Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ97 11/1 էջ 3-4
  • Խիղճը. բե՞ռ՝ թէ օգնութիւն մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Խիղճը. բե՞ռ՝ թէ օգնութիւն մը
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
  • Ենթավերնագիրներ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աստուածաշունչի Տեսակէտը Խղճի Մասին
  • Ինչպէ՞ս կրնաս մաքուր խղճմտանք մը պահել
    «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք»
  • Ներսէն եկող ձայնը լսէ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2007
  • Խիղճիդ առաջնորդութեան կրնա՞ս վստահիլ
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2015
  • Ի՛նչպէս մարզել ձեր խիղճը
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1997
դ97 11/1 էջ 3-4

Խիղճը. բե՞ռ՝ թէ օգնութիւն մը

‘ԽԻՂՃՍ կը տանջէ զիս’։ Ժամանակ առ ժամանակ, գրեթէ բոլորս ալ խղճի խայթ կը զգանք։ Այս զգացումը մտային պարզ անհանգստութենէն մինչեւ տանջալից ցաւ կրնայ ըլլալ։ Տանջուած խիղճը նոյնիսկ կրնայ ընկճուածութիւն կամ ձախողութեան խոր զգացում մը պատճառել։

Ուստի, այս ակնոցով դիտուած, խիղճը բեռ մը չէ՞։ Ոմանք այսպէս կը խորհին։ Անցեալին, շատ մը մտաւորականներ յաճախ խիղճը նկատած են որպէս բնածին, ներածին կարողութիւն մը։ Շատեր խորհած են թէ անիկա ուղղակիօրէն Աստուծոյ կողմէ տրուած բարոյական ուղեցոյց մըն է։ Այս պատճառով ալ խիղճը կոչուած է «մարդուն մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը», «մեր բուն ինքնութիւնը» եւ նոյնիսկ «Աստուծոյ ձայնը»։

Սակայն, վերջերս ժողովրդական դարձած է ըսել, թէ խիղճը գլխաւորաբար ձեռք ձգուած կարողութիւն մըն է. ծնողական եւ ընկերային ազդեցութեան արդիւնք մը։ Օրինակի համար, հոգեբաններէն ոմանք կ’առարկեն թէ մանուկ մը անփափաքելի վարքէ կը խուսափի, մանաւանդ պատժուելէ վախնալով. անոնք կը հաւատան թէ խիղճ կոչուած բանը պարզապէս մեր ծնողներէն ձեռք ձգուած արժանիքներ ու հաւատալիքներ է։ Ուրիշներ կը մատնանշեն արժանիքներ եւ չափանիշներ փոխանցելու մէջ ընկերութեան խաղցած դերին։ Իսկ ոմանք խղճի խայթը կը նկատեն պարզապէս պայքար մը, մեր ընել փափաքած բաներուն եւ կեղեքիչ ընկերութեան պահանջքներուն միջեւ։

Ի հեճուկս տեսութիւններու, ժամանակ առ ժամանակ, ոմանք ծնողներու, ընտանիքներու եւ ամբողջ ընկերութիւններու հակառակ կեցուածք մը որդեգրած են, քանի որ իրենց խիղճը իրենց այդպէս պատուիրած է։ Ոմանք նոյնիսկ յօժարած են իրենց կեանքը զոհել՝ խղճմտանքի սիրոյն։ Իսկ հակառակ աշխարհի մշակոյթներուն միջեւ տիրող հսկայ տարբերութեանց, սպանութիւնը, գողութիւնը, շնութիւնը, ստախօսութիւնը եւ ազգապղծութիւնը, գրեթէ բոլորին կողմէ սխալ կը նկատուին։ Ասիկա ապացոյց մը չէ՞ որ խիղճը բնածին բան մըն է։

Աստուածաշունչի Տեսակէտը Խղճի Մասին

Այս նիւթին շուրջ իսկական կշիռ ունեցողը Եհովա Աստուած է։ Ի վերջոյ, «[Աստուած] ստեղծեց մեզ ու ո՛չ թէ մենք»։ (Սաղմոս 100։3) Ան մեր կազմուածքը լիովին կը հասկնայ։ Աստուծոյ Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, կը բացատրէ թէ մարդը Աստուծոյ ‘պատկերով’ ստեղծուեցաւ։ (Ծննդոց 1։26) Մարդը շիտակը ու սխալը զանազանելու կարողութեամբ ստեղծուեցաւ. սկիզբէն իսկ, խիղճը մարդուն բնոյթին անբաժան մէկ մասն էր։—Բաղդատել՝ Ծննդոց 2։16, 17։

Պօղոս առաքեալ ասիկա կը հաստատէ Հռովմայեցիներուն գրած իր նամակին մէջ, ըսելով. «Հեթանոսները, որոնք [աստուածային] օրէնք չունին, երբ բնականաբար օրէնքին գործերը կը գործեն, օրէնք չունենալով՝ իրենց անձերուն օրէնքը բուն իրենք կ’ըլլան, որոնք օրէնքին գործը իրենց սրտին մէջ գրուած կը ցուցնեն իրենց խղճմտանքին վկայութիւնովը եւ իրենց խորհուրդներուն իրար յանդիմանելովը կամ իրարու իրաւունք տալովը»։ (Հռովմայեցիս 2։14, 15) Նկատի առէք որ Հրեաներուն տրուած աստուածային Օրէնքին ներքեւ մեծցած չըլլալով հանդերձ, շատեր Աստուծոյ օրէնքին կարգ մը սկզբունքներուն կը հետեւէին, ո՛չ թէ ընկերային ճնշումին պատճառաւ, այլ՝ «բնականաբար»։

Հետեւաբար, խիղճը աստուածային պարգեւ մը, օգնութիւն մըն է եւ ոչ թէ՝ բեռ մը։ Ճիշդ է որ անիկա կրնայ նեղութիւն պատճառել։ Սակայն, եթէ լաւ կերպով անոր անսանք, անիկա կրնայ նաեւ խոր գոհունակութեամբ եւ ներքին խաղաղութեամբ վարձատրել մեզ։ Անիկա կրնայ մեզ առաջնորդել, պաշտպանել եւ մղել։ Մեկնաբանողին Աստուածաշունչը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Մտային եւ զգացական առողջութիւնը կրնայ պահպանուիլ, միա՛յն երբ անհատը փորձէ գոցել այն բացը որ կայ իր ըրածին եւ հարկ եղածը ընելուն միջեւ»։ Անհատ մը ի՞նչպէս կրնայ գոցել այդ բացը։ Կարելի՞ է մեր խիղճը կաղապարել եւ մարզել։ Այս հարցումները նկատի պիտի առնուին յաջորդ յօդուածին մէջ։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել