Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 6/10 էջ 1
  • Աչքդ պա՞րզ է

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աչքդ պա՞րզ է
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Աչքդ Պարզ Պահէ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Մեր կեանքը պարզ պահելը մեզի կ’օգնէ որ Աստուած փառաբանենք
    Քրիստոնեային կեանքն ու ծառայութիւնը. ժողովի տետր (2016)
  • Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Վերաքաղ
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
  • Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի նոր յայտագիր
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2005)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2010)
թծ 6/10 էջ 1

Աչքդ պա՞րզ է

1. ‘Պարզ աչք’ ունենալը ի՞նչ կը նշանակէ։

1 Այն բաները, որոնց վրայ մեր աչքերը կը կեդրոնանան, մեր արարքներուն կ’ազդեն։ Յիսուսի խօսքերը ո՜րքան տեղին են. «Եթէ քու աչքդ պարզ է, բոլոր մարմինդ լուսաւոր կ’ըլլայ» (Մատ. 6։22)։ Երբ մեր աչքը հոգեւորապէս «պարզ» է, անիկա կը կեդրոնանայ մէկ նպատակի վրայ,– Աստուծոյ կամքը կատարել։ Թագաւորութիւնը առաջնակարգ տեղը կը դնենք ու մտացիր չենք ըլլար անհարկի նիւթական բաներով կամ ծառայութիւնը խանգարող գործունէութիւններով։

2. Ի՞նչ բան կրնայ մեր հայեցակէտը խեղաթիւրել, բայց ի՞նչ բան մեզի պիտի օգնէ։

2 Ինքնաքննութեան կարիք կայ։ Գովազդները կամ ուրիշներուն ունեցած բաները կրնան մեր տեսակէտին ազդել։ Նախ քան աշխատանքի մը հետամուտ ըլլալը կամ բան մը գնելը, որ բաւական ժամանակ, դրամ կամ կորով պիտի սպառէ, լաւ կ’ըլլայ որ ‘ծախքը հաշիւ ընենք’՝ մենք մեզի հարց տալով. ‘Ասիկա Եհովայի մատուցած ծառայութիւնս պիտի բարելաւէ՞, թէ ոչ պիտի խոչընդոտէ’ (Ղուկ. 14։28. Փլպ. 1։9-11)։ Նաեւ իմաստութիւն է՝ պարբերաբար նկատի առնել, թէ ինչպէ՛ս կրնանք մեր կեանքը ա՛լ աւելի պարզել, որպէսզի մեր ծառայութիւնը աւելցնենք (Բ. Կոր. 13։5. Եփ. 5։10)։

3. Ի՞նչ կը սորվինք քրոջմէ մը, որ իր կեանքը աւելի պարզ դարձուց։

3 Երբ քոյր մը կանոնաւոր ռահվիրայութեան սկսաւ, իր լիաժամ աշխատանքը պահեց, թէեւ մասնաժամով աշխատիլը կրնար իր կարիքները լեցնել։ Ի վերջոյ ան եզրակացուց. «Ո՛չ ոք կրնայ երկու տիրոջ ծառայել։ Պէտք էր փափաքած բաներս զոհէի, կարիքներուս հոգ տանելու համար։ Անդրադարձայ թէ նիւթական բաները կը հիննան, իսկ զանոնք ձեռք ձգելու համար ինքզինքս պիտի մաշեցնեմ»։ Ան իր կեանքը աւելի պարզ դարձուց ու գործը փոխելով՝ շարունակեց ռահվիրայական ծառայութիւնը։

4. Ինչո՞ւ հրատապ է որ հիմա պարզ աչք պահենք։

4 Մեր ժամանակներուն ստիպողականութիւնը ա՛լ աւելի կարեւոր կը դարձնէ, որ պարզ աչք պահենք։ Անցնող իւրաքանչիւր օր մեզ աւելի կը մօտեցնէ իրերու այս դրութեան վախճանին եւ Աստուծոյ նոր աշխարհին սկսելուն (Ա. Կոր. 7։29, 31)։ Քարոզչութեան վրայ կեդրոնանալով, կրնանք փրկել թէ՛ մեզ, թէ՛ մեզ լսողները (Ա. Տիմ. 4։16)։

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել