Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Վերաքաղ
Այս նիւթը պիտի գործածուի Ծառայութեան Ժողովի յայտագրին մէջ, ժողովքը 2006 ծառայութեան տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովը ունենալէն քիչ առաջ ու վերջ։ Վերակացու տեսուչը զայն պիտի կարգադրէ, ինչպէս ուրուագծուած է Օգոստոս 2004–ի Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը թերթիկին մէջ, էջ 4։ Վերաքաղի ընթացքին, բոլոր հարցումները պէտք է ուղղուին, ցցուն ընելով թէ ի՛նչպէս կրնանք ներկայացուած տեղեկութիւնները կիրարկել։
ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ՆԻՍՏ
1. Աչքը պարզ պահելը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ ասիկա ներկայիս ինչո՞ւ մարտահրաւէր մըն է։ («Ինչո՞ւ պարզ աչք պահել»)
2. Պարզ աչք պահելով ի՞նչպէս կ’օգտուինք։ («Պարզ աչք պահելով օրհնութիւններ քաղէ»)
3. Շատ մը այդպէս կոչուած սովորական գործունէութիւններ ի՞նչ վտանգ կը ներկայացնեն։ («Չար աշխարհի մը մէջ պարզ աչք պահել»)
ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻ ՆԻՍՏ
4. Ծնողները եւ ուրիշներ ի՞նչպէս կրնան պատանիները քաջալերել որ հոգեւոր նպատակակէտեր հետապնդեն։ («Իրենց նետերը շիտակ ուղղող ծնողներ» եւ «Հոգեւոր նպատակակէտերու ձգտող պատանիներ»)
5. Եհովայի կազմակերպութեան հետ ի՞նչպէս կրնանք յառաջդիմել (ա) անհատապէս, (բ) որպէս ընտանիք, (գ) որպէս ժողովք։ («Եհովայի կազմակերպութեան հետ յառաջդիմելու վրայ կեդրոնացէք»)