Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 9/04 էջ 1
  • Աչքդ Պարզ Պահէ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աչքդ Պարզ Պահէ
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աչքդ պա՞րզ է
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Վերաքաղ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի նոր յայտագիր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Քրիստոնեայ ընտանիքնե՛ր, «պատրաստ կեցէք»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2011
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
թծ 9/04 էջ 1

Աչքդ Պարզ Պահէ

1. Պարզ աչք ունենալը ի՞նչ կը նշանակէ, եւ ասիկա ինչո՞ւ կարեւոր է։

1 Իր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս ուշադրութեան յանձնեց այլաբանական կամ հոգեւոր աչքին ունեցած մեծ ազդեցութիւնը մեր ամբողջ կենցաղին վրայ։ Ան ըսաւ. «Եթէ քու աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ լուսաւոր կ’ըլլայ։ Բայց եթէ քու աչքդ վատ է, բոլոր մարմինդ մութ կ’ըլլայ»։ (Մատթ. 6։22, 23) Պարզ աչքը մէկ նպատակի վրայ կը կեդրոնանայ,– Աստուծոյ կամքը ընել,– նիւթական բաներու նկատմամբ անտեղի մտահոգութեամբ ուշացրիւ չըլլալով։ (Մատթ. 6։19-21, 24-33) Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ պարզ աչք պահպանենք։

2. Նիւթական բաներուն նկատմամբ Աստուծոյ Խօսքը ի՞նչ տեսակէտ կը քաջալերէ։

2 Գոհունակութիւն Մշակենք. Ընտանիքին կարիքները հոգալը աստուածաշնչական պարտաւորութիւն է։ (Ա. Տիմ. 5։8) Բայց ասիկա չի պահանջեր որ ջանանք լաւագոյն ու նորագոյն սարքերը ձեռք ձգել։ (Առ. 27։20. 30։8, 9) Փոխարէն, Սուրբ Գրութիւնները մեզ կը յորդորեն որ կեանքի անհրաժեշտութիւններով՝ «կերակուր ու հանդերձ ունենալով»՝ բաւականանանք։ (Ա. Տիմ. 6։8. Եբր. 13։5, 6) Այս խրատին անսալը մեզի կ’օգնէ որ շարունակենք մեր աչքը շիտակ բանի վրայ կեդրոնացնել։

3. Ի՞նչ բան կրնայ մեզի օգնել որ ինքնապարտադրուած բեռներէ խուսափինք։

3 Խոհեմութիւն է չբեռնաւորուիլ անհարկի պարտքերով եւ ստացուածքներով կամ հետապնդումներով, որոնք շատ ժամանակ եւ խնամք կը պահանջեն։ (Ա. Տիմ. 6։9, 10) Ասիկա ի՞նչպէս կրնանք ընել։ Որոշ քայլ մը չառած, ջերմեռանդ աղօթքով հարցը կշռադատէ եւ անկեղծօրէն վերլուծէ թէ անիկա հոգեւոր հետապնդումները պիտի խանգարէ կամ ոչ։ Վճռէ հոգեւոր բաները կեանքիդ մէջ առաջին տեղը դնել։—Փիլ. 1։10. 4։6, 7

4. Մեր կենցաղը պարզելը ինչո՞ւ կարեւոր է։

4 Կենցաղդ Պարզէ. Նիւթապաշտութեան հրապոյրին նաեւ դէմ կը դնես, երբ ջանաս կենցաղդ պարզել։ Եղբայր մը, որ անդրադարձաւ թէ իր ընտանիքը կրնար առանց կարգ մը նիւթական ստացուածքներու լաւ ապրիլ, ըսաւ. «Այժմ կրնամ ժողովքին մէջ եղբայրներուս ա՛լ աւելի ծառայել։ Համոզուած եմ որ Եհովա իր ծառան կ’օրհնէ, երբ ան ճշմարիտ պաշտամունքը իր անձնական շահերէն առաջ դնէ»։ Կենցաղդ պարզելով կրնա՛ս յաւելեալ օրհնութիւններ վայելել։

5. Մեր աչքը պարզ պահելու համար, ինչո՞ւ յարատեւ ջանք կը պահանջուի։

5 Սատանայի, իր նիւթապաշտական աշխարհին ու մեր անկատար մարմինին ազդեցութեան դէմ դնելը յարատեւ ջանք կը պահանջէ։ Փոխանակ մեր աչքերուն թոյլ տալու որ թափառին, զանոնք սեւեռած պահենք Աստուծոյ կամքը կատարելու ու մեր յաւիտենական կեանքի թանկագին յոյսին վրայ։—Առ. 4։25. Բ. Կորն. 4։18

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել