։12 կ’ըսէ. «Բոլոր գործերուդ վրայ պիտի խորհիմ ու քու ըրածներուդ վրայ պիտի մտածեմ»։ Խոկալը՝ մեր ամենախոր զգացումներուն եւ մղումներուն թափանցելու կը նպաստէ։
Սեպենք, զոր օրինակ, թէ պիղծ սովորութիւն մը ունիք, ինչպէս՝ ծխախոտի մոլութիւնը։ Մարդոց մեծամասնութեան նման, անկասկած գիտէք թէ անիկա առողջութեան վնաս կը հասցնէ։ Այսուհանդերձ, հակառակ ձեր բարեկամներուն եւ ընտանիքին յորդորներուն, անկէ ձերբազատուիլը դժուար կը գտնէք։ Աստուածաշունչի պատգամին մասին խորհրդածելը ի՞նչպէս կրնայ ասոր առնչութեամբ ձեր խիղճը զօրացնել։
Որպէս օրինակ, փորձեցէք Բ. Կորնթացիս 7։1–ի մէջ արձանագրուած Պօղոս առաքեալի խօսքերուն վրայ խոկալ. «Ուստի, սիրելինե՛ր, որովհետեւ մենք այս խոստումները ունինք, մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը»։ Այս խօսքերուն իմաստը ըմբռնեցէք։ Դուք ձեզի հարցուցէք. ‘Ի՞նչ են Պօղոսի ակնարկած «այս խոստումները»’։ Բովանդակութիւնը կարդալով, պիտի նկատէք թէ նախորդ համարները կ’ըսեն. «‘Ելէ՛ք անոնց մէջէն ու զատուեցէ՛ք’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Պիղծ բանի մի՛ դպչիք ու ես ձեզ պիտի ընդունիմ եւ ես ձեզի Հայր պիտի ըլլամ ու դուք ինծի տղաքներ ու աղջիկներ պիտի ըլլաք’, կ’ըսէ Ամենակալ Տէրը»։—Բ. Կորնթացիս 6։17, 18
‘Մեր անձերը մաքրելու’ Պօղոսի պատուէրը հիմա աւելի կշիռ ունեցաւ։ Ասիկա ընելու զօրաւոր մղում մը հայթայթելով, Աստուած կը խոստանայ ‘մեզ ընդունիլ’, այսինքն, մեզ իր պահպանիչ հոգատարութեան ներքեւ բերել։ Կրնաք դուք ձեզի հարց տալ. ‘Կը փափաքի՞մ իր հետ հայր ու զաւկի նման սերտ յարաբերութիւն մը վայելել’։ Սիրալիր, իմաստուն Աստուծոյ մը կողմէ ‘ընդունուելու’ կամ սիրուելու գաղափարը շատ գրաւիչ չէ՞։ Եթէ այդ գաղափարը ըմբռնելու դժուարութիւն ունիք, նկատի առէք սիրալիր հայրերու ցուցաբերած սէրն ու խանդաղատանքը իրենց զաւակներուն հանդէպ։ Ապա երեւակայեցէք այսպիսի կապի մը գոյութիւնը ձեր ու Եհովայի միջեւ։ Որքան աւելի խոկաք այս գաղափարին վրայ, այնքան աւելի պիտի աճի այսպիսի յարաբերութիւն մը ունենալու ցանկութիւնը։
Բայց նկատի առէք. Աստուծոյ հետ մտերմութիւնը կարելի է միմիայն եթէ ‘պիղծ բանի չդպչիք’։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Ծխախոտի մոլութիւնը Աստուծոյ դատապարտած ‘պիղծ բաներուն’ մաս չի՞ կազմեր։ Զայն գործածելը ‘մարմնի պղծութիւն’ չի՞ համարուիր, ամէն տեսակ առողջապահական վտանգներու դուռ բանալով։ Քանի որ Եհովա մաքուր կամ «սուրբ» Աստուած է, ան կը հաճի՞ երբ ես կամաւ իմ անձս կը պղծեմ այս կերպով’։ (Ա. Պետրոս 1։15, 16) Նկատի առէք նաեւ, որ Պօղոս մեզ կ’ազդարարէ ‘հոգիի [կամ՝ մտային հակումին] պղծութեան’ դէմ։ Դուք ձեզի հարց տուէք. ‘Այս մոլութիւնը մտքիս վրայ կ’իշխէ՞։ Ամէն գնով կը ջանա՞մ ցանկութիւնս գոհացնել, թերեւս վտանգելով առողջութիւնս, ընտանիքս կամ նոյնիսկ Աստուծոյ առջեւ իմ կեցուածքս։ Ո՞ր աստիճան թոյլ տուած եմ որ ծխախոտի մոլութիւնս վնասէ կեանքիս’։ Վիշտ պատճառող այս հարցումներուն պատասխանելը կրնայ պէտք եղած քաջութիւնը տալ որ ձերբազատուիք ձեր մոլութենէն։
Անշուշտ, ուրիշներուն օգնութեան ու աջակցութեան կարիքը ունիք, որպէսզի կարենաք ծխախոտի մոլութիւնը յաղթահարել։ Այսուհանդերձ, Աստուածաշունչի վրայ խոկալը կրնայ ձեր խիղճը մարզելու ու զօրացնելու մեծապէս նպաստել, որպէսզի այս մոլութենէն ձերբազատուիք։
Երբ Սխալ մը Գործենք
Հակառակ շիտակը ընելու մեր լաւագոյն ջանքերուն, երբեմն մեր անկատարութիւնը կը նուաճէ մեզ ու կը սխալինք։ Մեր խիղճը կը սկսի տանջել մեզ, բայց կրնանք փորձուիլ զայն անտեսել։ Կամ թերեւս ա՛յնքան յուսահատինք որ ուզենք Աստուծոյ ծառայելու մեր բոլոր ջանքերը դադրեցնել։ Սակայն, յիշեցէք Դաւիթ Թագաւորի պարագան։ Բերսաբէի հետ շնութիւն գործելէն յետոյ, ան սկսաւ խղճահարուիլ։ Իր զգացած տառապանքը սապէս նկարագրեց. «Ցորեկ ու գիշեր քու ձեռքդ իմ վրաս ծանրացաւ. իմ թացութիւնս ամառուան չորութեան դարձաւ»։ (Սաղմոս 32։4) Ցաւալի է, այնպէս չէ՞։ Սակայն, այս աստուածային տխրութիւնը զինք մղեց որ զղջայ ու Աստուծոյ հետ հաշտուի։ (Բաղդատել՝ Բ. Կորնթացիս 7։10։) Ներում ստանալու համար Դաւիթի կսկծալի աղերսանքը, բաւարար ապացոյց մըն է որ ան անկեղծօրէն զղջացած էր։ Քանի որ ան իր խղճին մտիկ ըրաւ, անոր օգնութիւն մատուցուեցաւ որ փոխուի եւ ի վերջոյ իր ուրախութիւնը վերագտնէ։—Սաղմոս 51
Միեւնոյն բանը կրնայ այսօր ալ պատահիլ։ Ոմանք անցեալին Եհովայի Վկաներուն հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրած են, բայց երբ սորված են թէ իրենց կեանքը Աստուծոյ բարձր չափանիշներուն հետ ներդաշնակ չէ, ուսումնասիրութիւնը դադրեցուցած են։ Թերեւս անոնք հակառակ սեռի պատկանող անհատի մը հետ կը կենակցէին առանց պաշտօնապէս ամուսնանալու եւ կամ ալ պիղծ սովորութիւններու գերին դարձած էին։ Անոնց խիղճը սկսաւ տանջել զիրենք։
Եթէ դուք ալ նոյնանման պարագայի մէջ կը գտնուիք, նկատի առէք Պէնտէկոստէի օրը Պետրոս առաքեալի խօսքերը։ Երբ ան իր Հրեայ հայրենակիցներուն մեղքերը քօղազերծեց, անոնք «իրենց սրտերուն մէջ զղջացին»։ Փոխանակ տեղի տալու, Պետրոսի խրատին համաձայն զղջացին ու Աստուծոյ հաճութիւնը շահեցան։ (Գործք 2։37-41) Դո՛ւք ալ կրնաք նոյնը ընել։ Փոխանակ խղճահարութեան պատճառաւ ճշմարտութիւնը լքելու, թոյլ տուէք որ ձեր խղճմտանքը ձեզ մղէ որ ‘ապաշխարէք ու դարձի գաք’։ (Գործք 3։19) Վճռակամութեամբ եւ ջանքերով, կրնաք պէտք եղած փոփոխութիւնները ընել ու Աստուծոյ հաճութիւնը շահիլ։
«Մաքուր Խղճմտանք Ունեցէք»
Եհովայի ճամբաները սորվող սկսնակ մը ըլլաք, թէ տարիներու փորձառութիւնը ունեցող հասուն Քրիստոնեայ մը, Պետրոսի խրատը տեղին է. «Մաքուր խղճմտանք ունեցէք»։ (Ա. Պետրոս 3։16) Անիկա օգնութիւն մըն է եւ ոչ թէ՝ բեռ։ Զայն մարզեցէ՛ք, ձեր միտքը ու սիրտը սնուցանելով Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ բովանդակած իմաստութեամբ։ Մտիկ ըրէք ձեր խղճին, երբ ձեզ ազդարարէ։ Ձեր խղճին հնազանդելով, մտքի այն ներքին խաղաղութիւն վայելեցէք։
Ճիշդ է որ ձեր խիղճը մարզելը ու կաղապարելը դիւրին գործ մը չէ։ Սակայն, կրնաք Եհովա Աստուծոյ աղօթել որ ձեզի օգնէ։ Իր օգնութեամբ, պիտի կարենաք Աստուծոյ ծառայել «բարի խղճմտանքով եւ անկեղծ հաւատքով»։—Ա. Տիմոթէոս 1։5
[Ստորանիշ]
a Եթէ տան սուրբ գրային ձրի ուսումնասիրութիւն մը ունենալ հետաքրքրուած էք, ազատ զգացէք ձեր շրջանին մէջ եղող Եհովայի Վկաներու ժողովքին հետ հաղորդակցութեան մէջ գալու, կամ այս պարբերաթերթին հրատարակիչներուն գրելու։
[Նկար՝ էջ 6]
Աստուծոյ Խօսքը կարդալը ու անոր վրայ խոկալը մեր խիղճը մարզելու կը նպաստէ