Շրջանային Համաժողովի Նոր Յայտագիր
Այս «չար ժամանակներ»ուն Եհովայի հաճութիւնը ձեռք ձգելու եւ պահելու համար, աստուածային իմաստութեան կարիք ունինք։ (Բ. Տիմ. 3։1) 2005 ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի յայտագիրը մեզի պիտի հայթայթէ գործնական խրատներ ու քաջալերութիւն։ Անոր բնաբանն է՝ «‘Վերին Իմաստութեամբ’ Առաջնորդուինք»։—Յակ. 3։17
«‘Վերին Իմաստութիւնը’ Մեր Կեանքին Մէջ Ցուցաբերենք» խորագրով առաջին ճառաշարքը մեզի պիտի օգնէ ըմբռնելու թէ ի՛նչ կը պարփակէ անարատ, խաղաղարար, բանաւոր ու հլու ըլլալը։ Ապա շրջանային տեսուչը պիտի քննարկէ աստուածատուր իմաստութեան այլ երեք երեսակներ։ Նահանգային տեսուչը առաջին օրը պիտի եզրափակէ, ցոյց տալով թէ Քրիստոնեայ քարոզիչները ոմանց կողմէ «տգէտ ու առանց ուսման մարդիկ» սեպուելով հանդերձ, ի՛նչպէս Աստուծոյ իմաստութիւնը խօսելու զինուած են։—Գործք 4։13
Երկրորդ օրը, «Շինիչ Բաներու Հետամուտ Եղէք» խորագրով ճառաշարքը մեզի պիտի օգնէ որ բնորոշենք կարգ մը բաներ, որ կրնան մեր հոգեւորականութիւնը տկարացնել, եւ անոնցմէ խուսափինք։ Անիկա նաեւ ցոյց պիտի տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք ուրիշները կերտել ժողովքային հանդիպումներուն, դաշտի ծառայութեան մէջ եւ ընտանեկան շրջանակէն ներս։ «Աստուածային Իմաստութիւնը Ի՛նչպէս Մեզի կ’Օգտէ» բնաբանով հանրային դասախօսութիւնը ցցուն պիտի դարձնէ մեր վայելած օգուտները, գործադրելով աստուածային սկզբունքները մեր կեանքին մէջ։ «Աստուածային Իմաստութեամբ Գործելը Մեզ կը Պաշտպանէ» բնաբանով եզրափակիչ դասախօսութիւնը, մեզի պիտի օգնէ որ վճռենք այս վերջին օրերուն մէջ իմաստութեան համար Եհովայի դիմել։
Բոլոր համաժողովներուն աչքառու մէկ երեսակն է՝ նոր աշակերտներուն մկրտութիւնը։ Այդ շաբթուան Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցը եւ Դիտարան–ի Ուսումնասիրութիւնը նկատի պիտի առնուին համաժողովին մէջ։ Եհովա կ’ուզէ որ բոլորս օգտուինք իր հայթայթած իմաստութենէն։ Մեր շրջանային համաժողովին հայթայթած խրատներով ու քաջալերութեամբ հոգեւորապէս պիտի հարստանանք։—Առ. 3։13-18