Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր
Միօրեայ մասնաւոր համաժողովներու կարգադրութիւնը սկսաւ 1987–ին։ Միօրեայ այս համաժողովները Եհովայի ծառաներուն եւ ներկայ գտնուող հետաքրքրուած անհատներուն համար փաստած են շինիչ ըլլալ։ 1998–ի Սեպտեմբերէն սկսեալ, միօրեայ մասնաւոր համաժողովի նոր յայտագիր մը պիտի ներկայացուի։ Ինը դասախօսութիւնները եւ բազմաթիւ հարցազրոյցներն ու փորձառութիւնները հոգեւորապէս օգտակար պիտի գտնէք։
Նոր յայտագրին բնաբանն է՝ «Եհովայի Սեղանին Հանդէպ Գնահատութիւն Ցուցաբերենք»։ (Եսայ. 65։14. Ա. Կորն. 10։21) Անիկա պիտի զօրացնէ մեր վճռակամութիւնը թէ՝ Եհովայի մատուցած մեր պաշտամունքը մեր կեանքին առաջնագոյն տեղը պէտք է գրաւէ։ (Սաղմ. 27։4) Շրջանային տեսուչին բաժինը նկատի պիտի առնէ ժողովներու ներկայ գտնուելու նկատմամբ «Մեր Սրտին Հակումները Քննենք» նիւթը։ Այցելու դասախօսը ցոյց պիտի տայ թէ ի՛նչպէս կրնանք ‘Մեր Հոգեւորականութիւնը Պահպանել Եհովայի Սեղանէն Կերակրուելով’։ Եհովայի կազմակերպութեան մէջ եղող պատանիներուն ալ գործնական քաջալերութիւն պիտի տրուի, որպէսզի Աստուծոյ ծառայութեան մէջ հաստատ մնան։ Այցելու դասախօսին գլխաւոր դասախօսութեան բնաբանն է՝ «Հոգեւորապէս Զօրացած՝ Համարձակօրէն Վկայելու Համար», որ ցոյց պիտի տայ թէ ժողովքին միջոցաւ եղած հայթայթումները մեզ կը զինեն որ Թագաւորութեան մասին խիզախօրէն վկայենք։ Ո՞վ պիտի չուզէ այս յայտագրէն օգտուիլ։
Մկրտուիլ փափաքող նոր նուիրուած անհատներ, վերակացու տեսուչը տեղեակ պէտք է պահեն կարելի եղածին չափ շուտով։ Վստահ ենք որ մինչ միօրեայ մասնաւոր համաժողովի կարգադրութեան 12–րդ տարին կը սկսինք, բոլոր ներկայ գտնուողները իրենց դիմաց եղած գործունէութեան նկատմամբ հոգեւորապէս պիտի ոգեւորուին։