‘Ատենին տրուած կերակուր’
1. Ընթացիկ միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագիրը ինչպէ՞ս օգնեց քեզի եւ ուրիշներուն։
1 Մեր միօրեայ մասնաւոր համաժողովին ներկայ գտնուելէ ետք, յաճախ կ’ըսենք. «Ճիշդ ասոր պէտք ունէինք»։ Շրջանային տեսուչ մը տեղեկագրեց, թէ ընթացիկ յայտագիրը ունկնդրելէ ետք, իր շրջանէն ոմանք փափաք յայտնեցին, որ ծառայութեան մէջ իրենց բերած բաժինը աւելցնեն։ Ճամբորդող տեսուչ մը ըսաւ. «Անիկա մեզի օգնեց յստակօրէն խորհելու, թէ ժամանակի հոսանքին մէջ ո՛ւր կը գտնուինք, մինչ կեանքի մէջ մեր ընտրութիւնները աչքէ կ’անցընենք»։ Ուրիշ մը աւելցուց. «Կարգ մը հրատարակիչներ արտայայտուեցան, թէ ասիկա զիրենք զգաստացուց, որպէսզի վստահ ըլլան թէ կը կեդրոնանան ամենակարեւոր բանին վրայ,– ծառայութիւնը»։ Միօրեայ մասնաւոր համաժողովը ինչպէ՞ս օգնեց քեզի։
2. Յառաջիկայ ծառայութեան տարուան ընթացքին, յայտագիրը ի՞նչ նիւթեր նկատի պիտի առնէ։
2 Յառաջիկայ ծառայութեան տարուան յայտագիրն ալ ճիշդ մեզի հարկ եղածը պիտի հայթայթէ։ Բնաբանն է՝ «Եհովայի ապաւինեցէ՛ք», առնուած՝ Սաղմոս 118։8, 9–էն։ Ահաւասիկ քննարկուելիք կարգ մը նիւթեր. «Եհովա ինչպէ՛ս նեղութեան ժամանակներուն մէջ ամրոց է», «Ուրիշներուն օգնեցէք Եհովայի թեւերուն տակ ապաստան գտնելու», «Եհովան ընդօրինակեցէք՝ ապաստան հայթայթելով», «Պատանինե՛ր, Եհովայի վստահեցէք» եւ «Մեր հոգեւոր դրախտը. Եհովայի կողմէ տրուած ապաստան է»։
3. Ներկայ գտնուելով ինչպէ՞ս կրնանք լիովին օգտուիլ։
3 Օգտուելու համար։ Անգամ մը որ թուականը ծանուցանուի, ներկայ գտնուելու համար հաստատ ծրագիրներ ըրէ եւ Աստուածաշունչի աշակերտներդ ալ հրաւիրէ։ Որպէսզի ‘համբերութիւնով պտուղ տանք’, մեր լսածը պէտք է մտաբերենք (Ղուկ. 8։15)։ Ուստի ուշադրութեամբ յայտագիրը ունկնդրէ, եւ հակիրճօրէն նոթագրէ գլխաւոր կէտերը եւ այն ցուցմունքները, զորս կը ծրագրես գործադրել կեանքիդ ու ծառայութեանդ մէջ։ Համաժողովէն ետք ժամանակ յատկացուր՝ ընտանեօք յայտագիրը քննարկելու, եւ նկատի առ մասնայատուկ կերպեր, որոնցմով դուն ու ընտանիքդ կրնաք տեղեկութիւնները կիրարկել։
4. Ինչո՞ւ անձկալից կը սպասենք յառաջիկայ միօրեայ մասնաւոր համաժողովին։
4 Համով ու սննդարար ճաշի մը նման, այս տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովը շատ սիրով ու կանխամտածումով պատրաստուած է։ Եհովա օրհնէ ջանքերդ ներկայ գտնուելու եւ օգտուելու ‘ատենին տրուած կերակուրէն’, որ քրիստոնեայ քարոզիչները հոգեւորապէս կը սնուցանէ (Մատ. 24։45)։