Միօրեայ Մասնաւոր Համաժողովի Նոր Յայտագիր
Եթէ ազդարարութեան նշան մը տեսնենք կամ լսենք եւ ըստ այնմ չգործենք, հետեւանքը կրնայ աղիտալի ըլլալ։ Ա՛լ աւելի կարեւոր է Եհովայի հայթայթած հոգեւոր ուղղութեան հետեւիլ։ Յառաջիկայ ծառայութեան տարուան միօրեայ մասնաւոր համաժողովի յայտագրին մէջ ասիկա պիտի շեշտուի։ Անոր բնաբանն է՝ «Նայեցէք թէ Ի՛նչպէս կը Լսէք»։—Ղուկ. 8։18
Իր առաջին դասախօսութեան մէջ, այցելու դասախօսը պիտի բացատրէ թէ Եբրայեցիներուն յղած Պօղոսի ներշնչեալ նամակին առաջին գլուխներուն բովանդակած խրատները ի՛նչպէս կը կիրարկուին մեզի։ «Աստուածային Հրահանգներուն Միշտ Ուշադրութիւն Ընծայեցէք» խորագրով իր եզրափակիչ դասախօսութեան մէջ, ան բոլորին պիտի օգնէ որ քննեն թէ իրապէս մտիկ կ’ընե՞նք Եհովայի, իր Որդիին եւ «հաւատարիմ ու իմաստուն ծառայ»ին։—Մատթ. 24։45
Յայտագրին մէջ մի քանի բաժիններ յատկապէս օգտակար պիտի ըլլան ընտանիքներուն։ «Առանց Զբաղումի Աստուծոյ Խօսքը Մտիկ Ընող Ընտանիքներ» խորագրով դասախօսութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ թոյլ չտանք աշխարհի բաներուն որ մեր հոգեւորականութիւնը խեղդեն։ Անիկա պիտի պարփակէ հարցազրոյցներ անոնց հետ, որ փոփոխութիւններ ըրած են՝ հոգեւոր բաները առաջին տեղը դնելու համար։ «Աստուծոյ Խօսքը Ուշի Ուշով Մտիկ Ընելը կ’Ամրացնէ Մեր Պատանիները» խորագրով դասախօսութիւնը պիտի պարփակէ հարցազրոյցներ պատանիներու հետ, որ իրենց տարեկիցներուն առջեւ, դպրոցը կամ ծառայութեան մէջ, ճշմարտութեան կողքին դիրք բռնած են։ «Աստուծոյ Մտիկ Ընող ու Սորվող Երախաներ» բնաբանով դասախօսութիւնը մեզի պիտի օգնէ որ երախաներուն սորվելու կարողութիւնը չթերագնահատենք։ Երախաներուն ու իրենց ծնողներուն հետ հարցազրոյց ունենալը ցոյց պիտի տայ այն օգուտները որ յառաջ կու գան երախաները իրենց մանկութենէն Եհովայի ուղիներուն մէջ մարզելէ։
Մինչ Սատանան ‘բոլոր աշխարհ կը մոլորեցնէ’, Եհովա իր հաւատարիմ ծառաներուն ցոյց կու տայ այն ճամբան, որուն մէջ պէտք է քալեն։ (Յայտ. 12։9. Եսայ. 30։21) Իր խրատները ուշի–ուշով մտիկ ընելը եւ մեր կեանքին մէջ գործադրելը, մեզ իմաստուն կը դարձնէ, մեզի երջանկութիւն կը բերէ եւ յաւիտենական կեանքի կ’առաջնորդէ։—Առ. 8։32-35