Շրջանային Համաժողովի Վերաքաղ
Այս նիւթը պիտի գործածուի 2005 ծառայութեան տարուան շրջանային համաժողովի յայտագրին վրայ ակնարկ մը նետելու եւ զայն վերաքաղ ընելու համար։ «Նոր Կարգադրութիւն՝ Համաժողովներու Յայտագիրները Վերաքաղ Ընելու Համար» յօդուածը 4–րդ էջին վրայ, կը բացատրէ թէ այս վերաքաղը ի՛նչպէս պէտք է նկատի առնուի։ Վերաքաղի ժամանակը այնպէս մը բաժնեցէք որ բոլոր հարցումները քննարկուին։ Վերաքաղը պէտք է ցցուն ընէ թէ ի՛նչպէս կրնանք ներկայացուած տեղեկութիւնները գործադրել։
ԱՌԱՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ [ԿԱՄ ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻ] ՆԻՍՏ
1. Ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ որ աստուածային իմաստութիւն ձեռք ձգենք։
2. Շրջանի հրատարակիչները ի՞նչ ջանք թափած են բարի լուրը աւելի շատ մարդոց հասցնելու համար։
ԱՌԱՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻ [ԿԱՄ ԵՐԵԿՈՅԵԱՆ] ՆԻՍՏ
3. Ինչո՞ւ կենսական է որ Քրիստոնեաները ներքնապէս անարատ մնան։ Ասիկա ի՞նչպէս կ’իրագործուի։
4. Ի՞նչպէս կրնանք ցոյց տալ թէ ժողովքէն ներս խաղաղարար ենք։
5. Ի՞նչ է բանաւորութիւնը, եւ ի՞նչպէս կրնանք զայն ցուցաբերել մեր ժամանակը գործածելու կերպին մէջ։
6. Սաւուղի ու Նոյի օրինակներէն ի՞նչ կը սորվինք։ Ի՞նչ կերպերով կրնանք ցոյց տալ թէ «հլու» ենք։ (Յակ. 3։17)
7. Քրիստոնեաները ի՞նչպէս կրնան կրկնակի կեանք վարելէ զգուշանալ։
8. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուծոյ իմաստութիւնը խօսելու մէջ Պօղոսի օրինակին հետեւիլ։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐՈՒԱՆ ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ՆԻՍՏ
9. Ինչո՞ւ մեր գործունէութիւնները զգուշութեամբ պէտք է ընտրենք, եւ ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ ասիկա ընելու։
10. Շրջանի հրատարակիչները ի՞նչ ջանք կը թափեն ժողովներուն կանոնաւորաբար ներկայ գտնուելու համար, եւ ասիկա ընելով ի՞նչպէս օգտուած են։
11. Ընտանիքի գլուխը ի՞նչպէս կրնայ իր ընտանիքը կերտել։
12. Շրջանին ո՞ր կարիքները մեր ուշադրութեան յանձնուեցան։
ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐՈՒԱՆ ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻ ՆԻՍՏ
13. Ինչպէս հանրային դասախօսութիւնը նշեց, վերին իմաստութեամբ ի՞նչ արդար գործեր կատարուած են։
14. Ինչո՞ւ անմտութիւն է վստահիլ մեր անձին կամ անոնց՝ որ աստուածային իմաստութեամբ չեն առաջնորդուիր։ Ո՞ր մարզերուն մէջ աչալուրջ պէտք է ըլլանք։
15. Աստուածային իմաստութիւնը ո՞ր թակարդներէն կը պաշտպանէ մեզ։
16. Ինչո՞ւ կենսական է որ շրջանային համաժողովի յայտագրով հայթայթուած խրատները գործադրենք։