Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր
Սեպտեմբեր 2000–էն սկսեալ միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին բնաբանը պիտի ըլլայ՝ «Հասկնալու Կարողութեան Մէջ Չափահաս Եղէք»։ (Ա. Կորն. 14։20, ՆԱ) Ինչո՞ւ ներկայ գտնուիլը էական նշանակութիւն մը պիտի ունենայ մեզի համար։ Չարութեամբ լեցուն աշխարհի մը մէջ կ’ապրինք։ Ասոր դիմադրելու համար, պէտք է մեր հոգեւոր հասկացողութեան կարողութիւնը զարգացնենք, որպէսզի բարիով չարին յաղթենք։ Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրը ճիշդ ասիկա ընելու պիտի նպաստէ։
Բացման նիստի ընթացքին, շրջանային տեսուչը նկատի պիտի առնէ՝ «Աստուածաշունչի Հասկացողութեան Մէջ Չափահաս Ըլլալու Օժանդակող Բաներ» խորագրով դասախօսութիւնը։ Ան մեզի ցոյց պիտի տայ, թէ ի՛նչպէս կրնանք քրիստոնէական հաւատքին մէջ կայուն ըլլալ։ Այցելու դասախօսը՝ «Հոգեւորականութիւնը Պահպանեցէք՝ Ձեր Ըմբռնողութիւնը Մարզելով» բնաբանին շուրջ խօսելով, ուշագրաւ պիտի դարձնէ թէ ի՛նչպէս Աստուածաշունչի սկզբունքներուն իսկական գործածութիւնը, կամ կիրարկումը, խոր ըմբռնում մշակելու համար կենսական է։
Պատանիներն ալ հասկացողութեան կարողութիւն պէտք է զարգացնեն։ Ասիկա նկատի պիտի առնուի՝ «Չարութիւն Գիտնալու Կողմէ Ինչո՛ւ Տղայ Ըլլանք» եւ «Պատանիներ՝ Որոնք Ներկայիս Հասկացողութիւն Ձեռք կը Ձգեն» բաժիններով։ Մտիկ ըրէք պատանիներու, որոնք կը պատմեն թէ իրենք զիրենք հոգեւորապէս զօրացնելու համար ի՛նչ կ’ընեն, որպէսզի կարենան աշխարհի ամբարիշտ գործունէութիւններուն մասին իրենց հետաքրքրութիւնը զսպել, եւ խնդիրներէ խուսափիլ։
Ի՞նչպէս կրնանք կեանքի մէջ մեծագոյն ուրախութիւնը գտնել։ Այցելու դասախօսը պիտի բացատրէ ասիկա փակման դասախօսութեան մէջ՝ «Աստուածաշունչի Սկզբունքները Հասկացողութեամբ Կիրարկելէն Օգտուեցէ՛ք» բնաբանին ներքեւ։ Ան օրինակներ պիտի տայ, ցոյց տալու համար թէ Աստուծոյ Խօսքը կիրարկելը կ’օգնէ մեզի որ խնդիրներու հետ գլուխ ելլենք, որոշումներ տալ գիտնանք, եւ իրապէս օգտուինք Եհովայի մեզի սորվեցուցած բաներէն։
Աստուծոյ իրենց նուիրումը մկրտութեամբ խորհրդանշել ուզողները պէտք է վերակացու տեսուչը տեղեակ պահեն, կարելի եղածին չափ շուտ։ Հազիւ թէ միօրեայ մասնաւոր համաժողովին թուականը ծանուցանուի, ձեր օրացոյցին վրայ նշեցէք եւ հաստատ ծրագիրներ ըրէք այս ճոխ յայտագրէն օգտուելու համար։ Միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին որեւէ մասը մի՛ փախցնէք։ Անիկա ձեզ պիտի զօրացնէ որ այս չար դրութեան տոկաք ու Եհովայի հաւատարիմ մնաք։