Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի նոր յայտագիր
Աչքը սքանչելի կերպով ծրագրուած է։ (Սաղմ. 139։14) Անիկա ամէն անգամ մէ՛կ բանի վրայ կրնայ կեդրոնանալ։ Այս է պարագան թէ՛ բառացիօրէն եւ թէ այլաբանօրէն։ Հոգեւոր յստակ տեսողութիւն պահպանելու համար, մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք Աստուծոյ կամքը կատարելու վրայ։ Սատանայի աշխարհին հետզհետէ աւելցող զբաղումներուն ի տես, որքա՜ն տեղին է որ 2006 ծառայութեան տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրը պիտի զարգացնէ «Աչքդ պարզ պահէ» բնաբանը։—Մատթ. 6։22
Եհովայէ օրհնութիւններ ստանալու համար, ի՞նչ կրնանք ընել։ (Առ. 10։22) «Պարզ աչք պահելով օրհնութիւններ քաղէ» բաժինը այդ հարցումը նկատի պիտի առնէ։ Տեսակցութիւնները աչքառու պիտի դարձնեն՝ աստուածաշնչական սկզբունքները կիրարկելով մեր քաղած օգուտները։ Այցելու դասախօսին առաջին դասախօսութիւնը՝ «Չար աշխարհի մը մէջ պարզ աչք պահել», մեր ուշադրութեան պիտի յանձնէ կարգ մը բաներ, որոնք կրնան մեր կեանքը բարդացնել ու աստիճանաբար մեր հոգեւորականութիւնը խեղդել։ Նաեւ պիտի սորվինք թէ «աղէկ բաժինը» ընտրելը ի՛նչ կը պարփակէ։—Ղուկ. 10։42
Ծնողները եւ ուրիշներ ի՞նչպէս կրնան պատանի Քրիստոնեաները քաջալերել որ հոգեւոր հետամտութիւններու վրայ կեդրոնանան։ Ծնողներ եւ պատանիներ այս հարցումին պիտի պատասխանեն՝ «Իրենց նետերը շիտակ ուղղող ծնողներ» եւ «Հոգեւոր նպատակակէտերու ձգտող պատանիներ» դասախօսութիւններուն մէջ։ (Սաղմ. 127։4) Այցելու դասախօսին վերջին դասախօսութիւնը նկատի պիտի առնէ թէ ի՛նչպէս անհատ մը, ընտանիք մը եւ ժողովք մը կրնան Եհովայի կազմակերպութեան հետ քայլ պահել։
Ճշմարտութեան նոր ծանօթացած թէ տասնամեակներէ ի վեր Եհովայի ծառայող, կենսական է որ ‘պարզ աչք պահենք’։ Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրը պիտի օգնէ մեզի որ ճիշդ ասիկա ընենք։