Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր
Սեպտեմբերէն սկսեալ, միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին բնաբանն է՝ «Ամէն Բան Բարի Լուրին Համար Ընենք»։ (Ա. Կորն. 9։23, ՆԱ) Ներկայիս, Թագաւորութեան բարի լուրը լսուած ամենակարեւոր լուրն է։ Յայտագիրը պիտի օգնէ մեզի որ գնահատենք այս հոյակապ լուրը կրողները ըլլալու մեր ունեցած յատուկ առանձնաշնորհումը։ Անիկա նաեւ պիտի քաջալերէ մեզ որ շարունակենք բարի լուրը յայտարարել, առանց թուլնալու։—Գործք 5։42
Յայտագիրը մեզի ցոյց պիտի տայ ի՛նչպէս լիովին օգտագործենք մեր աստուածպետական մարզումը, որպէսզի կարենանք ծառայութեան մէջ լաւագոյնը իրագործել։ Մտիկ պիտի ընենք ոմանց, որոնք իրենց ծառայութիւնը ընդլայնելու համար վերաճշդումներ ըրած են, մէջը ըլլալով պատանիներու, որոնք իրենց ամէն ունեցածը կու տան բարի լուրին տարածման համար։—Բաղդատել՝ Փիլիպպեցիս 2։22, ՆԱ։
Գլխաւոր դասախօսութիւնը, որ պիտի ներկայացուի այցելու դասախօսի մը կողմէ, պիտի շեշտէ բարի լուրը մեզի վստահուելու որակելի մնալու կարիքը։ (Ա. Թես. 2։4) Ցոյց պիտի տրուի որ բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելու առանձնաշնորհումը պահելու համար, պէտք է շարունակ մեր մտածելակերպին եւ վարքին մէջ Աստուծոյ պահանջներուն եւ չափանիշներուն գոհացում տանք։ Ասիկա ընելով մեր քաղած օրհնութիւններն ալ աչքառու պիտի դարձուին։
Մի՛ փախցնէք այս կենսական յայտագիրը։ Նոր նուիրուած անհատներ, որոնք կը փափաքին միօրեայ մասնաւոր համաժողովին մկրտուիլ, վերակացու տեսուչին անմիջապէս տեղեակ պէտք է պահեն։ Հրաւիրեցէք բոլոր այն անհատները, որոնց հետ կ’ուսումնասիրէք։ Թոյլ տանք որ Եհովա զօրացնէ մեզ որ ամէն բան բարի լուրին համար ընենք եւ այսպէս ամբողջացնենք՝ Արմագեդոնէն առաջ ըլլալիք մեծագոյն գործը։