Կարգադրութիւն մը՝ քրիստոնեայ քարոզիչներու համար
1. 1938–ին ի՞նչ նոր կարգադրութիւն սկսաւ, եւ ի՞նչ նպատակով։
1 1938–ին, Եհովայի կազմակերպութիւնը նոր կարգադրութիւն մը սկսաւ։ Ժողովքները խումբ առ խումբ հրաւիրուեցան, որ ներկայ գտնուին գօտիի համաժողովներու (այժմ կը կոչուին շրջանային համաժողովներ)։ Ի՞նչ նպատակով։ Յունուար 1939–ի Տեղեկատու թերթիկը (այժմ կը կոչուի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը) պատասխանեց. «Այս համաժողովները Եհովայի Աստուածպետական կազմակերպութեան մաս կը կազմեն, իր Թագաւորութեան ծառայութիւնը առաջնորդելու համար։ Հոն տրուած ցուցմունքները էական են իւրաքանչիւր անհատի համար, որպէսզի նշանակուած գործը պատշաճօրէն կատարուի»։ Թագաւորութիւնը ծանուցանողներու թիւին յաւելումը նկատի առնելով, որոնք 1938–ին միայն 58,000 էին, իսկ 2009–ին՝ աւելի քան 7,000,000, բացայայտ է թէ շրջանային համաժողովները իրենց նպատակը կ’իրագործեն, քարոզիչներուն օգնելով ‘նշանակուած գործը կատարելու’։
2. Նոր ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովին մէջ ի՞նչ տեղեկութիւններ պիտի ներկայացուին։
2 Յառաջիկայ տարուան համաժողովի բնաբանը։ Ակնկառոյց կը սպասենք՝ սեպտեմբերին սկսելիք յայտագրին եւ անոր հայթայթելիք քաջալերութեան։ Բնաբանն է՝ «Աշխարհէն չէք», առնուած Յովհաննէս 15։19–էն։ Ի՞նչ են այն կարգ մը դասախօսութիւնները, որոնք վստահաբար քրիստոնեայ քարոզիչներուն օգտակար պիտի ըլլան։ Շաբաթ օրը պիտի լսենք սա դասախօսութիւնը՝ «Լիաժամ ծառայութիւնը մեզ կը պաշտպանէ. ինչպէ՞ս»։ Նաեւ պիտի վայելենք երեք մասերէ բաղկացած ելոյթաշար մը. «Մի՛ ապականուիք՝» «Գազանէն», «Մեծ պոռնիկէն» եւ «Վաճառականներէն»։ Կիրակի օրը պիտի լսենք ելոյթաշար մը՝ «Եհովան սիրէ, ոչ թէ աշխարհը» բնաբանով։ Այլ դասախօսութիւններ են. «Շարունակեցէք որպէս ‘պանդուխտներ եւ օտարականներ’» եւ «Քաջասի՛րտ եղէք, կրնաք աշխարհին յաղթել»։
3. Շրջանային համաժողովին ներկայ գտնուելով ի՞նչ օգուտներ կրնանք քաղել։
3 Վերջերս տեղի ունեցած շրջանային համաժողովի մը ներկայ գտնուելէ ետք, քոյր մը որ ծառայութեան մէջ դանդաղած էր, գրեց թէ յայտագիրը պատճառ եղաւ որ իր պարագաները վերարժեւորէ եւ վճռէ «ծառայութեան երթալ եւ այլեւս պատրուակներ չընել»։ Անկասկած, նոր ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի յայտագիրը բոլորիս պիտի օգնէ, որ Եհովան սիրենք եւ ոչ թէ աշխարհը (Ա. Յովհ. 2։15-17)։ Հոգ տար որ ներկայ գտնուիս եւ ուշի–ուշով մտիկ ընես, որպէսզի քրիստոնեայ քարոզիչներուն համար եղած այս սիրալիր կարգադրութենէն լիովին օգտուիս։