Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Վերաքաղ
Այս նիւթը պիտի գործածուի 2005 ծառայութեան տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին վրայ ակնարկ մը նետելու եւ զայն վերաքաղ ընելու համար։ «Նոր Կարգադրութիւն՝ Համաժողովներու Յայտագիրները Վերաքաղ Ընելու Համար» յօդուածը 4–րդ էջին վրայ, կը բացատրէ թէ այս վերաքաղը ի՛նչպէս պէտք է նկատի առնուի։ Վերաքաղի ժամանակը այնպէս մը բաժնեցէք որ բոլոր հարցումները քննարկուին։ Վերաքաղը պէտք է ցցուն ընէ թէ ի՛նչպէս կրնանք ներկայացուած տեղեկութիւնները գործադրել։
ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ՆԻՍՏ
1. Ինչո՞ւ Եհովայի ա՛լ աւելի մտիկ պէտք է ընենք։ Ի՞նչ կը նշանակէ մտիկ ընել։ («Ինչո՛ւ Եհովայի Ձայնը Մտիկ Ընենք»)
2. Ընտանիքները ի՞նչպէս կրնան հոգեւոր գործունէութեան լաւ յայտագիր մը պահպանել։ («Առանց Զբաղումի Աստուծոյ Խօսքը Մտիկ Ընող Ընտանիքներ»)
3. Շրջանի հրատարակիչները ի՞նչպէս անպաշտօն կերպով վկայելու պատեհութիւններ օգտագործած են։ («Ամէն Բան Աստուծոյ Փառքին Համար Ընենք»)
4. Եբրայեցիս 3 եւ 4–րդ գլուխներուն մէջ գտնուող ազդարարական օրինակէն ի՞նչ դասեր կրնանք սորվիլ։ Եհովա ներկայիս ի՞նչպէս կը խօսի մեզի հետ։ («Աստուծոյ Խօսած Ատեն Մտիկ Ընելը Մեզ կը Պաշտպանէ»)
5. Մկրտութեան դասախօսութենէն ի՞նչպէս օգտուեցար։ («Նուիրում ու Մկրտութիւն»)
ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻ ՆԻՍՏ
6. Յիսուսի պատանեկութեան մասին ի՞նչ կրնանք գիտնալ, եւ շրջանին մէջ գտնուող պատանիները ի՞նչպէս անոր օրինակին կը հետեւին։ («Աստուծոյ Խօսքը Ուշի Ուշով Մտիկ Ընելը կ’Ամրացնէ Մեր Պատանիները»)
7. Ծնողները ի՞նչ կերպերով կրնան մանուկները Եհովայի ուղիներուն մէջ մարզելու սկսիլ։ («Աստուծոյ Մտիկ Ընող ու Սորվող Երախաներ»)
8. Ո՞ր մասնայատուկ մարզերուն մէջ պէտք է ուշադրութիւն ընծայենք Եհովայի, իր Որդիին եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին։ (Մատթ. 24։45) Ինչո՞ւ կենսական է որ ասիկա ընենք։ («Աստուածային Հրահանգներուն Միշտ Ուշադրութիւն Ընծայեցէք»)