Շարունակեցէք Եհովայի Սքանչելիքներուն Մասին Պատմել
1. Եհովայի ո՞ր սքանչելիքները յատկապէս կը գնահատէք։
1 Մեր մեծ Աստուածը՝ Եհովան՝ կարելի չէ ոեւէ մէկու հետ համեմատել։ Դաւիթ գրեց. «Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ . . . Քեզի պէս ո՞վ կայ»։ (Սաղմ. 40։5. 71։19) Եհովայի սքանչելիքները կը պարփակեն տիեզերքի ստեղծագործութիւնը, Մեսիական Թագաւորութիւնը, իր ժողովուրդին հանդէպ հաւատարիմ սիրոյ արարքներ, եւ քարոզչութեան համաշխարհային արշաւը։ (Սաղմ. 17։7, 8. 139։14. Դան. 2։44. Մատթ. 24։14) Եհովայի հանդէպ սէրը եւ իր ըրած բոլոր բաներուն հանդէպ գնահատութիւնը մեզ կը մղեն ուրիշներու խօսելու իր մասին։ (Սաղմ. 145։5-7) Մարտ, Ապրիլ ու Մայիս ամիսներու ընթացքին, ասիկա աւելի լիովին ընելու պատեհութիւնը պիտի ունենանք։
2. Օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելով ի՞նչպէս անձամբ կ’օգտուինք։
2 Որպէս Օժանդակ Ռահվիրայ. Կրնա՞ք ձեր յայտագիրը ճշդել որ ծառայութեան 50 ժամ յատկացնէք այս մասնայատուկ գործունէութեան մէկ կամ աւելի ամիսներու ընթացքին։ Վստահաբար ձեր առօրեայ յայտագրին մէջ այս նպատակով որեւէ ճշդում ընելը կ’արժէ։ (Եփ. 5։16) Շատեր նկատած են թէ օժանդակ ռահվիրայութիւնը կ’օգնէ ծառայութեան որակը բարելաւելու։ Անոնք դռներուն առջեւ աւելի հանգիստ կը զգան եւ Աստուածաշունչը աւելի կը գործածեն։ Ծառայութեան մէջ աւելի ժամանակ անցընելը կը դիւրացնէ հետաքրքրուած անհատներուն հոգ տանիլը, իսկ ոմանք որ նախապէս Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւն մը չէին վարած, օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու միջոցին ուսումնասիրութիւն մը սկսած են։ Որովհետեւ օժանդակ ռահվիրայութիւնը կ’ընդգրկէ ուրիշներուն օգնելու համար մեր անձը տրամադրել, անիկա ուրախ գործունէութիւն մըն է։—Գործք 20։35
3. Ոմանք ի՞նչպէս կրցած են օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել, նոյնիսկ դժուար պարագաներու ներքեւ։
3 Շուտով մի՛ եզրակացնէք թէ ձեր պարագաները չեն թոյլատրեր որ անոր մէջ բաժին բերէք։ Երէց մը որ անցեալ տարի օժանդակ ռահվիրայութիւն ըրաւ, երկու զաւակ եւ լիաժամ գործ մը ունի։ Այս բազմազբաղ եղբայրը ի՞նչպէս կրցաւ օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել։ Քանի որ շաբթուան ընթացքին կ’աշխատի, ան ծրագրեց որ շաբաթավերջերուն երկար ժամեր ծառայէ, Շաբաթ օրերը կ.ա. 7։00–ին՝ փողոցի վկայութեամբ սկսելով։ Ժողովքին մէջ նոյնանման պարագաներ ունեցող շատեր նոյնպէս ռահվիրայ եղան, իրարու թիկունք կանգնելով եւ զիրար քաջալերելով։ Ուրիշ ժողովքի մը մէջ, 99 տարեկան քոյր մը որոշեց Մայիսին ռահվիրայ ըլլալ, ընդառաջելով միասին ռահվիրայութիւն ընելու իր աղջկան հրաւէրին։ Ժողովքի անդամները այս տարեց քրոջ հաշմակառքը հրելով, անոր օգնեցին որ դռնէ դուռ եւ Աստուածաշունչի ուսումնասիրութիւններու երթայ։ Ան նաեւ քարոզելու համար գործածեց հեռաձայնով վկայելը, փողոցի վկայութիւնը եւ նամակագրութիւնը։ Ան համոզուած է թէ ասիկա ըրաւ ո՛չ թէ իր ոյժով, այլ միայն՝ Եհովայի օգնութեամբ։—Եսայ. 40։29-31
4. Ո՞ր ազդակները կրնանք նկատի առնել, երբ օժանդակ ռահվիրայութեան յայտագիր մը կ’ընենք։
4 Փորձեցէք պատրաստել ձեր պարագաներուն լաւագոյնս յարմարող յայտագիր մը։ Այս թիւին մէջ թելադրուած յայտագիրները կրնան օգտակար ըլլալ։ Լիաժամ աշխատող մը կամ դպրոցակա՞ն մըն էք։ Ձեզի համար ամենէն գործնականը պիտի ըլլայ յայտագիր մը, որ գլխաւորաբար շաբաթավերջերը կ’օգտագործէ։ Եթէ առողջապահական խնդիրներ ունիք եւ ծառայութեան մէջ երկար ժամեր անցընելու կորովը չունիք, ամէն օր քիչ մը ժամանակ տրամադրելը կրնայ լաւագոյն յայտագիրը ըլլալ։ Օժանդակ ռահվիրայ ըլլալու ձեր փափաքին մասին ուրիշներու հետ խօսեցէք։ Թերեւս անոնք ալ զայն իրենց նպատակակէտը դարձնեն։
5. Դեռատիները ի՞նչ նպատակակէտեր կրնան դնել Մարտ, Ապրիլ ու Մայիս ամիսներուն համար։
5 Կերպեր՝ Որոնցմով Դեռատիներ Կրնան Մասնակցիլ. Եհովա կը հաճի երբ դեռատիներ իր սքանչելիքներուն մասին ուրիշներու խօսին։ (Սաղմ. 71։17. Մատթ. 21։16) Եթէ մկրտուած դեռատի մըն էք, թերեւս կրնաք օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել այն ամիսը, երբ դպրոցական արձակուրդ կ’առնէք։ Եթէ չէք կրնար որպէս օժանդակ ռահվիրայ ծառայել, կրնա՞ք այդ ամիսներուն ձեր մասնակցութիւնը աւելցնելու եւ ձեր ծառայութեան որակը բարելաւելու մասնայատուկ նպատակակէտեր դնել։ Եթէ ձեր ծնողքին հետ ծառայութեան կը մասնակցիք ու տակաւին չէք եղած չմկրտուած հրատարակիչ մը, հիմա յարմար ժամանակն է որ ջանաք որակելի ըլլալ։ Մի՛ խորհիք թէ Աստուածաշունչի հարցումներուն պատասխանելու մէջ հմուտ պէտք է ըլլաք կամ թէ ձեր գիտութիւնը պէտք է ըլլայ մկրտուած չափահասներուն ունեցածին չափ։ Աստուածաշունչի հիմնական ուսուցումները կը հասկնա՞ք։ Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշներուն կը կառչի՞ք։ Կը փափաքի՞ք ճանչցուիլ որպէս Եհովայի Վկայ մը։ Ուրեմն ասոր մասին խօսեցէք ձեր ծնողքին հետ։ Անոնք կրնան երէցներուն հետ խօսիլ, տեսնելու համար թէ պահանջներուն գոհացում կու տա՛ք թէ ոչ։—Տես՝ Կազմակերպուած գիրքը, էջ 98-99։
6. Ի՞նչպէս կրնանք Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնել որ բարի լուրի հրատարակիչներ դառնան։
6 Ուրիշներուն Օգնենք որ Քարոզեն. Աստուածաշունչի յառաջդիմող աշակերտներ կրնան որակելի ըլլալ մեզի միանալու որպէս հրատարակիչներ, մասնայատուկ գործունէութեան յառաջիկայ ամիսներու ընթացքին։ Եթէ լաւ յառաջդիմող Աստուածաշունչի աշակերտ մը ունիք, ձեր գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչին կամ ծառայութեան տեսուչին օգնութիւնը խնդրեցէք։ Անոնցմէ մէկը կրնայ ձեզի հետ անոր ուսումնասիրութեան ներկայ գտնուիլ, աշակերտին յառաջդիմութիւնը արժեւորելու համար։ Եթէ աշակերտը որակելի է եւ հրատարակիչ ըլլալու փափաքը ունի, վերակացու տեսուչը կրնայ կարգադրել որ երկու երէցներ ձեզի ու աշակերտին հետ հանդիպում մը ունենան։ (Տես՝ Դիտարան 1 Մայիս 1989, էջ 26։) Երբ աշակերտին հաւանութիւն տրուի, անմիջապէս սկսեցէք զինք մարզել ծառայութեան մէջ։
7. Ի՞նչպէս կրնանք անկանոն եւ անգործունեայ հրատարակիչներուն օգնել։
7 Գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչները պիտի ուզեն մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայել իրենց խումբին մէջ գտնուող ոեւէ անհատի որ անգործունեայ կամ անկանոն է։ Անձնապէս հրաւիրեցէք զանոնք որ ձեզի հետ ծառայութեան ելլեն։ Եթէ երկար ժամանակէ ի վեր անգործունեայ են, նախընտրելի է որ նա՛խ երկու երէցներ անոր հետ խօսին, վստահ ըլլալու համար թէ որակելի է։ (Տես՝ Նոյեմբեր 2000–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը։) Մասնայատուկ գործունէութեան այս ամիսներու ընթացքին ժողովքին ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը կրնայ զանոնք մղել որ ծառայութիւնը անգամ մը եւս իրենց կեանքին կանոնաւոր մէկ երեսակը դարձնեն։
8, 9. Երէցները ի՞նչ կրնան ընել այս մասնայատուկ գործունէութեան հանդէպ խանդավառութիւն կերտելու համար։
8 Յաւելեալ Գործունէութեան Համար Հիմա՛ Պատրաստուեցէք. Երէցնե՛ր, հիմակուընէ սկսեցէք ժողովքին մէջ օժանդակ ռահվիրայութեան հանդէպ խանդավառութիւն կերտել։ Ձեր դրական խօսքերով եւ լաւ օրինակով շատ բան կրնաք ընել։ (Ա. Պետ. 5։3) Ժողովքին օժանդակ ռահվիրաներու նախկին գագաթ թիւը ի՞նչ էր։ Կարելի՞ է այս տարի զայն գերազանցել։ Գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչներն ու անոնց օգնականները պէտք է կերպեր փնտռեն, իրենց խումբին բոլոր անդամները քաջալերելու որ իրենց ծառայութիւնը աւելցնեն։ Ծառայութեան տեսուչը կրնայ դաշտի ծառայութեան համար յաւելեալ ժողովներ յայտագրել։ Կանխաւ ժողովքը տեղեակ պահեցէք այս կարգադրութիւններէն։ Վստահ եղէք որ ատակ հրատարակիչներ առաջնորդութիւնը կ’առնեն, եւ թէ ծառայութեան ժողովները ժամանակին կը սկսին ու կը վերջանան։ (Տես՝ Սեպտեմբեր 2001–ի Մեր Թագաւորութեան Ծառայութիւնը թերթիկին Հարցումի Տուփը։) Ծառայութեան տեսուչը նաեւ պէտք է հոգ տանի որ բաւարար թաղամասեր, պարբերաթերթեր ու գրականութիւններ մատչելի ըլլան։
9 Անցեալ տարի, ժողովքի մը երէցները խանդավառութեամբ եւ բաւական ժամանակ առաջուընէ սկսան հրատարակիչները քաջալերել օժանդակ ռահվիրայութիւն ընելու, եւ իրենցմէ ոմանք դիմումնագիրներ ներկայացուցին։ Անոնք դաշտի ծառայութեան համար յաւելեալ ժողովներ կարգադրեցին, մէկը՝ կ.ա. 5։30–ին, փողոցի վկայութեան համար, ուրիշ մը՝ կ.ե. 3։00–ին, դպրոցական աշակերտներուն համար, իսկ երրորդ մը՝ կ.ե. 6։00–ին, գործաւորներուն համար։ Ասկէ զատ, Շաբաթ օրուան համար դաշտի ծառայութեան երեք ժողովներ կարգադրեցին։ Ժողովքին ընդառաջումն էր՝ 66 օժանդակ ռահվիրաներ Ապրիլին։
10. Ընտանիքներ ի՞նչպէս կրնան պատրաստուիլ իրենց գործունէութիւնը աւելցնելու։
10 Ձեր յաջորդ ընտանեկան ուսումնասիրութեան ընթացքին ինչո՞ւ ժամանակ չյատկացնէք, յառաջիկայ ամիսներուն համար իրատես նպատակակէտեր դնելու համար։ Լաւ համագործակցութեամբ ու ծրագրումով, ընտանիքի անդամներէն ոմանք կամ բոլորը կրնան օժանդակ ռահվիրայութիւն ընել։ Եթէ ասիկա կարելի չէ, ձեր գործունէութիւնը աւելցնելու նպատակակէտեր դրէք, ձեր ծառայութեան սովորական պահերը երկարելով կամ ուրիշ առիթներով ալ քարոզչութեան մասնակցելով։ Ընտանեօք այս նիւթին մասին աղօթեցէք։ Կրնաք վստահ ըլլալ որ Եհովա պիտի օրհնէ ձեր ջանքերը։—Ա. Յովհ. 3։22
11. (ա) Քրիստոսի զոհագործութիւնը ի՞նչ հոյակապ բաներ իրագործեց։ (բ) Ձեր ժողովքը ե՞րբ եւ ո՞ւր պիտի տօնակատարէ Յիշատակատօնը։
11 Աստուծոյ Ամենէն Հրաշալի Գործը. Եհովայի սիրոյն մեծագոյն արտայայտութիւնը իր Որդիին պարգեւն է, որպէս փրկանք մեզի համար։ (Ա. Յովհ. 4։9, 10) Փրկանքի զոհը մարդկութիւնը մեղքէն ու մահէն փրկելու օրինական հիմը կը հայթայթէ։ (Հռովմ. 3։23, 24) Յիսուսի թափուած արիւնը նոր ուխտը վաւերացուց, կարելի դարձնելով որ անկատար մարդիկ որպէս Աստուծոյ որդիներ որդեգրուին, երկնային Թագաւորութեան մէջ իշխելու հեռանկարով։ (Երեմ. 31։31-34. Մար. 14։24) Ամենէն կարեւորը, Յիսուսի կատարեալ հնազանդութեան ընթացքը Եհովայի անունը սրբացուց։ (Բ. Օր. 32։4. Առ. 27։11) Կիրակի՝ Ապրիլ 4–ին, արեւնամուտէն ետք, համայն աշխարհի մէջ Քրիստոսի մահուան Յիշատակատօնը պիտի տօնուի։
12. Տէրունական Ընթրիքի տօնակատարութեան ներկայ գտնուիլը, հետաքրքրուած անհատներուն ի՞նչպէս կրնայ օգտակար ըլլալ։
12 Տէրունական Ընթրիքին տօնակատարութիւնը Եհովայի սքանչելիքները կը պանծացնէ։ Դասախօսութիւնը գնահատութիւն կը կերտէ փրկանքը հայթայթելու համար Եհովայի ըրածներուն հանդէպ։ Ներկայ գտնուող հետաքրքրուած անհատները պիտի կարենան Աստուծոյ այլ սքանչելիքները տեսնել։ Անոնք պիտի տեսնեն այն միութիւնը եւ ջերմ սէրը որ Եհովա իր ժողովուրդին սորվեցուցած է ցուցաբերել։ (Եփ. 4։16, 22-24. Յակ. 3։17, 18) Այս կարեւոր առիթին ներկայ գտնուիլը կրնայ անհատին միտքը իրապէս տպաւորել, ուստի կ’ուզենք որ կարելի եղածին չափ շատ անհատներ ներկայ գտնուին։—Բ. Կորն. 5։14, 15
13, 14. Որո՞նք պէտք է հրաւիրենք Յիշատակատօնին, եւ ի՛նչպէս։
13 Ուրիշները Հրաւիրենք որ Ներկայ Գտնուին. Շուտով սկսեցէք ձեր հրաւիրելիք անհատներուն անուանացանկը պատրաստել։ Ձեր ցանկին մէջ պարփակեցէք՝ ընտանիքի անհաւատ անդամները, դրացիները, գործընկերները կամ դասընկերները, Աստուածաշունչի հին եւ նոր աշակերտները, եւ ձեր բոլոր վերայցելութիւնները։ Գիրքի ուսումնասիրութեան տեսուչները իրենց ցանկին մէջ պէտք է պարփակեն ոեւէ անգործունեայ հրատարակիչ։
14 Գործածեցէք Դիտարան 1 Ապրիլ 2004–ի թիւին ետեւի կողքին վրայ գտնուող հրաւէրը։ Մինչ Ապրիլ 4–ը կը մօտենայ, ձեր ցանկին վրայ եղողներուն վերյիշեցում մը ըրէք, կա՛մ անձնապէս եւ կամ հեռաձայնով։
15. Ի՞նչպէս կրնանք Յիշատակատօնի գիշերը հիւրասիրութիւն ցուցաբերել։
15 Յիշատակատօնին. Ջանացէք Յիշատակատօնի գիշերը կանուխ ժամանել։ Նորեկներուն ջերմ բարի գալուստ մաղթեցէք։ (Հռովմ. 12։13) Ձեր հրաւիրեալներուն հանդէպ յատուկ պատասխանատուութիւն մը ունիք։ Անոնց զգացուցէք թէ բարի եկած են, եւ զիրենք ժողովքի միւս անդամներուն ծանօթացուցէք։ Կրնաք անոնց օգնել որ ձեր մօտ նստին։ Իսկ եթէ Աստուածաշունչ չունին, հրաւիրեցէք որ ձեզի կամ ուրիշին հետ հետեւին։ Տօնակատարութենէն ետք, անոնց հարցումներուն պատասխանելու համար մատչելի եղէք։ Եթէ ոմանք առաջին անգամ ըլլալով ներկայ են, անոնց հարցուցէք թէ կը փափաքի՞ն Աստուծոյ Խօսքին ու նպատակներուն մասին աւելի գիտնալ։ Առաջարկեցէք անոնց հետ տան սուրբ գրային ուսումնասիրութիւն մը վարել։
16. Ի՞նչպէս կրնանք Յիշատակատօնին ներկայ գտնուողներուն օգնել որ հոգեւորապէս յառաջդիմեն։
16 Շարունակեցէք Ներկայ Եղողներուն Օգնել. Յիշատակատօնին յաջորդող շաբաթներուն, անոր ներկայ եղողները յաւելեալ օգնութեան կարիքը կրնան ունենալ։ Ասիկա կը պարփակէ՝ ատեն մը կանոնաւորաբար ժողովներու յաճախողները, որոնք այժմ ժողովքին հետ սահմանափակ ընկերակցութիւն ունին։ Երէցները արթուն պէտք է ըլլան որ այսպիսիներ չանտեսուին, ջանալով գիտնալ թէ անոնք ինչո՛ւ դադրեցան հոգեւորապէս յառաջդիմելէ։ Անոնց միտքին մէջ դրոշմեցէք ժամանակներուն ստիպողականութիւնը։ (Ա. Պետ. 4։7) Բոլորին օգնեցէք որ Աստուծոյ ժողովուրդին հետ կանոնաւորաբար հաւաքուելու սուրբ գրային յորդորին հնազանդելու օգուտները տեսնեն։—Եբր. 10։24, 25
17. Ինչո՞ւ Եհովայի սքանչելիքներուն մասին պէտք է շարունակենք պատմել։
17 Եհովայի գործերը չափազանց սքանչելի ըլլալով, պիտի չկարենանք զանոնք լիովին ըմբռնել, նոյնիսկ եթէ յաւիտեան ապրինք։ (Յոբ. 42։2, 3. Ժող. 3։11) Հետեւաբար, զինք փառաբանելու մեր պատճառները բնաւ պիտի չվերջանան։ Այս Յիշատակատօնի շրջանին Եհովայի սքանչելիքներուն հանդէպ մեր գնահատութիւնը կրնանք ցուցաբերել, մեր ծառայութիւնը ընդարձակելու համար մասնաւոր ջանք թափելով։
[Ցուցակ՝ էջ 5]
Կրնա՞ք Օժանդակ Ռահվիրայութիւն Ընել՝ Այս Յայտագիրներէն Մէկը Գործածելով
Մարտ Կ Բշ* Գշ* Դշ* Եշ Ու Շ Ընդհ. Գումար
Ամէն Օր 2 1 1 1 1 1 5 51
Երկու Օր 0 5 0 5 0 0 0 50
Շաբաթավերջեր 5 0 0 0 0 0 8 52
Շաբաթավերջեր եւ Երկու Օր 2 0 0 2 0 2 6 50
Ապրիլ Կ Բշ Գշ Դշ Եշ* Ու* Շ Ընդհ. Գումար
Ամէն Օր 2 1 1 1 1 1 5 50
Երկու Օր 0 0 0 0 5 5 0 50
Շաբաթավերջեր 5 0 0 0 0 0 8 52
Շաբաթավերջեր եւ Երկու Օր 2 0 0 2 0 2 6 50
Մայիս Կ* Բշ* Գշ Դշ Եշ Ու Շ* Ընդհ. Գումար
Ամէն Օր 2 1 1 1 1 1 4 51
Երկու Օր 0 5 0 0 0 0 5 50
Շաբաթավերջեր 3 0 0 0 0 0 7 50
Շաբաթավերջեր եւ Երկու Օր 2 0 0 2 0 2 5 51
* Ամսուան մէջ հինգ հատ