Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • թծ 3/03 էջ 3-6
  • Բարին Գործելու Նախանձախնդիր Եղէք

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Բարին Գործելու Նախանձախնդիր Եղէք
  • Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
  • Նոյնանման նիւթեր
  • ‘Աստուծոյ Խօսքը Լման Քարոզենք’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2002)
  • ‘Բարի լուրին մասին լիակատար վկայութիւն տուր’
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2008)
  • Շարունակեցէք Եհովայի Սքանչելիքներուն Մասին Պատմել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2004)
  • Կրնա՞նք 2000–ի Ապրիլը Ցարդ Եղած Մեր Լաւագոյն Ամիսը Ընել
    Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2000)
Տես աւելին
Մեր Թագաւորութեան ծառայութիւնը (2003)
թծ 3/03 էջ 3-6

Բարին Գործելու Նախանձախնդիր Եղէք

1 Մինչ 2003 տարուան Յիշատակատօնի շրջանը կը թեւակոխենք, «բարին գործելու նախանձախնդիր» ըլլալու շատ պատճառներ ունինք։ (Ա. Պետ. 3։13, Անթիլիաս) Անոնց առաջնագոյնը Յիսուս Քրիստոսի փրկանքի զոհն է։ (Մատթ. 20։28. Յովհ. 3։16) Այս ուղղութեամբ, Պետրոս առաքեալ գրեց. «Դուք ո՛չ թէ ապականացու արծաթով կամ ոսկիով փրկուեցաք . . . հապա Քրիստոսին պատուական արիւնովը՝ որպէս թէ անբիծ ու անարատ գառի մը»։ (Ա. Պետ. 1։18, 19) Սիրոյ այս բացառիկ արտայայտութիւնը մեզ կը մղէ որ բարիք ընելով զբաղինք, գիտակցելով թէ Յիսուս «իր անձը մեզի համար տուաւ, որպէս զի մեզ ամէն անօրէնութենէ ազատէ ու մաքրէ, իրեն սեփական ժողովուրդ ընէ՝ բարի գործերու նախանձախնդիր»։—Տիտ. 2։14. Բ. Կորն. 5։14, 15

2 Երբ Աստուծոյ աչքին հաճոյ եղածը ընենք, իր հետ լաւ յարաբերութիւն մը կը վայելենք եւ իր սիրազեղ հոգատարութեան ու հսկողութեան ներքեւ կու գանք։ Պետրոս շարունակեց ըսել. «Ան որ կ’ուզէ կեանքը սիրել ու բարի օրեր տեսնել, . . . թող չարութենէ ետ քաշուի ու բարութիւն ընէ, թող խաղաղութիւն փնտռէ եւ անոր ետեւէն երթայ։ Վասն զի Տէրոջը աչքերը արդարներուն վրայ են ու իր ականջները՝ անոնց աղօթքին. բայց Տէրոջը երեսը չարագործներուն դէմ է»։ (Ա. Պետ. 3։10-12) Այս վտանգաւոր ժամանակներուն, ի՜նչ օրհնութիւն է գիտնալ թէ Եհովա մեր վրայ կը հսկէ եւ պատրաստ է մեզի ի նպաստ գործի անցնելու, մեզ «իր աչքին բիբին պէս պահելու» համար։—Բ. Օր. 32։10. Բ. Մնաց. 16։9

3 Ի հեճուկս իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, նախկին Քրիստոնեաները որոնց Պետրոս գրեց, անմար նախանձախնդրութեամբ վառուած էին եւ բարի լուրը կարելի եղածին չափ ընդարձակօրէն ծանուցանեցին։ (Ա. Պետ. 1։6. 4։12) Նոյնը կրնայ ըսուիլ ներկայիս Աստուծոյ ժողովուրդին մասին։ Թէեւ «չար ժամանակներ»ու մէջ կ’ապրինք, բայց Եհովայի բարութեան հանդէպ մեր գնահատութիւնը մեզ կը մղէ նախանձախնդրաբար Աստուծոյ կամքը կատարելու։ (Բ. Տիմ. 3։1. Սաղմ. 145։7) Նկատի առնենք այն կարգ մը բարի գործերը, որոնցմով զբաղուած պիտի ըլլանք այս Յիշատակատօնի շրջանին։

4 Ուրիշները Յիշատակատօնին Հրաւիրեցէք. Փրկանքի արտակարգ պարգեւին հանդէպ մեր գնահատութիւնը ցոյց տալու կերպերէն մէկն է՝ Յիսուսի մահուան տարեկան Յիշատակատօնին ներկայ գտնուիլ, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի՝ Ապրիլ 16–ին, արեւնամուտէն ետք։ (Ղուկ. 22։19, 20) Անցեալ տարի, համայն աշխարհի մէջ գտնուող 94,600 ժողովքները տեղեկագրեցին թէ ներկաներուն ընդհանուր թիւն էր՝ 15,597,746։ Ասիկա առջի տարուան ներկաներու թիւէն աւելի քան 220,000 էր։

5 Այս տարի քանի՞ հոգի ներկայ պիտի ըլլայ։ Շատ բան կախում պիտի ունենայ մեր ժրաջան ջանքերէն, որ ուրիշները քաջալերենք մեր հետ ներկայ գտնուելու։ Նախ ցանկ մը պատրաստեցէք թէ որո՛նք կ’ուզէք հրաւիրել։ Ցանկին առաջին անունները ձեր ընտանիքի անդամներուն անունները պէտք է ըլլան։ Եթէ անհաւատ ամուսին մը ունիք, սրտանց յայտնեցէք թէ կը փափաքիք որ ան ներկայ գտնուի։ Անհաւատ ամուսին մը ըսաւ թէ ինք անցեալ տարի Յիշատակատօնին ներկայ գտնուեցաւ, քանի որ նկատեց թէ իր ներկայութիւնը իր կնոջ համար մեծ նշանակութիւն ունէր։ Ձեր ցանկին վրայ աւելցուցէք ազգականներ, դրացիներ, գործակիցներ կամ դասընկերներ։ Մի՛ մոռնաք ձեր Աստուածաշունչի աշակերտները հրաւիրելու։

6 Ձեր ցանկը պատրաստելէ ետք, ժամանակ որոշեցէք իւրաքանչիւրը անհատապէս հրաւիրելու համար։ Մինչ Ապրիլ 16–ը կը մօտենայ, ձեր ցանկին վրայ եղողներուն վերյիշեցում մը ըրէք, կա՛մ անձնապէս եւ կամ հեռաձայնով։ Թող որ կարելի եղածին չափ շատ անհատներու օգնենք որ այս ամենէն սրբազան տօնակատարութեան ներկայ գտնուին։

7 Յիշատակատօնին Ներկայ Եղողներուն Օգնեցէք. Յիշատակատօնի գիշերը միշտ ոգեւորիչ ժամանակ մըն է։ Առիթը ունինք բարի գալուստ մաղթելու անհատներու, որոնք սովորաբար մեր ժողովներուն ներկայ չեն ըլլար։ Կարգադրութիւններ ըրէք կանուխ գալու եւ ուշ երթալու, ինչպէս տեղական պարագաները թոյլ կու տան։ Նախաքայլը առէք նորեկներուն հետ ծանօթանալու։ Ջերմ ու հիւրասէր եղէք։—Հռովմ. 12։13

8 Կարելի՞ է որ Յիշատակատօնին ներկայ եղողներէն ոմանց օգնութիւն տրուի որ հոգեւորապէս աւելի յառաջդիմեն տան սուրբ գրային ուսումնասիրութեան մը միջոցաւ։ Ջանացէք ձեռք ձգել այն այցելուներուն անուններն ու հասցէները, որոնց ներկայիս մէկը չ’այցելեր, որպէսզի կարենաք անոնց հոգ տանիլ։ Սիրալիր օգնութեամբ, անոնցմէ ոմանք կրնան յառաջդիմել եւ որակելի ըլլալ որպէս չմկրտուած հրատարակիչներ, յաջորդ տարուան Յիշատակատօնէն առաջ։ Երբ Յիշատակատօնի ներկաներուն վերայցելութիւններ կ’ընէք, զիրենք հրաւիրեցէք որ Ապրիլ 27–ին ներկայացուելիք մասնաւոր դասախօսութեան ներկայ գտնուին։

9 Այս Գարնան Կրնա՞ք Օժանդակ Ռահվիրայութիւն Ընել. Ամէն տարի Եհովայի հանդէպ մեր նախանձախնդրութիւնը մեզ կը մղէ որ ծառայութեան մէջ ծանր աշխատինք, աստուածպետական գործունէութեան մասնայատուկ ամիսներու ընթացքին։ Յիշատակատօնի շրջանի ընթացքին նախանձախնդրաբար բարի լուրը քարոզելու ամբողջ ժողովքի մը միասնակամ ջանքերը կրնան սքանչելի արդիւնքներ տալ։

10 107 հրատարակիչներ եւ 9 կանոնաւոր ռահվիրաներ ունեցող ժողովք մը տեղեկագրեց թէ անցեալ Ապրիլին «բացառիկ ամիս» մը ունեցան. 53 օժանդակ ռահվիրաներ կային, բոլոր երէցներն ու օգնական ծառաները ներառեալ։ Երէցները այդ ամիս օժանդակ ռահվիրայութեան հանդէպ ի՞նչպէս խանդավառութիւն կերտեցին։ Անոնք կանուխէն սկսան կարելի եղածին չափ շատ անհատներ քաջալերել որ ռահվիրայութեան ձեռնարկեն։ Օրուան տարբեր ժամերուն դաշտի ծառայութեան ժողովներ կարգադրեցին, ժողովքին բոլոր անդամներուն յարմարելու համար։ Մասնաւոր շեշտ դրուեցաւ հեռաձայնով վկայելու վրայ, մանաւանդ անկարող հրատարակիչներուն պարագային։

11 86 տարեկան քոյր մը, որ առողջապահական խնդիրներու պատճառաւ քալելու կարող չէր, օժանդակ ռահվիրայութեան դիմումնագիր ներկայացուց։ Առաւօտները, խոհանոցի սեղանին շուրջ նստած, ան քանի մը ժամ հեռաձայնով կը վկայէր, ապա մի քանի ժամ կը հանգչէր, ետքը նորէն խոհանոց կու գար եւ քիչ մը եւս կը վկայէր։ Իր հեռաձայնած մէկ անհատը անցեալ երկու տարիներու ընթացքին կորսնցուցած էր իր ամուսինը եւ երկու պատանի տղաքը, եւ չէր հասկնար թէ Աստուած ինչո՛ւ թոյլ կու տայ որ այսպիսի չար բաներ պատահին։ Լաւ վկայութիւն մը տրուեցաւ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսուեցաւ։ Երեկոները եւ այլ ժամեր հեռաձայնով վկայելը ազդու միջոց մըն է՝ անմերձենալի շէնքերու կամ վայրերու մէջ բնակող անհատներու հետ խօսելու համար։ Անիկա հրատարակիչները կարող կը դարձնէ նաեւ որ օրուան ընթացքին տունը չեղող անհատներուն հետ շփման մէջ գան։

12 Երէցները իրենց տեղեկագրութիւնը եզրափակեցին՝ ըսելով. «Հոյակապ ժամանակ մը անցուցինք, եւ կը գնահատենք այն առանձնաշնորհումներն ու օրհնութիւնները, զորս Եհովա կարելի դարձուցած է իւրաքանչիւրիս համար»։ Պատշաճօրէն ծրագրելով, ձեր ժողովքն ալ կրնայ այսպիսի օրհնութիւններ վայելել։

13 Ջանացէք Ծառայութեան Մէջ 100 Տոկոս Մասնակցութիւն Բերել. Աստուծոյ ու դրացիի հանդէպ մեր սէրը մեզ կը մղէ ամէն ամիս ժամանակ ծախու առնելու, բարի լուրը ուրիշներու հետ բաժնելու համար։ (Մատթ. 22։37-39) Ժողովքի Գրքի Ուսումնասիրութեան տեսուչները եւ անոնց օգնականները պէտք է ջանան իրենց խումբի անդամներուն աջակցիլ, որ ամէն ամիս ծառայութեան մասնակցին։ Ասիկա ընելու լաւ կերպ մըն է, խումբի որոշ անդամներու հետ ծառայելու համար կանխաւ կարգադրութիւններ ընելը։ Փոխանակ սպասելու մինչեւ ամսուան վերջը որ ասիկա ընէք, ամսուան սկիզբէն սկսեցէք։ Ասիկա աւելի առիթներ պիտի ընծայէ, որ սիրալիր օգնութիւն հայթայթէք։

14 Ձեր գրքի ուսումնասիրութեան խումբին մէջ անկարող հրատարակիչներ կա՞ն, որոնք ծառայութեան մասնակցելու մեծ դժուարութիւն ունին։ Եթէ ոմանք խնամատար հաստատութիւններու մէջ են կամ իրենց տունէն դուրս չեն կրնար ելլել, հասկնալի է որ վկայելու անոնց պատեհութիւնները սահմանափակ են։ Սակայն, իրենց լոյսը փայլեցնելու իրենց ունեցած սահմանափակ պատեհութիւնները օգտագործելով, անոնք կրնան իրենց բարի գործերը տեսնող անհատները մղել որ ճշմարտութեամբ հետաքրքրուին։ (Մատթ. 5։16) Գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչներ պէտք է վստահ ըլլան թէ այսպիսիներ գիտեն թէ կրնան դաշտի ծառայութեան մէջ իրենց տրամադրած իւրաքանչիւր 15 վայրկեանը տեղեկագրել։ Իրենց վկայած ժամանակը տեղեկագրելը կը քաջալերէ այս հաւատարիմ հրատարակիչները, եւ ուրախութիւն ու գոհունակութիւն կու տայ անոնց։ Անիկա նաեւ Աստուծոյ ժողովուրդի գործունէութիւններուն համաշխարհային տեղեկագրութեան ճշգրիտ ըլլալուն կը նպաստէ։

15 Բարին Գործելով Զբաղած Պատանիներ. Որքա՜ն կազդուրիչ է տեսնել որ Քրիստոնեայ դեռատիներ իրենց ոյժն ու կորովը կը գործածեն Եհովայի ծառայութեան մէջ։ (Առ. 20։29) Եթէ դեռատի մըն էք, ի՞նչպէս կրնաք Եհովայի հանդէպ ձեր նախանձախնդրութիւնը ցուցաբերել գործունէութեան այս մասնայատուկ ամիսներու ընթացքին։

16 Եթէ ժողովքին մէջ տակաւին չմկրտուած հրատարակիչ մը չէք, կրնա՞ք այդ առանձնաշնորհումին ձգտիլ։ Դուք ձեզի հետեւեալ հարցումները հարցուցէք. ‘Աստուածաշունչի ճշմարտութեան մասին հիմնական գիտութիւն ունի՞մ։ Թագաւորութեան ծառայութեան մէջ կ’ուզե՞մ բաժին բերել։ Օրինակելի վարք ունի՞մ։ Կրնա՞մ հաւատքիս մասին անձամբ արտայայտուիլ, ուրիշներուն բարի լուրին մասին խօսելով։ Սրտանց կը մղուի՞մ ասիկա ընելու’։ Եթէ այս հարցումներուն կրնաք այո՛ պատասխանել, ձեր ծնողներուն հետ խօսեցէք հրատարակիչ մը ըլլալու ձեր փափաքին մասին։ Ձեր ծնողները կրնան ծառայութեան յանձնախումբի երէցներէն մէկուն մօտենալ այս նիւթին առնչութեամբ։

17 Եթէ արդէն իսկ բարի լուրի քարոզիչ մըն էք, կրնա՞ք դպրոցի արձակուրդները օգտագործել ծառայութեան մէջ ձեր մասնակցութիւնը աւելցնելու համար։ Լաւ յայտագրով ու ծնողներու եւ ուրիշներու օգնութեամբ, շատ մը մկրտուած դեռատիներ կրցած են օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել։ Եթէ ասիկա կարելի չէ, որոշեցէք դաշտի ծառայութեան մէջ ձեր մասնակցութիւնը աւելցնել։ Նպատակակէտ մը դրէք։ Ծառայութեան մէջ ձեր ժամերը աւելցնելու նպատակակէտին կողքին, ձեր ծառայութեան որակը բարելաւելու նպատակակէտը դրէք։ Թերեւս ջանք թափէք որ իւրաքանչիւր դրան առջեւ համար մը կարդաք, ձեր վերայցելութիւններուն որակը բարելաւէք, Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը սկսիք, կամ ձեր ծառայութիւնը ընդարձակէք՝ հեռաձայնով վկայելը կամ ծառայութեան այլ երեսակ մը պարփակելով։ Ի՞նչ կ’ըսէք սա նպատակակէտին մասին. այս տարի Յիշատակատօնին ձեր հետ դրացի, դասընկեր կամ ազգական մը տանիք։ Աստուածպետական գործունէութիւններուն լիովին մասնակցիլը վարձահատոյց պիտի ըլլայ եւ վստահաբար ժողովքին միւս անդամները պիտի քաջալերէ։—Ա. Թես. 5։11

18 Նորեկներուն Օգնեցէք որ Յառաջդիմեն. Ծառայութեան անցեալ տարուան ընթացքին, Լիբանանի մէջ ամէն ամիս միջին հաշուով 1,707 տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւններ վարուեցան։ Ժամանակի ընթացքին, այս աշակերտներէն շատեր յառաջդիմելով պիտի նուիրուին ու մկրտուին։ Սակայն, այդ նպատակակէտին չհասած, անոնց պէտք է օգնենք որ որակելի ըլլան որպէս բարի լուրի հրատարակիչներ։ Ասիկա կարեւոր քայլ մըն է նորեկներուն սորվեցնելու համար որ Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներն ըլլան։ (Մատթ. 9։9. Ղուկ. 6։40) Աստուածաշունչի աշակերտ մը ունի՞ք որ այս քայլը առնելու պատրաստ է։

19 Եթէ ձեր աշակերտին յառաջդիմութենէն վստահ չէք, ձեր գրքի ուսումնասիրութեան տեսուչին կամ ծառայութեան տեսուչին օգնութիւնը խնդրեցէք։ Թերեւս զինք հրաւիրէք որ ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուի։ Այս եղբայրները աշակերտին հոգեւոր յառաջդիմութիւնը արժեւորելու մէջ բաւարար փորձառութիւն ունին։ Թերեւս անոնք թելադրութիւններ ունին, որոնք աշակերտին պիտի օգնեն որ շարունակէ հոգեւորապէս յառաջդիմել։

20 Երբ ձեր աշակերտը չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլալու նկատմամբ հետաքրքրութիւն արտայայտէ եւ կը խորհիք որ ան որակելի է, վերակացու տեսուչին հետ խօսեցէք։ Ան պիտի կարգադրէ որ երկու երէցներ ձեր եւ աշակերտին հետ հանդիպում մը ունենան, նկատի առնելու համար թէ ան որակելի է կամ ոչ, գործածելով Կազմակերպուած գրքին էջ 98-99–ի վրայ գտնուող տեղեկութիւնները։ (Տես՝ Դիտարան 1 Մայիս 1989, էջ 26։) Եթէ հաւանութիւն տրուի որ աշակերտը հրատարակիչ մը ըլլայ, պէտք է անմիջապէս անոր մարզումին ձեռնարկէք։ Անգամ մը որ ան դաշտի ծառայութեան տեղեկագիր մը ներկայացնէ, ժողովքին պիտի ըսուի որ աշակերտը չմկրտուած հրատարակիչ մըն է։ Կը յուսանք որ հազարաւոր նոր հրատարակիչներ, երիտասարդ թէ տարեց, կարենան իրենց հոգեւոր յառաջդիմութեան այս կարեւոր հանգրուանին հասնիլ, գործունէութեան այս մասնայատուկ ամիսներու ընթացքին։

21 Ծրագրելը կ’Օգնէ Լաւագոյն Բարիքը Իրագործելու. Կանխաւ ծրագրելը այս Յիշատակատօնի շրջանին մեր աստուածպետական գործունէութիւններուն յաջողութեան պիտի նպաստէ։ (Առ. 21։5) Շատ հարցեր կան, որոնց երէցները ուշադրութիւն պէտք է ընծայեն։

22 Ժողովքին օգնելու համար որ դաշտի ծառայութեան մէջ լաւագոյնը իրագործեն, երէցները գործնական կարգադրութիւններ պէտք է ընեն, բոլոր շաբթուան օրերուն եւ շաբաթավերջերուն դաշտի ծառայութեան ժողովներ յայտագրելով։ Ծառայութեան տեսուչը այս կարգադրութիւնները ընելու մէջ առաջնորդութիւնը պէտք է առնէ։ Կարելի՞ է յաւելեալ հաւաքավայրեր յայտագրել առտուան կանուխ ժամերուն, յետմիջօրէի ուշ ժամերուն կամ երեկոյեան ժամերուն համար։ Ժողովքը այս կարգադրութիւններէն տեղեակ պէտք է պահուի։

23 Երէցները պէտք է վստահ ըլլան որ Յիշատակատօնին վերաբերեալ կարգադրութիւնները Ապրիլ 16–էն բաւական առաջ եղած են։ Ասիկա կը պարփակէ Թագաւորութեան Սրահին գործածութեան նկատմամբ հոն հաւաքուող միւս ժողովքներուն հետ համագործակցութիւնը, Թագաւորութեան Սրահին մաքրութիւնը, հիւրընկալներուն ու խորհրդանիշերը հրամցնողներուն ընտրութիւնը, եւ խորհրդանիշերուն պատրաստութիւնը։ Ժողովքը տեղեակ պէտք է ըլլայ Յիշատակատօնին ժամէն ու վայրէն եւ այդ շաբթուան ժողովներու յայտագրին մէջ եղած փոփոխութիւններէն։ Այս բաներուն ժրաջանօրէն հոգ տանիլը թոյլ պիտի տայ որ տօնակատարութիւնը ‘վայելչութեամբ եւ կարգաւ ըլլայ’։—Ա. Կորն. 14։40

24 Ընտանիքներու գլուխները թերեւս փափաքին իրենց ընտանեկան ուսումնասիրութեան տրամադրուած ժամանակէն մաս մը յատկացնել նկատի առնելու համար թէ ընտանիքը ի՛նչպէս կրնայ Յիշատակատօնի շրջանին յաւելեալ գործունէութեան մասնակցիլ։ Արդեօք ձեր ամբողջ ընտանիքը կրնա՞յ օժանդակ ռահվիրայութեան ձեռնարկել։ Կամ՝ ընտանիքը կրնա՞յ թիկունք կանգնիլ մէկ կամ աւելի անդամներու որ օժանդակ ռահվիրայ ըլլան։ Եթէ ասիկա կարելի չէ, որպէս ընտանիք մասնայատուկ նպատակակէտեր դրէք որ ծառայութեան աւելի ժամանակ յատկացնէք։ Ձեր ընտանիքին մէջ կա՞յ անչափահաս մէկը որ, քիչ մը քաջալերութեամբ եւ օգնութեամբ, կրնայ որակելի ըլլալ որպէս չմկրտուած հրատարակիչ մը։ Ձեր ընտանիքը այս տարի քանի՞ հոգի կրնայ հրաւիրել Յիշատակատօնին։ Լաւ ծրագիրներ ընելը բազմաթիւ օրհնութիւններ եւ ուրախութիւն պիտի բերէ ձեր ընտանիքին։

25 Մնացած Ժամանակէն Լիովին Օգտուեցէք. Առաջին դարու Քրիստոնեաներուն գրելով, Պետրոս առաքեալ անոնց յիշեցուց ժամանակներուն ստիպողական ըլլալը, քանի որ հրէական իրերու դրութեան վախճանը մօտեցած էր։ (Ա. Պետ. 4։7) Ներկայիս, բոլոր ապացոյցները կը նշեն թէ ներկայ իրերու երկրածաւալ դրութեան վախճանը վերահաս է։ Մեր կենցաղը ամէն օր այս համոզումը պէտք է արտացոլացնէ։ Որպէս Եհովայի նախանձախնդիր ծառաներ, բարի լուրը ծանուցանելու ստիպողական գործին վրայ պէտք է կեդրոնանանք։—Տիտ. 2։13, 14

26 Նախանձախնդիր ըլլալու եւ գործի լծուելու ժամանակը հիմա՛ է։ Խոկացէք թէ Եհովա ձեզի, ձեր ընտանիքին եւ ձեր ժողովքին համար ի՛նչ բաներ ըրած է։ Թէեւ երբեք չենք կրնար իրեն հատուցանել մեզի ի նպաստ իր ըրած բազմաթիւ բաներուն համար, բայց կրնանք Եհովայի բոլորանուէր պաշտամունք մատուցանել։ (Սաղմ. 116։12-14) Մեր ժրաջան ջանքերը պիտի վարձատրուին Եհովայի օրհնութիւններով։ (Առ. 10։22) Թող որ բոլորս ալ «բարին գործելու նախանձախնդիր» ըլլանք յաւելեալ գործունէութեան այս մասնայատուկ ժամանակաշրջանին, «որպէս զի ամէն բանի մէջ Աստուած փառաւորուի Յիսուս Քրիստոսին ձեռքով»։—Ա. Պետ. 3։13. 4։11

[Շրջանակ՝ էջ 3]

Յիշատակատօնի Ներկաներուն Թիւը Համայն Աշխարհի Մէջ

1999 14,088,751

2000 14,872,086

2001 15,374,986

2002 15,597,746

[Շրջանակ՝ էջ 4]

Որո՞նք Պիտի Հրաւիրէք Յիշատակատօնին

□ Ընտանիքի անմիջական անդամներ եւ ազգականներ

□ Դրացիներ եւ ծանօթներ

□ Գործակիցներ եւ դասընկերներ

□ Վերայցելութիւններ եւ Աստուածաշունչի աշակերտներ

[Շրջանակ՝ էջ 5]

Յիշատակատօնին Ներկայ Գտնուողներուն Օգնեցէք

□ Ջերմ ընդունելութիւն ցուցաբերեցէք

□ Շուտով վերայցելեցէք

□ Անոնց Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը առաջարկեցէք

□ Զիրենք մասնաւոր դասախօսութեան հրաւիրեցէք

[Շրջանակ՝ էջ 6]

Յիշատակատօնի Շրջանին Համար Ձեր Նպատակակէտերը Ի՞նչ Են

□ Ձեր հրաւիրած անհատին օգնել որ Յիշատակատօնին ներկայ գտնուի

□ Բարի լուրի հրատարակիչ մը ըլլալու որակելի ըլլալ

□ Ծառայութեան որոշ ժամեր տրամադրել

□ Ծառայութեան որոշ մէկ երեսակին մէջ բարելաւուիլ

□ Որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել